ՅԱՍՄԻԿ ՏՈԼՄԱՃԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԲԱՐՁՐ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Զուի­ցե­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նորդ Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեան պար­գեւատրուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի բարձր շքան­շա­նով։ Ժը­նե­ւի մէջ, Ֆրան­սա­յի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թեան եր­դի­քին տակ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ պար­գե­ւատր­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Այս առ­թիւ Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեա­նին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նուե­ցաւ «Ordre nationale du Mérite» շքան­շա­նը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Զուի­ցե­րիոյ մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պան, մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Է­լի­զա­պէթ Լո­րէն հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Յա­նուն Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի ան Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեա­նին յանձ­նեց բարձր պար­գե­ւը։ Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Է­լի­զա­պէթ Լո­րէն կա­րե­ւո­րեց Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեա­նի աշ­խա­տան­քը՝ ի նպաստ հայ-ֆրան­սա­կան բա­րե­կա­մու­թեան ամ­րապնդ­ման։ Այդ բա­րե­կա­մու­թիւ­նը դրսե­ւո­րուած է ինչ­պէս Փա­րի­զի մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թե­նէն ներս, այն­պէս ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս Տոլ­մա­ճեա­նի կող­մէ ծաւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։

Դես­պան Լո­րէն դրուա­տի­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Ժը­նե­ւի մէջ՝ ՄԱԿ-ի գրա­սե­նեա­կէն ներս Տոլ­մա­ճեա­նի ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ ան ա­ռանձ­նա­ցուց Մար­դու ի­րա­ւանց խոր­հուր­դին մօտ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ա­ռա­ջադ­րուած Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու կան­խար­գիլ­ման բա­նա­ձե­ւի միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դուն­ման ճա­նա­պար­հին գոր­ծադ­րուած կա­րե­ւոր քայ­լե­րը։

Իր կար­գին, Յաս­միկ Տոլ­մա­ճեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց բարձր պար­գե­ւին հա­մար։ Ան մե­ծա­պէս կա­րե­ւո­րեց հայ-ֆրան­սա­կան դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը, Հա­յաս­տա­նի եւ Ֆրան­սա­յի մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած ա­ռանձ­նաշ­նոր­հեալ միջ­պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներն ու բարձ­րա­գոյն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կին վրայ հաս­տա­տուած սերտ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­րոր­դում­նե­րով, պար­գե­ւատր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան Ժը­նե­ւի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­ներ, ՄԱԿ-ի եւ այլ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­ներ եւ զուի­ցե­րա­հայ հա­մայն­քէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016