ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Եւ­րոա­սիոյ միջ­կա­ռա­վա­րա­կան խոր­հուր­դի ժո­ղո­վին։ Սա Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան (ԵՏՄ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն հան­դի­պումն էր։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղո­վէն վերջ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ ը­սաւ. «Կը կար­ծեմ՝ կա­րե­ւոր փուլ է յա­ռաջ ըն­թա­նա­լու հա­մար։ Հա­յաս­տա­նի հա­մար գրա­ւիչ հան­գա­ման­քը մեծ շու­կան է։ Ե­թէ մեծ շու­կան կա­նո­նա­կար­գուի, խա­ղի կա­նոն­նե­րը յստա­կե­ցուին, ա­պա կա­նո­նա­ւոր գոր­ծող գոր­ծա­րա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ սա լաւ է։ Գոր­ծա­րա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ ան­հրաժեշտ են յստակ, հասկ­նա­լի ու եր­կա­րա­տեւ խա­ղի կա­նոն­ներ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2016