«ԹՈՒՄՕ»Ի ՍԱՆԵՐԸ ԴԱՓՆԵԿԻՐ
Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի սաները ուշագրաւ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն միջազգային մրցոյթներու շրջագծով։ «ԹՈՒՄՕ»էն խումբ մը սաներ վերջերս դարձան «Արեւորդի» միջազգային բնապահպանական 6-րդ փառատօնի «Մանկապատանեկան» անուանակարգի յաղթող։ Պատանիները այդ առաջնութեան արժանացան վաւերագրական ժապաւէնով մը, որու նիւթ դարձած են Երեւանի Կենդանաբանական պարտէզի գերմանացի երկու կամաւորները՝ Զուշ Լեհմանին ու Թովիօ Ֆրանցքին։ Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է անոնց Հայաստանի կեանքն ու աշխատանքը ու միեւնոյն ժամանակ մատուցուած՝ Կենդանաբանական պարտզէի առօրեան։
Այս ժապաւէնը ստեղծուած է անցեալ տարի Դեկտեմբերին՝ Մոսկուայի մէջ բնակող շարժանկարի բեմադրիչ Վարդան Յակոբեանի «Ֆիլմի լեզուն» աշխատանոցին ժամանակ։ Նախընթաց օր Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճին մէջ կազմակերպուած մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին «ԹՈՒՄՕ»ի սաները ստացան իրենց պարգեւները։
Դափնեկիր սաներն են՝ Առէն Գրիգորեան, Ռոպէրթ Պօղոսեան, Անի Խաչատրեան, Մարիէթա Յովհաննիսեան, Մերի Հէյպատեան, Գարիկ Սարգսեան եւ Արծրուն Մանուկեան։