Հայկական «PicsArt»ի Ծրագիրը՝ «iPhone»ի Ծրագիրներու Լաւագոյններէն

Թուա­յին լու­սան­կար­նե­րու ձե­ւա­ւոր­ման եւ բաժ­նեկ­ցու­թեան աշ­խար­հի յա­ռա­ջա­տար ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցող եւ Ե­րե­ւան հաս­տա­տուած հայ­կա­կան «PicsArt» ըն­կե­րու­թեան ծրա­գի­րը (app) հե­ղի­նա­կա­ւոր CNET կայ­քին կող­մէ նե­րառ­նուած է «iPhone» հե­ռա­ձայն­նե­րու հա­մար պատ­րաս­տուած լա­ւա­գոյն ծրա­գիր­նե­րու ցան­կին՝ «Best iPhone Apps of 2016»ի մէջ, «Viber»ի, «Spotify»ի եւ «Fitbit»ի նման ծրա­գիր­նե­րու կող­քին։

Աշ­խար­հի տա­րած­քին ա­ւե­լի քան 300 մի­լիոն սար­քե­րու մէջ նե­րառ­նուած եւ ար­դէն իսկ ամ­սա­կան ա­ւե­լի քան 80 մի­լիոն օգ­տա­գոր­ծող ու­նե­ցող այս ըն­կե­րու­թեան ծրա­գի­րը, ներ­կա­յիս տրա­մադ­րե­լի է 20-է ա­ւե­լի լե­զու­նե­րով։ Ա­նի­կա կը գոր­ծէ նաեւ «Android» ծրա­գի­րով աշ­խա­տող հե­ռա­ձայն­նե­րու եւ սար­քե­րու վրայ։

Մինչ այդ, «PicsArt»ը հրա­պա­րա­կած էր ա­րուես­տա­կան հմտու­թեամբ աշ­խա­տող եր­կու ծրա­գիր­ներ՝ «Remix Me»ն եւ «Magic Video»ն, զորս կա­րե­լի է օգ­տա­գոր­ծել լու­սան­կար­նե­րու եւ տե­սա­նիւ­թե­րու հա­մար։ Յա­ւե­լեալ տե­ղե­կու­թեանց հա­մար, այ­ցե­լել picsart.com կայ­քը:

Միւս կողմէ, Freedom House մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­պաշտ­պան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նը դա­սած է ա­զատ հա­մա­ցանց ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու շար­քին: Այդ մա­սին ը­սուած է կազ­մա­կեր­պու­թեան «Հա­մա­ցան­ցի ա­զա­տու­թիւ­նը-2016» զե­կոյ­ցին մէջ:

Հա­յաս­տա­նը հա­ւա­քած է 30 միա­ւոր: Հա­մա­ցան­ցի հա­սա­նե­լիու­թեան խո­չըն­դո­տը գնա­հա­տուած է 25-էն 6 միա­ւոր, բո­վան­դա­կու­թեան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րը՝ 35-էն 10 միա­ւոր, օգ­տա­տէ­րե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու խախ­տում­նե­րը՝ 40-էն 14 միա­ւոր: Ան­ցած տա­րի Հա­յաս­տա­նը հա­ւա­քած էր 28 միա­ւոր:

Վրաս­տա­նը հա­ւա­քած է 25 միա­ւոր՝ նոյն­պէս ընդգր­կուե­լով ա­զատ հա­մա­ցանց ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու շար­քին, Ատր­պէյ­ճա­նը՝ 55 միա­ւոր՝ ընդգր­կուե­լով մա­սամբ ա­զատ հա­մա­ցանց ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու ցան­կին մէջ: Ռու­սաստան ստա­ցած է 65 միա­ւոր: Այս եր­կիր­նե­րը ընդգր­կուած են ոչ-ա­զատ հա­մա­ցանց ու­նե­ցող եր­կիր­նե­րու ցան­կին մէջ:

Զե­կոյ­ցին հա­մա­ձայն՝ Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին հա­մա­ցան­ցի տա­րա­ծու­մը 58 տո­կոս է: Ոչ-ա­զատ գնա­հա­տուած է հա­մա­ցան­ցի մէջ մա­մու­լի ա­զա­տու­թիւ­նը:

Ինչ­պէս կը նշուի զե­կոյ­ցին մէջ՝ ըն­թա­ցիկ տա­րուան մէջ հա­մա­ցան­ցի ա­զա­տու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նօ­րէն պահ­պա­նուած է՝ հա­կա­ռակ Հա­յաս­տա­նի ընդ­հա­նուր կար­գա­վի­ճա­կը ո­րոշ չա­փով յե­տըն­թաց ար­ձա­նագ­րած է՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րու ժա­մա­նակ ու­ղիղ ե­թեր հե­ռար­ձա­կող լրագ­րող­նե­րուն վրայ ոս­տի­կա­նու­թեան յար­ձա­կում­նե­րէն ետք:

Հե­տա­զօ­տու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած է 65 երկ­րի մէջ, ա­նի­կա կ՚ընդգր­կէ 2015 թուա­կա­նի Յու­նի­սէն մին­չեւ 2016 թուա­կա­նի Մա­յիս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը: Հե­տա­զօ­տու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ հա­մա­ցան­ցի ա­զա­տու­թեան հետ կա­պուած ա­մե­նա­վատ վի­ճա­կը Չի­նաս­տա­նի, Սու­րիոյ եւ Ի­րա­նի մէջ է:

Ոչ-ա­զատ հա­մա­ցան­ցով եր­կիր­նե­րու ցան­կին մէջ յայտ­նուած եւս 17 եր­կիր, ո­րոնց կարգին՝ Ե­գիպ­տո­սը, Սպիտակ Ռու­սիան, Ղա­զա­խիս­տա­նը, Սու­տա­նը, Ռու­սաստանը, Փա­քիս­տա­նը եւ Վիեթ­նա­մը: Այդ եր­կիր­նե­րուն մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեան տուեալ­նե­րով, հիմ­նա­կա­նօ­րէն գրաքն­նու­թեան կ՚են­թար­կուի տեղւոյն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղուած քննա­դա­տու­թիւ­նը, իսկ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մէջ հրա­պա­րա­կում­նե­րու կամ «լայ­քե­րու» (հա­ւա­նու­թիւն­նե­րու) հա­մար կրնայ սպառ­նալ ա­զա­տազր­կում: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ոչ-ա­զատ հա­մա­ցան­ցով եր­կիր­նե­րուն մէջ կ՚ապ­րի հա­մա­ցան­ցի օգ­տա­տէ­րե­րուն 67 տո­կո­սը: Ան­ցեալ տա­րի այդ ցու­ցա­նի­շը կազ­մած է 61 տո­կոս:

Ի­րա­ւա­պաշտ­պան­նե­րու կար­ծի­քով՝ աշ­խար­հի 28 եր­կիր­նե­րու մէջ հա­մա­ցան­ցը մա­սամբ ա­զատ է, եւս 17-ի մէջ գրաքն­նու­թիւ­նը գրե­թէ կը բա­ցա­կա­յի:

Հա­մա­ցան­ցի ա­զա­տու­թեան յա­ռա­ջա­տար հնգեա­կին մէջ յայտ­նուած են Էս­թո­նիան, Իզ­լան­տիան, Գա­նա­տան, Ամե­րիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Գեր­մա­նիան: Այս ցան­կին մէջ յայտ­նուած են նաեւ Վրաս­տա­նը եւ Հա­յաս­տա­նը:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016