ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄ ՄՕՏԵՑՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ պատ­րաստ է հան­դի­պիլ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի հետ՝ ե­թէ այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ օ­գուտ մը։

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, ռու­սա­կան «Ռո­սիա Սե­կոտ­նիա»ին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Սերժ Սարգ­սեան ը­սաւ. «Մենք եր­բեք չենք հրա­ժա­րած ո­րե­ւէ տե­սա­կի հան­դի­պու­մէ՝ ըլ­լայ նա­խա­գա­հի, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի, ըլ­լայ նոյ­նիսկ աշ­խա­տան­քա­յին մա­կար­դա­կի վրայ։ Մենք միշտ կողմ­նա­կից ենք, որ այդ հան­դի­պում­նե­րը օ­գուտ բե­րեն, յա­ռաջ­խա­ղա­ցում մը ըլ­լայ։ Ե­թէ չկայ յա­ռաջ­խա­ղա­ցում, ե­թէ մենք կը հան­դի­պինք, իսկ հե­տա­գա­յին չեն կա­տա­րուիր պայ­մա­նա­ւո­ր-ւա­ծու­թիւն­նե­րը, ա­պա տա­կա­ւին ի՞նչ օ­գուտ այդ հան­դի­պում­նե­րէն»։

­Սարգ­սեան շեշ­տեց, որ հայ­կա­կան կող­մը պատ­րաստ է ան­մի­ջա­պէս ստո­րագ­րել հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու ուղ­ղեալ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ «Մենք կը փա­փա­քինք, որ թէ՛ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը, թէ հա­մաշ­խար­հա­յին հան­րու­թիւ­նը ստոյգ ի­մա­նան, որ ո՛վ կը խախ­տէ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը», ը­սաւ ան եւ յի­շե­ցուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս մշա­կուած է ե­րեք սկզբունք հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ Այդ սկզբունք­նե­րը գո­յու­թիւն ու­նին մին­չեւ հի­մա։ Ե­րե­ւան պատ­րաստ է Պա­քուի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու վե­րա­դառ­նա­լու, սա­կայն միայն այդ սկզբունք­նե­րուն հի­ման վրայ։ «Ի հար­կէ, մենք կը հասկ­նանք, որ խնդի­րը պէտք է հիմ­նուի փոխ­զի­ջում­նե­րու վրայ։ Սա այն դէպ­քը չէ, որ յաղ­թած է Հա­յաս­տա­նը կամ Ատր­պէյ­ճա­նը, կամ ալ Ղա­րա­բա­ղը», ը­սաւ Սարգ­սեան։

Նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ու­րիշ հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նեց, որ կ՚ե­րա­զէ այն օ­րը, երբ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ պի­տի ըլ­լայ կա՛մ ան­կախ պե­տու­թիւն եւ կամ պի­տի ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի կազ­մին մէջ։ Ան շա­րու­նա­կեց.

«Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը տուն վե­րա­դառ­նան։ Եւ մենք ա­մէն օր չենք մտա­ծեր, թէ ինչ­պէս մեղ­մաց­նենք զո­հուած տղա­նե­րու ծնող­նե­րուն ցա­ւը։ Կ՚ու­զեմ, որ­պէս­զի Թուր­քիոյ հետ մեր սահ­մա­նը բա­ցուի։ Կ՚ու­զեմ, որ թուրք ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հասկ­նայ, որ ին­քը մե­ղա­ւոր չէ այն բա­նին մէջ, որ Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն ներս ի­րա­գոր­ծուած է հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ի՞նչ է թուրք ե­րի­տա­սար­դու­թեան մեղ­քը։ Կը հասկ­նա՞ք, ես կը փա­փա­քիմ, որ մար­դիկ Եւ­րո­պա­յէն ժա­մա­նեն Հա­յաս­տան, ինչ­պէս այ­սօր մենք Հա­յաս­տա­նէն հա­ճոյ­քով կը մեկ­նինք Եւ­րո­պա ու կը հիա­նանք, թէ կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի մէջ ինչ­պի­սի մեծ զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րուած է գի­տու­թեան, թեք­նի­կի, ըն­կե­րա­յին ո­լորտ­նե­րու մէջ։ Ես կ՚ու­զեմ (սա թե­րեւս, իմ ա­մե­նաա­նի­րա­կա­նա­նա­լի ե­րազն է), որ­պէս­զի բո­լոր հա­յե­րը հա­ւա­քուին Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Կը հասկ­նա՞ք, թէ սա ինչ շատ կ՚ըլ­լայ։ Երբ ա­նոնք բո­լո­րը, ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­ւա­քուին՝ նոյն հար­ցի շուրջ չորս կար­ծիք կ՚ըլ­լայ։ Բայց փո­խա­րէ­նը, յար­մա­րա­ւէտ կ՚ըլ­լայ։ Մենք ու­ժեղ ենք միա­սին»։

­Սերժ Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ կը փա­փա­քի, թէ հա­յոց ազ­գա­յին գա­ղա­փար­նե­րը ի­րա­կա­նու­թիւն դառ­նան։ Ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րը ու­ժեղ, ա­մուր պե­տու­թիւն դառ­նալն է, խնդիր­ներ չու­նե­նալ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Թուր­քիոյ հետ։

Հար­ցազ­րոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան, ի պա­տաս­խան ու­րիշ հար­ցու­մի մը՝ Սերժ Սարգ­սեան յայտ­նած է, որ հայ-թրքա­կան սահ­մա­նին բա­ցու­մը Հա­յաս­տա­նէն կա­խում չու­նի։

Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեանի այս հարցազրոյցը արձագանգ գտած է նաեւ թրքական որոշ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի  Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն Ռու­սաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ ու­նե­ցան հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին անդ­րա­դար­ձան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով եւ Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ժան-Մարք Էյ­րօ ար­ծար­ծե­ցին նաեւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի կա­ցու­թիւ­նը։ Ֆրան­սա­կան կող­մի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ա­ջակ­ցե­լու վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին լու­ծում մը գտնե­լու նպա­տա­կով։

Իր կար­գին, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րը՝ Մա­րիա Զա­խա­րո­վան ալ ե­րէկ անդ­րա­դար­ձաւ ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին։ Ըստ ի­րեն, հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս պա­տա­հած հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան մը հաս­տա­տու­մէն հրա­ժա­րած է Ատր­պէյ­ճան։ Ռուս բան­բե­րը նշեց, որ Մոս­կուա­յի մօ­տե­ցու­մով այս խնդի­րը կը մնայ այժ­մէա­կան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016