AIR FRANCE ԿԸ ՏՕՆԷ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Նախընթաց օր, Air France նշած է Փարիզ-Երեւան թռիչքներու հաստատման 10-րդ տարեդարձը: Air France-ի առաջին թռիչքը տեղի ունեցած էր 2006 թուականին՝ Շարլ Ազնաւուրի մասնակցութեամբ: Այս տասը տարիներու ընթացքին Փարիզ-Երեւան թռիչքներէն օգտուած է աւելի քան 500 հազար ճամբորդ:
Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին այս մասին յայտնած է Air France KLM-ի տարածքաշրջանային վարիչ Ֆրանք Վան՚թ Հոֆ:
Հայաստանի մէջ Air France-ի պաշտօնական ներկայացուցիչը Executive Travel գործակալութիւնն է: Ներկայացուցչութեան նախագահ-համասեփականատէր Լեւոն Պաղտասարեան, որ նոյնպէս կը մասնակցէր դեսպանատան մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին՝ նշած է, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ, երբ թռիչքները անկանոն դարձան, դէպի Հայաստան թռիչքի անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ, ինչ որ առիթ ընծայեց չարթըրային թռիչքներու հաստատման, ապա, ժամանակի ընթացքին, երբ ճամբորդներու հոսքը մեծցաւ, իրենց ընկերութիւնը Air France-ին Հայաստան գալու առաջարկ ներկայացուց: Ըստ Լեւոն Պաղտասարեանի, տարուէ տարի թռիչքներու յաճախականութիւնը աւելցաւ, ճամբորդներու հոսքը մեծցաւ: Այժմ՝ ամրան շրջանին Air France Երեւանէն դէպի Փարիզ եւ հակառակ ուղղութեամբ շաբաթական չորս թռիչք կը կատարէ, ձմրան՝ երկու: Ինչ կը վերաբերի տոմսերու սակագիներուն, Պաղտասարեան ըսած է, որ արդէն մէկ ամիսէն աւելի է՝ Երեւանէն Փարիզ մեկնողներու համար տոմսի գինը 25 տոկոսով նուազած է:
Ան նշած է նաեւ որ լուրջ ջանքեր ի գործ կը դնեն դէպի Երեւան թռիչքներու թիւը աւելցնելու համար, ընդգծելով նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ «բաց երկինք»ի քաղաքականութեան որդեգրումը կարեւոր հանգրուան մըն էր երկրին զբօսաշրջութիւնը եւ տնտեսութիւնը խթանելու տեսանկիւնէն:
Միւս կողմէ, օրը զուգադիպելով Beaujolais nouveau գինիի տօնին, յոբելեանը նշուած է 2016-ի բերքին ճաշակումով: