ՄԻՋԱՆՑՔԸ ԽԱՓԱՆՈՒԵՑԱՒ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ուղ­ղա­կիօ­րէն բնո­րո­շել դէպ­քե­րուն ըն­թաց­քը։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը կը շա­րու­նա­կէ յա­ռա­ջա­նալ դէ­պի Էլ Պապ քա­ղա­քը, որ կը գտնուի Ի­ՇԻՊ-ի («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբաւո­րում) վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը ար­դէն հա­սած է Էլ Պապ քա­ղա­քի 1 քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան։ Ե­րէկ, սու­րիա­ցի ընդ­դի­մա­դիր զօր­քե­րը ձեռք ան­ցու­ցին եր­կու գիւ­ղեր, ո­րոնք ու­նին ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ Այդ գիւ­ղերն են՝ Քապ­պա­սինն ու Էլ Քու­ֆայ­րը։ Այս եր­կու գիւ­ղե­րուն ա­զա­տագ­րու­մը կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ոչ միայն Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րի, այլ նաեւ Սու­րիոյ տա­րած­քէն ներս ընդ­հա­նուր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, ԵՓԿ-ի են­թա­կայ ու­ժերն ալ մտադ­րած էին մուտք գոր­ծել Էլ Պապ եւ այդ ուղ­ղու­թեամբ վեր­ջին օ­րե­րուն կ՚ի­րա­կա­նաց­նէին յար­ձա­կում­ներ։ Բայց եւ այն­պէս, թրքա­կան բա­նա­կին կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած Ա­զատ Սու­րիոյ բա­նա­կը կրցաւ ա­ւե­լի ա­րա­գօ­րէն հաս­նիլ իր նպա­տակ­նե­րուն, ինչ որ խան­գա­րեց ԵՓԿ-ի ծրագ­րե­րը։

Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն զու­գա­հեռ ԵՓԿ հան­դէս ե­կաւ գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը ու տե­ղե­կա­ցուց՝ թէ ան­ցեալ Օ­գոս­տո­սին ձեռք ան­ցու­ցած Մեն­պի­չէն բաժնուե­լով ետ կը քա­շուի դէ­պի Եփ­րա­տի ա­րե­ւել­քը։ Նոյն յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշուե­ցաւ, թէ ԵՓԿ-ի զօր­քե­րը պի­տի մաս­նակ­ցին Ռաք­քա­յի ա­զա­տագր­ման ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղու­թեան եւ այս հան­գա­ման­քը վե­րա­հաս­-տա­տուե­ցաւ նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի կող­մէ։ Ցայ­սօր ԵՓԿ կը ծրագ­րէ Սու­րիոյ հիւ­սի­սին, Թուր­քիոյ սահ­մա­նի եր­կա­րու­թեամբ՝ Աֆ­րինն ու Մեն­պի­չը միաց­նե­լով ստեղ­ծել նրբանցք մը, սա­կայն «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով ա­պա­հո­վուած ար­դիւն­քը ար­դէն կան­խած է այդ ծրա­գի­րը։

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, որ Էլ Պա­պի ա­զա­տագր­ման ուղ­ղեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն շրջագ­ծով Թուր­քիա ա­ռաջ­նոր­դուած է իր ան­կախ ո­րոշ­մամբ եւ ցարդ ա­մե­րի­կեան կող­մը ո­րե­ւէ ձե­ւով ա­ջակ­ցու­թիւն չէ ցու­ցա­բե­րած այս ուղ­ղու­թեամբ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016