ՀԱՄԵՄԱՏԱԿԱՆԸ ԵՒ ԲԱՑԱՐՁԱԿԸ

Մար­դիկ կեան­քին ար­ժէ­քը կը դա­տեն եր­կու կեր­պով՝ հա­մե­մա­տա­կան եւ բա­ցար­ձակ ստու­գա­նի­շե­րով։

Բայց ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ կեան­քի ար­ժէ­քը պէտք է դա­տել հա­մե­մա­տա­կա­նի հա­շուով, եւ ո՛չ թէ բա­ցար­ձա­կի։ Խոր­հինք, թէ երբ մարդ կը յա­ջո­ղի իր կեան­քին կէ­սը ար­գա­սա­ւոր աշ­խա­տու­թեամբ ար­դիւ­նա­ւոր կեր­պով ան­ցը­նել, ար­դէն ար­ժէ­ցու­ցած է իր կեան­քը, քա­նի որ տա­սը մար­դոց­մէ ինն՝ նոյ­նիսկ ի­րենց ամ­բողջ կեան­քին մէկ չոր­րոր­դը ար­դիւ­նա­ւոր չեն ապ­րիր։

Մարդ­կա­յին կեան­քին ար­ժէ­քը՝ կա­խեալ է ո՛չ թէ «բա­րի»ն ե­ղած տե­ղը «չար»ին բա­ցա­կա­յու­թե­նէ, այլ՝ բա­րիի եւ չա­րի ներ­կա­յու­թեան «հա­մե­մա­տու­թե­նէ»։

­Սա ա­նու­րա­նա­լի ճշմար­տու­թի՛ւն է, թէ՝ Բնա­կան Օ­րէն­քը՝ յե­տին վեր­լուծ­մամբ՝ Աս­տու­ծոյ բա­ցար­ձակ եւ ան­վի­ճե­լի կա՛մքն է որ կը տի­րա­կա­լէ ան­դի­մադ­րե­լի եւ ան­խու­սա­փե­լի ու­ժով՝ ինչ­պէս Բնու­թեան՝ նո՛յն­պէս եւ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ։

Զոր օ­րի­նակ, Բնու­թեան օ­րէն­քի տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ տրա­մադ­րու­թիւ­նը այն է, թէ՝ ո՛ւր որ ցո­րեն կայ, հո՛ն պի­տի ըլ­լայ նաեւ՝ յարդ։ Ա­սոր նման է նաեւ՝ վար­դը եւ փու­շը։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ բա­րին եւ չա­րը, գե­ղե­ցի­կը եւ տգե­ղը, ճշմա­րի­տը եւ սու­տը միշտ միա­սին պի­տի ըլ­լան՝ ան­բա­ժա­նե­լիօ­րէ՛ն։ Այս մա­սին կա­րե­լի է հարց­նել, թէ՝ ա­նօ­գու­տը ի՞նչ գործ ու­նի օգ­տա­կա­րին քով, կամ վնա­սա­կա­րը՝ օգ­տա­կա­րին, ան­պէ­տը՝ պի­տա­նիին քով։ Ան­տար­բե­րու­թիւն չէ՞ ա­սի­կա…։

Բայց ճի՛շդ այդ «անտ­րա­մա­բա­նու­թիւն»նե­-րով հիւ­սուած ու կազ­մուած է Բնու­թեան տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը։ Ա­նո­ղոք Օ­րէ՛նք։

Սա գե­ղե­ցիկ վար­դը, բայց ա­նոր քով փու­շը ին­չո՞ւ ե­ղեր է, սա ցո­րե­նի հա­տի­կը ին­չո՞ւ իր հետ ու­նի յար­դը։ Եւ բա­րո­յա­կան կեան­քի մէջ՝ երբ կա՛յ սէ­րը, ա­պա ին­չո՞ւ կայ նաեւ ա­տե­լու­թիւ­նը, երբ կայ ճիշ­դը, ճշմա­րի­տը, ա­պա ին­չո՞ւ սխա­լը, սու­տը…։ Ո­րով­հե­տեւ…։

Բնու­թեան օ­րէն­քի «տրա­մա­բա­նու­թիւն»ը եւ մարդ­կա­յին մտքի տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին տար­բեր կեր­պով կը շար­ժին, կ՚աշ­խա­տին։

Նախ, Բնու­թեան օ­րէն­քը բա­ցար­ձակ է, հոն հո­գե­ւոր կամ զգա­ցա­կան մարզ չկա՛յ, մինչ­դեռ մարդ­կա­յին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը շար­ժի որ­քան միտ­քով, նո՛յն­քան ալ զգա­ցում­նե­րով, եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով հա­մե­մա­տա­կան է եւ յա­րա­բե­րա­կա՛ն։ Հո­գին, այ­սինքն զգա­ցու­մը կ՚ազ­դէ եւ կը տպա­ւո­րէ միտ­քը, այ­սինքն տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը յա­ճախ, եւ այդ ի­մաս­տով կա­րե­լի չ՚ըլ­լար բա­ցար­ձակ ար­դիւնք ձեռք բե­րել մարդ­կա­յին տրա­մա­բա­նու­թեան մի­ջո­ցով։

Ուս­տի, բու­սա­բա­նա­կան գիր­քեր եւ ու­սու­ցում­ներ՝ «օ­րէնք»ը կը վեր­լու­ծեն եւ կը բա­ցատ­րեն. բայց կա­րե­ւո­րը օ­րէն­քին մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը եւ բա­ցատ­րու­թիւ­նը չէ, այլ՝ բուն իսկ օ­րէն­քի ի­րա­կա­նու­թի՛ւ­նը, ա­նոր էու­թի՛ւ­նը։ Եւ բնա­կան օ­րէն­քը՝ որ կը յայտ­նուի եւ կը հռչա­կուի եւ կը գոր­ծադ­րուի, պար­զա­պէս սա՛ է, թէ՝ վար­դը ա­ռանց փու­շի, ցո­րե­նը ա­ռանց յար­դի չ՚ըլ­լա՛ր…։

Ու­րեմն հարց­նենք, ո՞ւր եր­բեք՝ ցո­րեն կայ եւ յարդ չկայ։ Ան­շուշտ ցո­րե­նը եւ յար­դը հոս կը գոր­ծա­ծենք փո­խա­բե­րա­կան ի­մաս­տով եւ խորհր­դան­շա­կան կեր­պով, ը­սե­լով, ընդ­հան­րա­պէս, կա՞յ տեղ մը՝ ո՛ւր միայն բա­րին, գե­ղե­ցի­կը եւ ճշմա­րի­տը գո­յու­թիւն ու­նե­նայ։

Ի՜նչ ե­րա­նու­թիւն. տեղ մը՝ ուր միայն բա­րին կայ, գե­ղե­ցի­կը կայ եւ ճշմա­րի­տը կայ. ո՞ւր է այդ տե­ղը, ե­րա՞զ միայն…։

Բայց սա ճշմար­տու­թիւն մըն է, թէ՝ ո՛չ Բնու­թեան եւ ո՛չ ալ մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ այդ­պէս «տեղ» մը կա­րե­լի է գտնել, քա­նի որ ա­սի­կա միայն ե­րա՜զ մըն է եւ այդ­պէս տեղ չկա՛յ։

Ու­րիշ խօս­քով՝ ա­մէն օ­րէնք, յե­տին վեր­լուծ­մամբ, Աս­տու­ծոյ կամ­քին մէկ յայտ­նու­թիւնն է, եւ ու­րեմն ա­մէն օ­րէնք ու­նի «խոր­հուրդ» մը, այս կը նշա­նա­կէ, թէ՝ ա՛յդ­պէս է, ո­րով­հե­տեւ ըստ Աս­տու­ծոյ կամ­քին ա՛յդ­պէս պէտք է ըլ­լայ։

Ու­րիշ ա­ռիթ­նե­րով ալ ներ­կա­յա­ցուած է սա ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ՝ ըլ­լա՛յ Բնու­թիւ­նը, ըլ­լա՛յ մարդ­կա­յին կեան­քը հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րու հրա­շա­լի՜ ներ­դաշ­նա­կու­թեա­նը վրայ հաս­տա­տուած է եւ այդ հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րու ու­ժը կամ զօ­րու­թիւնն է որ «կեանք» կը ստեղ­ծէ՝ շար­ժում, կեն­դա­նու­թիւն, աշ­խու­ժու­թիւն…։

Խոր­հինք ան­գամ մը, ե­թէ չըլ­լա­յին այդ հա­կա­դիր ար­ժէք­նե­րը, չըլ­լա­յին ի­րե­րա­մերժ այդ զօ­րու­թիւն­նե­րը, Բնու­թիւն եւ կեանք կ՚ըլ­լա՞ր։

Աստ­ղե­րը, աշ­խարհ­նե­րը եր­կին­քի մէջ ինչ­պէ՞ս կա­յուն կը մնան, ինչ­պէ՞ս հաս­տա­տ-ւած են եւ կը մնան ա­ռանց ան­կու­մի կամ ա­ռանց ի­րա­րու վնաս պատ­ճա­ռե­լու։ Հա­կա­դիր ու­ժե­րու ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը չէ՞ ա­նոնց հաս­տատ մնա­լու պատ­ճա­ռը։

Խոր­հինք ան­գամ մը, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ե­թէ իր քով փու­շը չըլ­լար՝ վար­դը այս­քա՜ն յար­գի կ՚ըլ­լա՞ր, ա­ռանց յար­դի ցո­րե­նը ցո­րեն կ՚ըլ­լա՞ր իր իս­կա­կան էու­թեամբ, ե­թէ տգե­ղը գո­յու­թիւն չու­նե­նար՝ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լար գե­ղե­ցի­կը ո­րո­շել, ե­թէ սու­տը չըլ­լար ճշմա­րի­տին քով, ճշմա­րի­տը ինչ­պէ՞ս ճշմար­տու­թիւն պի­տի ըլ­լար, ե­թէ ա­տե­լու­թիւն չըլ­լար, մար­դիկ սէ­րը պի­տի ճանչ­նա­յի՞ն։

Օ­րի­նակ­ներ կա­րե­լի է բազ­մաց­նել մեր կեան­քէն. ե­թէ ա­նօ­թու­թիւն չըլ­լար ինչ­պէ՞ս պի­տի հասկ­նա­յինք հա­ցին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը մեր մարմ­նա­կան-ֆի­զի­քա­կան կեան­քին գո­յա­պահ­պան­մա­նը եւ գո­յա­տեւ­մա­նը հա­մար։ Եւ վեր­ջա­պէս՝ եթէ սե­ւը չըլ­լար, «ճեր­մակ»ի գա­ղա­փա­րը գո­յու­թիւն պի­տի ու­նե­նա՞ր։ Ա­հա­ւա­սիկ, այս պատ­ճա­ռով է որ կ՚ը­սուի, թէ՝ Բնու­թիւ­նը եւ մարդ­կա­յին կեան­քը հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու հրա­շա­լի՜ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն մըն է։ Եւ ե­թէ չըլ­լար հո­գին՝ մար­մին պի­տի չըլ­լար, այ­սինքն մարդ­կա­յին կեանք գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նար։ Եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով պէ՛տք է հո­գիին կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յել՝ ինչ­պէս մար­մի­նին ե՛ւ միտ­քին…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 10, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 15, 2016