ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ կազ­մա­կեր­պեց կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը, որ ան­ցաւ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած այս հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Նաք­քաշ­թե­փէի «Պրիճ» ճա­շա­րա­նին մէջ։ Վոս­փո­րի գե­ղա­տե­սիլ մթնո­լոր­տին մէջ Ծնո­ղաց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Ա­ւե­լի վերջ նա­խա­ճա­շի սե­ղա­նի շուրջ հա­մախմ­բուած տի­կին­նե­րը հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին ի­րա­րու հետ։ Տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն մը։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին մաս կը կազ­մեն հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան, Սե­դա Պէ­շիկ­թաշ­լեան, Այ­լին Սան­դա­լու, Իլ­տա Աշ­ճը, Սի­րա­նոյշ Քե­շի­շօղ­լու, Ան­նա Սա­րըօղ­լու, Նա­թա­լի Օք­թայ, Դա­լար Տո­լար, Զիւ­պէյ­տէ Կէօք­չէ, Է­լիզ Ահ­չը, Պրի­ժիտ Իս­քէն­տէ­րօղ­լու, Լե­տա Խրի­մեան, Լեռ­նա Էօր­տէ­քօղ­լու, Սիլ­վա Քը­րա­լըմ, Հայ­րի­յէ Փէք, Լու­սի Չը­նար, Շի­լա Մի­նազ, Լո­րա Օք­թայ եւ Ա­րի Թա­շ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016