ԽԱՅՏԱԲՂԷՏ ԲԱԽՏՈՐՈՇ ՊԱՏԿԵՐ

Ըն­կա­լեալ չա­փա­նիշ­նե­րուն գո­յու­թիւ­նը պէտք չէ հա­մա­րել սահ­մա­նա­փա­կում, այլ զա­նոնք պէտք է ըն­կա­լել որ­պէս կա­րե­լիու­թիւն։ Բո­լոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նին ի­րենց պատ­կա­նած հա­սա­րա­կու­թեան, երկ­րին կամ ի­րենց հո­վա­նա­ւոր լծակ­նե­րուն նկատ­մամբ, իսկ չա­փա­նիշ­նե­րը, մաս­նա­գի­տա­կան բա­րո­յա­գի­տու­թիւ­նը կ՚ե­րաշ­խա­ւո­րեն՝ որ­պէս­զի այդ բո­լոր քա­րե­րը ի­րենց տեղն իյ­նան ա­ռանց լճաց­ման վտան­գի ստեղծ­ման։ Սփիւռ­քի մամ­լոյ պա­րա­գա­յին այդ «պաշ­տօ­նա­կան» լրա­տուա­մի­ջոց կամ օր­կան ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը կը պատ­ճա­ռա­բա­նուի ազ­գի շա­հե­րուն ծա­ռա­յե­լու հան­գա­ման­քով։ Մեր դի­տար­կու­մով, այս կէ­տին վրայ կը շփո­թուին յարդն ու կո­թը։ Հա­ւա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը միշտ ալ գի­տակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ չա­փում­նե­րով պէտք է ըն­կա­լուին, այլ ոչ թէ պար­տադ­րանք­նե­րով։ Վե­րո­յի­շեալ հար­ցադր­ման նշա­նա­կու­թիւ­նը կը բիւ­րե­ղա­նայ նաեւ այս կէ­տին վրայ։ Ե­րե­ւոյ­թը կը ման­րա­մաս­նենք անդ­րա­դառ­նա­լու հա­մար նիւ­թի մը, որ այս վեր­ջին հա­ւա­քին ժա­մա­նակ մատ­նան­շուե­ցաւ յստա­կօ­րէն։ Հա­մա­հայ­կա­կան գետ­նի վրայ լրագ­րող­նե­րու այս հա­ւաք­նե­րուն ինչ­պէ՞ս ներգ­րա­ւել այն հայ լրագ­րող­նե­րը, ո­րոնք կ­­՚աշ­խա­տակ­ցին մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յին։ Սա կ՚ե­րե­ւի միակ զուտ մաս­նա­գի­տա­կան խնդիրն էր, որ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ մեր ու­թե­րորդ հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։ Այս հար­ցը թէեւ վա­ղուց կը քննար­կուէր, սա­կայն այս ան­գա­մուան ընդգ­ծու­մը ե­ղաւ տար­բեր։ Ու­շագ­րաւ էր, որ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներն ալ խօ­սե­ցան այս մա­սին։ Ա­յո՛, տա­րի­նե­րէ ի վեր կայ սոյն հար­ցը, սա­կայն զար­գա­ցում մը ա­պա­հո­վել հնա­րա­ւոր չէ ե­ղած։ Այս ան­գամ սոյն նիւ­թը ընդգ­ծուե­ցաւ զգա­լիօ­րէն տար­բեր շեշ­տով։ Շօ­շա­փե­լի ար­դիւն­քի սպա­սու­մը թէեւ ան­վի­ճե­լի էր, սա­կայն դժուար է ը­սել, որ հա­մա­պա­տաս­խան են­թա­գե­տի­նը պատ­րաստ է։ Մեր հա­մոզ­մամբ, այդ շեշ­տադ­րու­մը պէտք է դի­տար­կել ան­ցեալ Ապ­րի­լի սկիզ­բին Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ պա­տա­հած քա­ռօ­րեայ ռազ­մա­կան լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պրիս­մա­կէն։ Մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի մօտ հայ­կա­կան տե­սա­կէտ­նե­րուն հնչո­ղու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու խնդի­րը դար­ձած է ա­ռա­ւել հրա­տապ։

Աշ­խար­հի զա­նա­զան յա­ռա­ջա­տար լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն մօտ այ­սօր կ­­՚աշ­խա­տին բազ­մա­թիւ հե­ղի­նա­կա­ւոր հա­յազ­գի մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­ներ։ Ար­հես­տա­վարժ­ներ են ա­նոնք եւ ո­մանք մաս կը կազ­մեն տուեալ լրա­տուա­մի­ջո­ցի ղե­կա­վա­րու­թեան։ Այդ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը յա­ճախ կ՚անդ­րա­դառ­նան հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի հրա­տապ հար­ցե­րուն։ Եր­բեմն հե­ղի­նակ­նե­րը