ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒ

Ան­գա­րա­յի մօտ Իս­րա­յէ­լի դես­պան նշա­նա­կուելու հա­մար թեկ­նա­ծու ցոյց տրուե­ցաւ Էյ­թան Նաէհ։ Այս­պէ­սով Իս­րա­յէլ ա­ռա­ջին քայ­լը ա­ռաւ՝ Թուր­քիոյ հետ վեց տա­րիէ ի վեր ընդ­հա­տուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Էյ­թան Նաէհ, որ 1993 թուա­կա­նին պաշ­տօ­նա­վա­րած էր Ան­գա­րա­յի մէջ, Իս­րա­յէ­լի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պատ­կան կո­մի­տէին կող­մէ ցոյց տրուե­ցաւ դես­պա­նի թեկ­նա­ծու։ Հի­մա կը սպա­սուի Իս­րա­յէ­լի կա­ռա­վա­րու­թեան հա­ւա­նու­թեան՝ որ­պէս­զի կա­տա­րուի իր նշա­նա­կու­մը։ Նաէհ վեր­ջին ան­գամ որ­պէս երկ­րորդ դէմք պաշ­տօն ստանձ­նած էր Լոն­տո­նի մօտ Իս­րա­յէ­լի դես­պա­նու­թե­նէն ներս։

Ներ­կա­յիս Թուր­քիա եւ Իս­րա­յէլ կը պատ­րաս­տուին փո­խա­դար­ձա­բար նշա­նա­կել նոր դես­պան­ներ։ Հա­ւա­նա­կան է, որ թրքա­կան կողմն ալ դես­պան նշա­նա­կէ Քե­մալ Էօ­քէ­մը, որ վար­չա­պե­տա­րա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան գծով խորհր­դա­կանն է։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016