ՊԸՐՊԵՆՔԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս վերջերս հիւրընկալուեցան Յոյն եւ Սերպ Ուղղափառ եկեղեցիներուն կողմէ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան ճաշասեղան մը սարքեց միջեկեղեցական հիւրերու մեծարման համար։ Ըստ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան, 2003 թուականին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ ընտրութենէն ետք, Թեմի հոգեւոր կապը աւելի սերտացաւ Յոյն եւ Սերպ Ուղղափառ եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականներուն հետ եւ Սրբազան Հայրը զանազան առիթներով մասնակցեցաւ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական արարողութիւններու:
Արեւմտեան Թեմի բարեխնամ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ եւ Ս. Սոֆիա յոյն ուղղափառ մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Տ. Ճան Պաքաս Վարդապետի աջակցութեամբ, Նոյեմբերի 8-ին, Յոյն եւ Սերպ Ուղղափառ եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւորականները յատուկ հանդիպում մը ունեցան թեմի առաջնորդարանին մէջ:
Բարձրաստիճան հիւր հոգեւորականները սիրալիր կերպով դիմաւորուեցան Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեանի եւ Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի կողմէ ու առաջնորդուեցան դէպի «Արմէն Համբար» դահլիճ: Խորհրդակցութեանց գլխաւոր նիւթերներն էին կազմակերպել միացեալ համագումար մը՝ կեդրոնանալով կրօնքի ազատութեան, երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ եւ համայնքային ձեռնարկներուն եւ ծառայութիւնը կարիքաւորներուն: Այս ծրագիրներու կազմակերպչական աշխատանքներու մասին մանրամասնութեամբ խորհրդակցութիւն տեղի պիտի ունենայ յաջորդ հանդիպման ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբերի 6-ին, դարձեալ թեմի առաջնորդարանին մէջ:
Սոյն հանդիպման մասնակցեցան Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Սան Ֆրանսիսքոյի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմէն Կերասիմոս Մետրապոլիտ եւ իր օգնականը՝ Տ. Ափոստոլոս Եպիսկոպոս, Արեւմտեան Ամերիկայի սերպ ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմէն Տ. Մաքսիմ Եպիսկոպոս, Տ. Ճան Վրդ. Պաքաս, Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. Պերճէքեան, Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան, Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան, Հիւսիսային Ամերիկայի անտիոքեան ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմէն Տ. Նիքոլաս Չեքօ, Հայկ Մատոյեան եւ Վահէ Սարգիսեան:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ հիւրընկալութեամբ Լենա Սիմոնեանի եւ Մելինէ Աղաճանեանի: Հիւրերը գոհունակութեամբ բաժնուեցան առաջնորդարանէն՝ Դեկտեմբերի 6-ին դարձեալ մէկտեղուելու ակնկալութեամբ: