ԵԸԼՏԸՐԸՄ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ կը պատ­րաստուի պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տալ Մոս­կուա։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 5-6 Դեկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն եւ ան պի­տի հիւ­րըն­կա­լ­ուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Մոս­կուա­յի մէջ նա­խա­տե­սուած են Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հան­դի­պում­նե­րը՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Վար­չա­պետ Տի­միթ­րի Մետ­վե­տե­ւի հետ։

Ծա­նօթ է, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին դի­մագ­րա­ւած էին լուրջ փո­թո­րիկ մը, որ­մէ վերջ ներ­կա­յիս փու­թով ա­նոնք մտած են բնա­կա­նո­նաց­ման հու­նի մէջ։ Երկ­կող­մա­նի հար­թու­թեան վրայ ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու թափ ստա­նա­լուն զու­գա­հեռ՝ Ան­գա­րա եւ Մոս­կուա բազ­մա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տած են նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու բե­րու­մով՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս Սու­րիոյ եւ Ի­րա­քի հար­ցե­րուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016