կ՚ըլ­լան բո­լո­րո­վին օ­տար մար­դիկ, եր­բեմն ալ կրնայ պա­տա­հիլ, որ հե­ղի­նա­կը ըլ­լայ հա­յազ­գի լրագ­րող մը կամ մեկ­նա­բան մը։ Այս­տեղ կան նրբու­թիւն­ներ։ Այդ հայ լրագ­րող­նե­րը մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի ըն­դու­նուած ձե­ւա­չա­փերուն մէջ պէտք է լու­սա­բա­նեն այն խնդիր­նե­րը, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին հա­յու­թեան օ­րա­կար­գին կամ կ­­՚ա­ռըն­չուին ա­նոր հետ։  Հե­ղի­նա­կը կաս­կած պէտք չէ յա­րու­ցէ ա­նա­չա­ռու­թեան եւ ան­կողմ­նա­կա­լու­թեան տե­սա­կէ­տէ։ Ե­թէ յան­կարծ ստեղ­ծուի այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ կա­մայ-ա­կա­մայ ա­ռար­կա­յա­կա­նու­թե­նէ կը հե­ռա­նայ իր ար­տամ­նե­րուն ազ­դե­ցու­թեամբ, ա­պա այդ պա­րա­գա­յին ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն դէմ յան­դի­ման կը մնայ պի­տա­կա­ւոր­ման վտան­գի։ Պէտք չէ մոռ­նալ, որ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից հա­յազ­գի լրագ­րող­նե­րը թէեւ կրնան ըլ­լալ հայ, բայց որ­քան ա­տեն, որ ի­րենց աշ­խա­տակ­ցած լրա­տուա­մի­ջո­ցը հայ­կա­կան չէ՝ այդ հան­գա­ման­քը ար­դէն լուրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ կրնայ բե­րէ ի­րենց։ Որ­պէս ար­հես­տա­վարժ­ներ՝ ա­նոնք չեն կրնար ան­տե­սել այդ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը եւ հա­ւա­նա­կան ա­կա­մայ սայ­թա­քում­նե­րը ճա­կա­տագ­րա­կան կրնան ըլ­լալ ա­նոնց տե­սա­կէ­տէ։ Հե­տե­ւա­բար, ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ ակն­կա­լու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ նրբան­կա­տօ­րէն պէտք է հաշուար­կել այս բո­լոր հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը։ Ե­թէ ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը, այդ մի­ջա­վայ­րին մէջ ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լու­թիւն մըն է, ա­պա շատ ու­շա­դիր, չա­փուած-կշռուած պէտք է գոր­ծել ի­րենց դիր­քը չվնա­սե­լու, հե­տե­ւա­բար նաեւ այդ ա­ռա­ւե­լու­թե­նէն չզրկուե­լու հա­մար։

Թէ որ­քա՞ն ի­րա­տես է՝ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից հա­յազ­գի լրագ­րող­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ձգո­ղա­կա­նու­թիւ­նը այս հա­րթա­կին։ Այ­սինքն, Հա­մա­հայ­կա­կան լրագ­րող­նե­րու հա­ւաք­նե­րը կրնա՞ն հար­թակ ըլ­լալ՝ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից հա­յազ­գի մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն հա­մար։ Կան­խաւ յայտ­նենք, որ մեր կար­ծի­քով՝ ոչ, սա այն հար­թա­կը չէ։ Սա­կայն սա չի նշա­նա­կեր, որ այս հար­թա­կին վրայ ը­նե­լիք ո­չինչ կայ այս ա­ռու­մով։ Բաղ­դա­տա­կան պարզ օ­րի­նա­կով մը նշենք, որ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից հա­յազ­գի լրագ­րող­նե­րու հա­մախմ­բու­մը չի նմա­նիր օ­տա­րա­գիր հայ գրող­նե­րը հա­մախմ­բե­լու կամ ա­նոր նման նա­խա­ձեռ­նու­թեան մը, ինչ որ ան­գամ մը փոր­ձուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ո­րով­հե­տեւ, գրո­ղի պա­րա­գա­յին խօս­քը կը վե­րա­բե­րի գե­ղա­րուես­տի, գրա­կա­նու­թեան, այ­սինքն ար­տադ­րան­քը «ֆիք­սիոն» մըն է։ Այս­տեղ կրնան դեր մը խա­ղալ ար­մատ­նե­րը, ո­րոնց ազ­դե­ցու­թիւ­նը կամ նոյն­իսկ ներշն­չան­քը մշա­կու­թա­յին ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րու հետ ա­ռըն­չու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ։ Լրագ­րո­ղի պա­րա­գան ճիշդ հա­կա­ռակն է։ Հա­մա­հայ­կա­կան լրագ­րող­նե­րու հա­մա­ժո­ղով­նե­րը զուտ ազ­գա­յին, բա­ցա­ռա­պէս հայ­կա­կան հար­թակ մը կը հան­դի­սա­նան ի­րենց բնոյ­թով։ Վեր­ջին հա­ւա­քին կար­գա­խօսն ալ ինք­նին վկա­յու­թիւն մը կը հա­մա­րուի այս ա­ռու­մով. «Հա­յոց պե­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ միաս­նա­կա­նու­թեան ա­ռանցք»։ Հա­յաշ­խար­հի ներ­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ շատ դի­պուկ, խօ­սուն բա­նա­ձե­ւում մը գտած է շեշ­տադ­րու­մը։ Գործ­նա­կա­նին մէջ, այս բո­լո­րին ծայ­րը կը հաս­նի այն կէ­տը, ուր հայ­կա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը ինք­նա­կա՛մ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան կը վե­րագ­րեն քա­րոզ­չա­մի­ջո­ցի բնոյթ եւ սա կը բա­ցատ­րուի ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ։ 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վի բաց­ման հան­դի­սա­ւոր նիս­տին խօ­սուած ճա­ռերն ալ կու գային ա­պա­ցու­ցա­նել այս ե­րե­ւոյ­թը։ Նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան յայտ­նեց, որ սփիւռ­քի հա­մար պե­տա­կա­նու­թիւ­նը միաս­նա­կա­նու­թեան հիմ­նա­կան ա­ռանցքն է։ Կա­րե­ւո­րե­լով ա­պա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն­նե­րու կա­սե­ցու­մը՝ ան կանգ ա­ռաւ սփիւռ­քը ա­ռա­ւել կազ­մա­կեր­պուած, հա­մախմ­բուած դարձ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին վրայ։ Նա­խա­րա­րը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, լրագ­րող­նե­րու հա­ւա­քը հա­մա­րեց՝ ինք­նին ար­ժէք։ Իր կար­գին, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի տնօ­րէն Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեանն ալ դի­տել տուաւ, որ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար հա­րա­զատ զա­ւակ է հայ մա­մու­լը, ո­րուն ծնունդ տուած է հայ հո­գե­ւո­րա­կան մը։ Ըստ ի­րեն, սա է ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բե­րու­մը հայ մա­մու­լին նկատ­մամբ։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՉԿԱՅ ՈՐԵՒԷ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ»

Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ա­ռիթն ու­նե­ցանք Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հար­ցում մը ուղ­ղե­լու Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։ Ի պա­տաս­խան՝ ան յայտ­նեց, թէ այս ուղ­ղու­թեամբ ո­րե­ւէ նո­րու­թիւն, ո­րե­ւէ շարժ չկայ։ «Փո­փո­խու­թիւն մը չկայ այն պա­հէն ի վեր, երբ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ետ կան­չե­ցինք խորհր­դա­րա­նէն։ Այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ետ չկան­չե­ցինք՝ այն պատ­ճա­ռով, որ ա­նոնք մեր շա­հե­րուն դէմ էին։ Հի­մա ար­դէն բո­լո­րը կը հասկ­նան։ Ե­թէ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը մե­զի ի նպաստ ըլ­լա­յին, ա­պա Թուր­քիա վա­ւե­րա­ցու­ցած պի­տի ըլ­լար զա­նոնք։ Ը­սե­լիք նոր բան մը չու­նիմ, վի­ճա­կը նոյնն է։ Մենք պատ­րաստ ենք ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու։ Թուր­քիա ինչ­քան որ ալ մեծ եր­կիր մը ըլ­լայ՝ Հա­յաս­տան պատ­րաստ չէ նա­խա­պայ­ման­ներ ըն­դու­նե­լու», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին զա­նա­զան հար­ցում­նե­րու պա­տաս­խա­նե­լով Սերժ Սարգ­սեան մատ­նան­շեց նաեւ, թէ Հա­յաս­տան եր­բեք չէ փոր­ձած ու չի փոր­ձեր մի­ջազ­գա­յին գետ­նի հա­կադ­րու­թիւն­նե­րուն մի­ջո­ցաւ շահ ա­պա­հո­վել։ Ըստ ի­րեն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը որ­քան որ լաւ ըլ­լան՝ Հա­յաս­տա­նի հա­մար այն­քան լաւ է։ Սարգ­սեան դրա­կան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Ռու­սաս­տան-Թուր­քիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կայ դրա­կան եր­թը։ Մեկ­նա­բա­նե­լով մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լի լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը՝ Սարգ­սեան յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան լա­րուա­ծու­թիւն­նե­րը, պա­տե­րազ­մի հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը կրնան կոր­ծա­նա­րար ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ։

Հա­մա­ժո­ղո­վի շրջագ­ծով ա­ռիթն ու­նե­ցանք Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ շօ­շա­փել նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի մօ­տե­ցում­նե­րը։ Վար­չա­պե­տը հա­մո­զուած է, որ Հա­յաս­տա­նի շա­հե­րէն կը բխի հա­րե­ւան­նե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լոր­տի մը ձե­ւա­ւո­րու­մը։ «Մենք բա­րե­համ­բոյր կը վա­րուինք բո­լո­րին նկատ­մամբ ու բաց ենք բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հա­մար։ Ոե­ւէ մէ­կուն հետ ըն­կե­րու­թիւն չենք ը­ներ ի հա­շիւ այլ ըն­կե­րու­թեան», ը­սաւ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿՈՂՄՆԱԿԻՑ Է՝ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐԻՆՍ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ»

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս ժամ զրու­ցեց Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան 8-րդ հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րուն հետ։ Մեր հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ այ­ցե­լեց Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րը, որ շա­հա­գործ­ման յանձ­նուած է՝ երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան նոր մաս­նա­շէն­քի կար­գա­վի­ճա­կով։ Նա­խա­րար Նալ­պան­տեան մեր հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը դի­մա­ւո­րեց ինչ­պէս միշտ։ Ան­թե­րի ա­րա­րո­ղա­կարգ, կա­տա­րեալ մի­ջա­վայր, դէմ­քի վրայ ժպիտ ու մա­նա­ւանդ հա­մո­զիչ զրու­ցա­կից... Իր ստո­րո­գե­լի­ներն են այս բո­լո­րը։ Հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նին հետ զրու­ցե­ցին Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան օ­րա­կար­գի զա­նա­զան հար­ցե­րուն շուրջ։ Մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րուն լոյ­սին տակ, դի­ւա­նա­գի­տա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ Նալ­պան­տեան մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ ը­րաւ՝ ա­ռար­կա­յա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը հա­մադ­րե­լով իր փոր­ձա­ռու­թեամբ։

