ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՎ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

Հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան կեն­դա­նի ա­ռաս­պել­նե­րէն Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը վա­ղը պի­տի հնչեն Կիւմ­րիի մէջ նա­խա­տե­սուած մաս­նա­ւոր հա­մեր­գի մը ըն­թաց­քին։ Այս­պէս, Ման­սու­րեա­նի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պի­տի նուա­գուին քա­ղա­քի «Սեւ բերդ» ամ­րո­ցէն ներս։ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս հա­մեր­գը, ո­րու ծրագ­րին պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ աշ­խար­հահռ­չակ սոփ­րա­նօ Յաս­միկ Պա­պեան եւ խմբա­վար Ռո­պէրթ Մլքէեան։ Յաս­միկ Պա­պեան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Զու­գա­հեռ եր­գեր» ծա­ւա­լուն գոր­ծը։

Կիւմ­րիի հա­մեր­գին ըն­դա­ռաջ վե­րոյ­շեալ ե­րեք ա­նուն­նե­րը հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Տիգ­րան Ման­սու­րեան այս առ­թիւ ը­սաւ. «Կիւմ­րիի հա­մեր­գը ին­ծի հա­մար շատ նշա­նա­կա­լի է եւ կա­րե­ւոր, ո­րով­հե­տեւ ար­մատ­նե­րով այն­տե­ղէն եմ ու լաւ յի­շո­ղու­թիւն­ներ ու­նիմ։ Հա­մեր­գի ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ ներ­կա­յա­ցուե­լիք ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ պի­տի հնչէ Հա­յաս­տա­նի մէջ»։

­Ռո­պէրթ Մլքէեան, որ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը կը ղե­կա­վա­րէ, յայտ­նեց՝ թէ ա­րուես­տի մէջ պէտք է խու­սա­փիլ շու­կա­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէ, ո­րո­վե­տեւ շու­կան հաշուի չի նստիր բարձր ա­րուես­տի, ար­ժէ­քի հետ։ Ան ընդգ­ծեց, որ ե­րե­սուն տա­րիէ ի վեր կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի հետ։ «Հիա­նա­լի է, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ նման յօ­րի­նող մը», ը­սաւ Մլքէեան։

Իր կար­գին Յաս­միկ Պա­պեանն ալ նշեց, որ հո­գե­ւոր կապ մը ու­նի Կիւմ­րի քա­ղա­քին հետ, ուր ան­ցած է իր ման­կու­թիւ­նը։ Յաս­միկ Պա­պեան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ Կիւմ­րիի մէջ հան­դէս պի­տի գայ հա­մեր­գով մը։

Կիւմ­րիի մէջ կա­յա­նա­լիք հա­մեր­գին պի­տի մաս­նակ­ցին նաեւ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին նուա­գա­խում­բը, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան սե­նե­կա­յին երգ­չա­խում­բը, «Տի­րա­մայր Հա­յաս­տա­նի» երգ­չա­խում­բը, ինչ­պէս նաեւ մե­նա­կա­տար­ներ՝ Հեն­րիէթ­թա Յա­րու­թիւ­նո­վա, Յով­հան­նէս Գրի­գո­րեան, Եա­նա Թա­րեան եւ Ար­թուր Ա­ւա­նէ­սով։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016