ՌՄԲԱԿՈԾՄԱՆ ՆՈՐ ԱԼԻՔ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ներկայիս Էլ Պապ քաղաքը առարկայ կը դառնայ անմիջական ուշադրութեան։ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ հովանաւորուած ազատ Սուրիոյ բանակը սաստիկ հարուածներ կը հասցնէ՝ այս քաղաքը ազատագրելու համար ԻՇԻՊ-էն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Կարգ մը աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ազատ Սուրիոյ բանակը արդէն մուտք գործած է Էլ Պապ։ Այլ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ քաղաքը իյնալու վրայ է։ Յամենայնդէպս, ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ սահմանէն 30 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող այս քաղաքը վնասազերծուած է՝ «Եփրատի վահան» գործողութեան շրջագծով։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանն ալ Սուրիոյ մէջ սկիզբ տուաւ իր ռմբակոծումներու երրորդ ալիքին։ «Ծովակալ Քուզնեցով» ռազմանաւը, որ Միջերկրական փոխադրած է ռուսական ռազմաօդանաւերը, այս փուլին ռուսական ռմբակոծումներու հիմնական գործօնը կը հանդիսանայ։ Ռուսաստան հարուածներ կը հասցնէ Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն։