ԵՐԵՔԻՆ ՔԱՋԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ
-Աս ի՞նչ գէշ հոտ մը լեցուեր է նորէն մեր ննջասենեակը,- աչքերը շփելով կը դժգոհի Սարան:
-Կ՚երեւի այսօր նորէն տոտիկ պիտի եփեն,- կը շարունակէ Հռիփսիկը:
-Չենք սիրեր աս ճաշը, ի՞նչ պիտ ուտենք այսօր,- կը մտահոգուի գիրուկ Սուսանը:
-Բան մը կ՚ընենք, անօթի չենք մնար, ես կը կարգադրեմ,- կ՚ըսէ Սարան:
Ու խուճապը կը սկսի: Պատսպարանի փոքրիկները կ՚արթննան, մէկզմէկու ետեւէն բաղնիք կը մտնեն, մէկը՝ դանդաղաշարժ, միւսը՝ արագաշարժ, մէկը խօսիլ չ՚ուզեր, միւսը՝ արթննալ ու ահա բարձ մը կու գայ, չես գիտեր ուրկէ, ո՞վ կրնայ քնանալ այլեւս: Դպրոցական կոկիկ տարազներով կը նստին ճաշարան նախաճաշելու:
Եւ քալելով կը բռնեն դպրոցի ճամբան, որ շատ հեռու չէ պատսպարանէն: Նախ մեծերը՝ պատանիներ, ապա ետեւէն աւելի փոքրերը ձեռք-ձեռքի բռնած կը յառաջանան:
Պատսպարանի պատանիներէն են Սարան, Հռիփսիկն ու Սուսանը: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին անոնք կը խորհին, թէ ինչպէս ճաշ պիտի չուտեն, քանի որ պատասխանատուն՝ Տիկին Նունէն շատ խիստ է, ուրիշ ճաշ ալ չ՚ըլլար սեղանին վրայ: Սարան դպրոցին բակին մէջ, ընկերուհիներուն ականջին բաներ մը կը փսփսայ:
Կէսօր կ՚ըլլայ, այս երեք ընկերուհիներուն ճաշի պնակները եղածին պէս կը մնան: Տիկին Նունէ սաստիկ զայրացած կը սաստէ՝ «Է՛, հիմա չուտէ՛ք, իրիկունը պիտ ուտէք աս ճաշը, ուրիշ ուտելիք չկայ ձեզի»: Գլխահակ մտիկ կ՚ընեն Տիկին Նունէն ու անօթի կ՚ելլեն սեղանէն:
-Սիրտս պիտ կենայ, շատ անօթի եմ, Սարա, բան մը ըրէ,- կ՚ըսէ Սուսան:
-Համբերէ, Սուսան, չէ՛ որ առտու ծրագրեցինք ինչ պիտ ընենք, քիչ մըն ալ սպասէ ու հարցը կը լուծենք, վստահիր ինծի:
-Ուրիշ ի՞նչ կրնամ ընել որ, կը համբերենք,- կը պատասխանէ Սուսան սակայն ներքուստ սովը կը կրծէ զինք ու ինչե՜ր կ՚երազէ:
Կէսօրէ ետք, երբ բոլոր սաները դասերով զբաղած էին, Տիկին Նունէն ալ դուրս ելած էր. մեր երեք պատանիները գործի կը լծուին: Սարան կը պատրաստուի, միջանցքը կը զննէ, մարդ չկայ, ընկերուհիները կը կանչէ եւ երեքով գաղտագողի կ՚իջնեն մառան, ուր կը պահուի ամէն ինչ՝ ձմրան պաշար, ընդեղէն, աւելորդ հագուելիքներ..., բայց նաեւ՝ հիւրասիրութեան համար բարերարներու բերած խմորեղէններ: Ահա Սուսանին աչքին կը զարնէ կարկանդակ մը, ու կարծես կը սաստկանայ անօթութեան զգացումը, Սարան ու Հռիփսիկն ալ կը նշմարեն կարկանդակը ու կ՚որոշեն տանիլ ննջասենեակ: Սարան իր հագուստներուն տակ կը պահէ կարկանդակը ու ետեւ-ետեւի, առանց մէկէ մը նկատուելու կը հասնին ննջասենեակ.