Մեր կար­ծի­քով, այս հան­դի­պու­մը նախ եւ ա­ռաջ անգ­նա­հա­տե­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն էր՝ վե­րա­հա­սու դառ­նա­լու հա­մար Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի վեր­ջին կա­ցու­թեան։ Հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան թիւ մէկ դէմ­քը ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց ի­րա­վի­ճա­կը եւ հիմ­նա­ւո­րուած տուեալ­նե­րով բա­ցատ­րեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի ան­կեղծ ձգտու­մը՝ խա­ղա­ղու­թեան։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ներ­կա­յիս ամ­բողջ աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի վրայ եւ այն­տեղ ող­բեր­գա­կան վի­ճա­կի մատ­նուած են նաեւ հա­յե­րը՝ մենք Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կար­ծի­քը շօ­շա­փե­ցինք այս մա­սին։ Ան ի­րադ­րու­թիւ­նը մեկ­նա­բա­նեց առ­կայ խայ­տաբ­ղէտ բախ­տո­րոշ պատ­կե­րի տե­սան­կիւ­նէն։ Ան յի­շե­ցուց, որ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հա­յե­րը կը գտնուին՝ հա­կա­դիր ու­ժե­րու հա­կակշ­ռին տակ գտնուող վայ­րե­րու մէջ։ Ա­ւե­լի՛ն, յա­րա­փո­փոխ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը կ՚են­թար­կուին հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թեան։ Ըստ Նալ­պան­տեա­նի, այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Հա­յաս­տա­նի հիմ­նա­կան նպա­տակն է հնա­րա­ւո­րինս նպաս­տել Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի հա­յոց անվ­տան­գու­թեան։ Կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը նոր զո­հե­րու կանխուիլն է, ո­րով­հե­տեւ այդ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հա­յե­րը կը գտնուին շատ ծանր ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ։ Ա­նոնք պար­տա­ւոր են հնա­րա­ւո­րինս բո­լոր կող­մե­րու հետ կա­պի մէջ ըլ­լալ։ «Մենք չենք ու­զեր հա­յու­թեան վի­ճա­կը ա­ւե­լի նրբաց­նել։ Տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս հնա­րա­ւո­րինս պէտք է պահ­պա­նել մեր ժա­ռան­գու­թիւ­նը, ու փոր­ձել՝ նպաս­տել հայ­կա­կան հա­մայնք­նե­րու չքայ­քայ­ման։ Պէտք է լիա­կա­տար տի­րա­պե­տել բո­լոր նրբու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց պա­րա­գա­յին միշտ կ՚ապ­րուին փո­փո­խու­թիւն­ներ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ ամ­բողջ դէպ­քե­րը կ՚ապ­րուին Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն հա­զիւ քա­նի մը հա­րիւր քի­լօ­մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ։ Ե­րե­ւան կը կա­րե­ւո­րէ, որ­պէս­զի հայ­կա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րինս պահ­պա­նուի Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ։

«Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւնն է հնա­րա­ւո­րինս ա­ջակ­ցիլ այն հա­յուն, որ աշ­խար­հի ո­րե­ւէ մէկ տե­ղը մատ­նուած է դժուա­րու­թեան», ընդգ­ծեց նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ այ­սօր սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար Հա­յաս­տա­նի կող­մէ կա­տա­րուա­ծը օ­րի­նա­կե­լի կը հա­մա­րուի նոյ­նիսկ աշ­խար­հի հզօր եր­կիր­նե­րուն կող­մէ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2016