«Կ­՚ԻՋ­ՆԷՔ»

Մի քա­նի օր ա­ռաջ հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջո­ցի մը մէջ ա­կա­նա­տե­սը ե­ղայ ա­րար­քի մը, ո­րուն ե­թէ ու­զենք ա­նուն մը տալ, մի միայն կրնանք ազ­գա­սի­րու­թիւն ա­նուա­նել:

Մեզ­մէ շա­տե­րուն մօտ ազ­գա­սի­րու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը բարդ եւ դըժ-ւար ի­րա­գոր­ծե­լի գոր­ծո­ղու­թիւն կամ ա­րարք մըն է, սա­կայն ի­րա­կա­նին մէջ այդ­պէս չէ, ընդ­հա­կա­ռա­կը, շատ պարզ եւ դիւ­րաւ ի­րա­գոր­ծե­լի ա­րարք է, ուր էա­կա­նը կամքն ու հա­մո­զուա­ծու­թիւնն են:

Ար­դա­րեւ, փո­խադ­րա­մի­ջո­ցին մէջ ի շարս այ­լոց, կար նաեւ Հայ­կա­կան բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող պարզ շար­քա­յին մը: Կան­գառ­նե­րէն մէ­կուն մօտ երբ հան­րա­կառ­քը կանգ ա­ռաւ, սպի­տա­կա­հեր մի­ջին տա­րի­քի մարդ մը, իջ­նե­լու պա­հուն, երբ շար­քա­յի­նին կող­քէն կ՚անց­նէր, կա­մա­ցուկ մը ա­նոր ը­սաւ՝ «կ՚իջ­նէք»…:

Մեզ­մէ շա­տե­րը կրնան ար­տա­յայ­տուիլ ը­սե­լով՝ «ի՞նչ է որ, ով ալ ըլ­լար նոյն կերպ կը վա­րուէր»: Ա­յո՛, ով ալ ըլ­լար նոյն կերպ կը վա­րուէր, բայց այս­տեղ վա­րուի­լը չէ էա­կա­նը, այլ՝ ա­րար­քը, եւ ա­րար­քէն ան­դին այդ ա­րար­քին տուն տուող պատ­ճառ­նե­րը:

Ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վեր բա­ներ չի՛ պա­հան­ջեր մեզ­մէ, ոչ ալ այն­պի­սի «սխրա­գոր­ծու­թիւն»ներ, ո­րոնց մա­սին խօ­սիլն ան­գամ ա­ւե­լորդ է: Չէ, ազ­գա­սի­րու­թիւ­նը այդ չի՛ պա­հան­ջեր մեզ­մէ: Ազ­գա­սի­րու­թեան մեզ­մէ պա­հան­ջա­ծը շատ պարզ ու հա­մեստ բան է, որ կը կա­յա­նայ հե­տե­ւեալ­նե­րուն մէջ.

ա) Ազ­գա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւն:

բ) Նուի­րում:

գ) Հա­ւա­տար­մու­թիւն:

դ) Միու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն:

Չա­րեն­ցի ազ­գա­սի­րա­կան պատ­գա­մը ար­դա­րեւ, կ՚ը­սէ. «Ով Հայ ժո­ղո­վուրդ, քու միակ փրկու­թիւնդ քու հա­ւա­քա­կան ուժիդ մէջ է»: Ե­թէ այս պատ­գա­մը իւ­րաց­նենք եւ լա­ւա­պէս ըմբռ­նենք, բնա­կա­նա­բար կը հասկ­նանք, որ այդ «հա­ւա­քա­կան ուժը» ի­րա­կա­նու­թիւն կը դառ­նայ միայն այն ա­տեն, երբ ազ­գո­վին միա­ցած ըլ­լանք: Իսկ ազ­գո­վին միա­նա­լու ճա­նա­պար­հին սկիզ­բը, այդ սպի­տա­կա­հեր մար­դուն կա­տա­րած փոքր ա­րարք­նե­րէն է, որ սկիզբ կ՚առ­նէ:

Մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վեր ե­ղող բա­նե­րու մա­սին չմտա­ծենք, այլ՝ աշ­խա­տինք գոր­ծել այն՝ ին­չ որ գոր­ծե­լու ի զօ­րու ենք, ո­րով ի շարս այ­լոց մեր լու­ման նե­տած կ՚ըլ­լանք ազ­գա­սի­րու­թեան գան­ձա­նա­կին մէջ, եւ սալ մը եւս հաս­տա­տած կ՚ըլ­լանք ազ­գա­սի­րու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ:

 ՅԱ­ԿՈԲ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

«Զար­թօնք», Լի­բա­նան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016