-Լոյսը մի՛ վառեր, որ Տիկին Նունէն չզգայ, թերեւս ալ եկած է,- կ՚ըսէ Հռիփսիկ:
-Հա, արագ մը տեղաւորենք կարկանդակը ու իջնենք, արդէն ընթրիքի ժամը մօտեցաւ,- կը շարունակէ Սարան:
-Բայց ինչպէ՞ս պիտի համբերեմ, շատ անօթի եմ. ես հոս կը մնամ, դուք իջէք, կը սպասեմ ձեզի,- նայուածքը կարկանդակին վրայ սեւեռած կը շարունակէ Սուսանը:
-Բան չմնաց, հիմա կէս ժամէն կու գանք, կ՚ուտենք,- կը վստահեցնէ Սարան:
Կարկանդակը աննկատ տեղ մը կը տեղաւորեն ու կ՚իջնեն ընթրիքի, ուր անախորժ բաչայի պնակները դրուած են իրենց նստելիք աթոռներուն դիմաց: Բնականաբար, անոնք նորէն չեն ուտեր ու բոլորէն առաջ ալ կը բարձրանան ննջասենեակ:
Առտուընէ անօթի պատանիները այնպիսի ախորժակով ու աճապարանքով կը լափեն կարկանդակը, որ նոյնիսկ համը չեն զգար եթէ նոյնիսկ կարկանդակի տեսքով բաչա ըլլար դէմերնին, վստահ որ նոյն ախորժակով կ՚ուտէին:
Հազիւ երկու ժամ անց՝ անհանգստացած երեքը կը բռնեն պէտքարանի ճամբան: Երեքին ալ ջերմութիւնը կը բարձրանայ, ստամոքսը կը ցաւի ու մի քանի անգամ զուգարանը այցելելէ ու փսխելէ ետք կու գան ու կը քնանան:
Առտու, սովորականին պէս, Տիկին Նունէ զանգակը ձեռքը ճօճելով կ՚արթնցնէ պատսպարանի սաները: Երբ ան կը մօտենայ մեր երեք պատանիներուն ու կը տեսնէ, որ ոչ մէկը տեղէն շարժած է՝ իսկոյն բարկանալով կ՚ըսէ.
-Ի՞նչ ծոյլ-ծոյլ պառկեր էք տակաւին, երէկուան անհնազանդութիւննիդ չի՞ բաւեր, ելէ՛ք, հիմա դպրոցէն կ՚ուշանաք:
Աղջիկները անկողինէն ելլելու կարողութիւն իսկ չունէին: Տիկին Նունէ ձեռքը կը դնէ Սարային ճակտին ու բարձր ջերմութիւնը կը նկատէ. կարգով միւս երկուքին ալ կը նայի, նորէն կը նկատէ բարձրացած ջերմութիւն: Երեքին դէմքերը կարմրած էին արեւուն տակ ժամերով կանգնողի նման: Ան կը կանչէ պատսպարանի բժիշկը, որ անհրաժեշտ քննութենէ ետք բոլորին ուղղելով խօսքը կ՚ըսէ.
-Դուք ի՞նչ կերած էք, կարծես երեքդ ալ նոյն ուտելիքէն թունաւորուած էք, ձեր կերածը աւրուած բան մը պէտք է ըլլայ:
Այսպիսով, բժիշկին այս քննութենէն ետք կը բացայայտուի մեր երեք հերոսներուն «քաջագործութիւնը», որուն հետեւանքով, որպէս պատիժ, կը զրկուին այդ շաբթուան իրենց հարազատներուն այցելութենէն:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