«ՀԱՅ ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐԸ ԿՐՆԱՆ ՈՒՆԵՆԱԼ ԻՐԵՆՑ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ՝ ՈՐՊԷՍԶԻ ԵՒՐՈՊԱՆ ԱՒԵԼԻ ԲԱՑ ԴԱՌՆԱՅ»

Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի Հե­տա­զօ­տու­թեան, գի­տու­թեան եւ նո­րա­րա­րու­թեան հար­ցե­րով յանձ­նա­կա­տար Քար­լոս Մոէ­տաս, որ ԵՄ-ի Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջագ­ծով նա­խա­տե­սուած երկ­խօ­սու­թեան հան­­դիպ­ման մը հա­մար կը գտնուէր Ե­րե­ւա­նի մէջ, ե­րէկ այ­ցե­լեց Մա­տե­նա­դա­րան։ Յանձ­նա­կա­տար Մոէ­տա­սին ըն­կե­րա­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտչեան։ Բաց աս­տի, եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րը նա­խա­րա­րին ու­ղեկ­ցու­թեամբ այ­ցե­լեց Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Բնա­պահ­պա­նա­կան եւ նօօս­ֆե­րա­յի կեդ­րո­նը, ինչ­պէս նաեւ «ԹՈՒ­ՄՕ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րո­նը։

Մա­տե­նա­դա­րա­նի մէջ տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նա­կա­տար Վա­հան Տէր-Ղե­ւոն­դեան յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց եւ­րո­պա­ցի յանձ­նա­կա­տա­րին, որ այն­տեղ կա­տա­րեց շրջայց մը։

Քար­լոս Մոէ­տաս այս շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին յայտ­նեց, որ հայ գիտ­նա­կան­նե­րը կրնան ի­րենց ներդ­րու­մը ու­նե­նալ՝ Եւ­րո­պան ա­ւե­լի բաց դարձ­նե­լու գոր­ծըն­թա­ցին մէջ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016