ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՀԲԸՄ-Ի 110-ԱՄԵԱԿԸ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեայ յո­բե­լեա­նը յա­ռա­ջի­կայ ամ­սուան սկիզ­բին պի­տի նշուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս­պէս, 1-5 Դեկ­տեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն Ե­րե­ւա­նի մէջ յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շարք մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ եւ այդ շար­քը պի­տի հա­մախմ­բէ ՀԲԸՄ-ի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ան­դամ­նե­րը, գոր­ծըն­կեր­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը։ Այս տօ­նախմ­բու­թիւ­նը նշա­նա­կա­լի ի­րա­դար­ձու­թեան մը պի­տի վե­րա­ծուի վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար ՀԲԸՄ-ի եր­կա­րա­մեայ կար­գա­խօ­սը՝ «Միու­թիւ­նը զօ­րու­թիւն է»։

Դեկ­տեմ­բե­րի 1-ին նա­խա­տե­սուած է մաս­նա­ւոր գնա­հա­տան­քի օր մը՝ ՀԲԸՄ-ի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն հա­մար։ Դեկ­տեմ­բե­րի 2-ին նա­խա­տե­սուած է մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, նաեւ «ՀԲԸՄ-ի հա­րիւ­րա­մեայ պատ­մու­թիւն» ե­լեկտ­րո­նա­յին գիր­քի շնոր­հան­դէ­սը՝ Հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցա­յին հա­մալ­սա­րա­նի ներ­կա­յաց­մամբ։ Նոյն օ­րը ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի դահ­լի­ճին մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ «ՀՈ­ԳԻՍ» ե­րաժշ­տա­կան պա­րա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը։

Դեկ­տեմ­բե­րի 3-ին, «ՀԲԸՄ զրոյց­ներ» շար­քին շրջագ­ծով ե­լոյթ մը պի­տի ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան։ Դեկ­տեմ­բե­րի 4-ին նա­խա­տե­սուած է պաշ­տօ­նա­կան կա­լայ-ընթ­րիք մը, ո­րուն զու­գա­հեռ նուի­րա­հա­ւաք պի­տի կա­տա­րուի միու­թեան ծրագ­րե­րուն հա­մար։

Շար­քի վեր­ջին օ­րը՝ Դեկ­տեմ­բե­րի 5-ը յատ­կա­ցուած պի­տի ըլ­լայ «Օգ­նենք Ար­ցա­խին» ար­շա­ւին։ Այս­պէս, ՀԲԸՄ-ի կող­մէ բժշկա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ պի­տի նուի­րուին Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան։ Նոյն օ­րը, յետ­մի­ջօ­րէին, ՀԲԸՄ-ի «Վա­հէ Կա­րա­պե­տեան» կեդ­րո­նէն ներս պի­տի կա­տա­րուի Սու­րիա­հա­յոց բժշկա­կան կեդ­րո­նի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։

ՀԲԸՄ հայ­կա­կան սփիւռ­քի խո­շո­րա­գոյն մար­դա­սի­րա­կան հաս­տա­տու­թիւնն է եւ հա­մա­հայ­կա­կան գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­րու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ուղ­ղուած է հայ­կա­կան ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման՝ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին ու մար­դա­սի­րա­կան ծրագ­րե­րու մի­ջո­ցաւ։ Միու­թեան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու տես­լա­կա­նի, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր բա­րե­րար­նե­րուն ու ան­դամ­նե­րուն օ­ժան­դա­կու­թեան մի­ջո­ցաւ ՀԲԸՄ տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կէ իր ծան­րակ­շիռ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու եւ ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ՝ հե­տա­մուտ ըլ­լա­լով բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու պա­հանջ­նե­րուն ու կա­րիք­նե­րուն հա­մա­հունչ նա­խագ­ծե­րուն։ Հարկ է նշել, որ ա­մէն տա­րի աշ­խար­հի վրայ շուրջ 500 հա­զար հայ կ՚ա­ռըն­չուի ՀԲԸՄ-ի ծրագ­րե­րուն հետ։ Միու­թիւ­նը, որ ու­նի աշ­խար­հա­տա­րած 74 մաս­նա­ճիւ­ղեր, հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ իր կոչ­ման՝ նպաս­տե­լու հա­մար հա­մայն հա­յու­թեան բար­գա­ւաճ­ման ուղ­ղեալ հիմ­քե­րու ստեղծ­ման։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016