ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Լրագրողներու 8-րդ համահայկական խորհրդաժողովը, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ, ձօնուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-ամեայ յոբելեանին։ Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, «Հայոց պետականութիւնը՝ միասնականութեան առանցք» կարգախօսով կազմակերպուած այս հաւաքին մասնակցեցան աշխարհի աւելի քան երեք տասնեակ երկիրներէն շուրջ հարիւրյիսուն լրագրողներ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ներկայացուցիչները, բացի իրենց ընթացիկ քննարկումներէն, հնարաւորութիւն ունեցան նաեւ տեսակցելու Հայաստանի պետական աւագանիէն հիմնական երեք դէմքերու՝ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Այս հանդիպումները, իսկապէս, համաժողովի ամբողջին մէջ առանձնացան իրենց բովանդակութեամբ ու հարուստ օրակարգով։ Բնականաբար, Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ալ կու գայ աւելնալ այն անուններուն վրայ, որոնց պատգամին հաղորդ դարձան լրագրողները։ Ի լրումն այս բոլորին, Արցախի մէջ ալ ծրագրի մասնակիցները ունեցան վառ պահեր՝ մանաւանդ, որ հիւրընկալուեցան Լեռնային Ղարաբաղի ղեկավարութեան կողմէ։
Այս անգամուան համաժողովէն վերադարձին՝ կամքէ անկախ պատճառներով մեր տպաւորութիւններն ու խոհերը գրի կ՚առնենք որոշ յապաղումով մը։ Կանխաւ յայտնենք, որ այդ յապաղումը այժմէականութեան առումով խնդրայարոյց չի համարուիր, որովհետեւ քննարկումները առ հասարակ կը վերաբերէին համահայկական օրակարգի «մշտապէս արդի» նիւթերուն։ Աւելցնենք նաեւ, որ ակամայ մասնակցեցանք հաւաքի միայն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած աշխատանքին, հետեւաբար մեր դիտարկումները սահմանափակ են այդքանով, թէեւ մեր պաշտօնակիցները հիանալի տպաւորութիւններով վերադարձած էին նաեւ Արցախէն։
Սա ութերորդ լրագրողներու հաւաքն էր արդէն եւ մենք առանց բացառութեան հնարաւորութիւն ունեցած ենք մասնակցիլ բոլորին։ Անկախ արդիւնաւէտութեան հարցերէն, սկզբունքօրէն կը փորձենք չբացակայիլ նման հարթակներէ։ Խնդիրը լոկ ներկայութեամբ բացատրելը ճիշդ չէ, որովհետեւ պաշտօնակիցներու հետ նոյն մթնոլորտը շնչելու առիթը կ՚ընձեռէ նաեւ ամբողջական հաշուեկշիռ մը ընելու կարելիութիւնը։ Հայկական լրատուական աշխարհի հնարաւորութիւնները լաւ պատկերացնելու, այդ ամբողջին մէջ հնարաւորինս առողջ դրսեւորուելու տեսանկիւնէն օգուտներ ունին այս հաւաքները։ Զուտ թրքահայութեան առումով ալ կան եզակի երեսակներ։ Ծանօթ է, որ մեր համայնքը հայկական աշխարհէն ներս միշտ կը գտնուի առաջնահերթ հետաքրքրութեան կիզակէտին։ Մեր մամուլը այդ հետաքրքրութիւնը յագեցնելու գլխաւոր միջոցներէն մին է։ Համաժողովներու մթնոլորտին մէջ կարելի է նաեւ հետեւութիւններ ընել, թէ այդ հետաքրքրութիւնը ի՛նչ առանցքներու շուրջ կը բիւրեղանայ տուեալ ժամանակաշրջանին եւ թէ, անշուշտ, ի՛նչ ազդեցութիւններով։
Համահայկական նման խորհրդաժողովներու պարագային միշտ կը շեշտուի արդիւնաւէտութեան հարցը։ Սա մէկ կողմէ հասկնալի է, իսկ միւս կողմէ անխուսափելի։ Խորքին մէջ երկուքին ալ պատճառը նոյնն է, որովհետեւ աշխատանքի մը առողջ շարունակականութիւնը կախում ունի անոր շօշափելի պտուղներէն։ Չմոռնանք նաեւ, որ այս համաժողովները կը կազմակերպուին Հայաստանի պետութեան սուղ միջոցներով։ Մինչեւ մօտաւոր անցեալը կար համահայկական նման հաւաքներու տարափ մը։ Սրտաբաններ, ոսկերիչներ, իրաւաբաններ... Բոլորը կ՚իրականացնէին իրերայաջորդ հաւաքներ։ Վերջին շրջանին կայ որոշ հանդարտութիւն այս առումով, որովհետեւ զանազան ոլորտներու մարդիկ որոշ չափով գծած են իրենց ճանապարհը։ Համապատասխան կամքի տէր մարդիկ, որոշ ծրագրերու կամ նպատակներու շուրջ համախմբուած ըլլալով կ՚ընթանան յառաջ, հնարաւորինս ուրոյն ձեւով կազմակերպուած են եւ իրենց գործը մասնագիտական հունի մը մէջ մտած է կարելի չափով։ Մամուլի պարագան այդպէս չէ։ Համաժողովներու նախընթացը կը շարունակուի հետեւողականօրէն։ Սա լաւ է, որովհետեւ մամուլին օրակարգը անբաղդատելիօրէն յարափոփոխ ու ճոխ է միւսներուն բաղդատմամբ եւ պարբերական մեծ հաւաքները, հաւաքական մտային մարզանքի մը ձեռնարկելը ունին որոշ տրամաբանութիւն մը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024