ԵՏ ՔԱՇՈՒԵԼՈՒ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ ՓԵՏ անպայման սա կամ նա ձեւով ետ պիտի քաշուի դէպի Եփրատի արեւելքը՝ հեռանալով Մենպիչէն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս նիւթին շուրջ ի սկզբանէ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ։ Ըստ վարչապետին, ամերիկեան կողմը իւրաքանչիւր հանդիպման ընթացքին կը վերահաստատէ այդ համաձայնութիւնը ու կը շեշտէ, որ անհրաժեշտը պիտի ընէ այդ ուղղութեամբ։ «Տակաւին կը շարունակենք սպասել այդ մէկուն իրականացումը։ Պիտի քաշուին, սա կամ նա ձեւով ետ քաշուելու պիտի պարտաւորուին», ըսաւ վարչապետը՝ երէկ Ուրբաթի աղօթքէն դուրս գալու ժամանակ Անգարայի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։
CNN Türk-ի հաղորդումներով, Պինալը Եըլտըրըմի այս յայտարարութիւններուն հետ գրեթէ նոյնաժամանակ ԵՓԿ-ականները դուրս եկան Մենպիչէն։ Անոնք ընկերային ցանցերու վրայ իրենց իսկ միջոցներով ցոյց տուին տեսագրութիւններ, որոնք կը ցոլացենեն ԵՓԿ-ական զօրքերուն կողմէ Մենպիչի լքուիլը։ Ներկայիս ԵՓԿ կը պատրաստուի մասնակցիլ Ռաքքայի գործողութիւններուն։
Միւս կողմէ, Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը շարունակուին նաեւ Հալէպի սաստիկ ռմբակոծումները։ Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը վերջին երեք օր-ւան ընթացքին թափով ռմբակոծեցին Հալէպի այն թաղամասերը, որոնք ընդդմադիր ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին։ Զոհերու թիւը արդէն գերազանցած է հարիւրի սահմանը, վիրաւորեալներու թիւն ալ կը մօտենայ երկու հարիւրի։ Ծանօթ է, որ Ռուսաստանի ռազմաօդային ուժերն ալ Սուրիոյ բանակին զուգահեռ գործողութիւններ կ՚իրականացնեն ու կը ռմբակոծեն ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները Հալէպի մերձակայքին։
Կը հաղորդուի, որ Հալէպի կեդրոնի արեւելքին Սեպտեմբերի 4-էն ի վեր շուրջ երեք հազար հոգի կը գտնուի Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերու պաշարման տակ։
Միւս կողմէ, միջազգային գետնի վրայ ալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ խտացեալ շփումները կը շարունակուին՝ Սուրիոյ ներքին պատերազմին վերջ տալու համար յարմար գետին մը ստեղծելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, այս շրջագծով հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի միջեւ, որոնք քննարկեցին տարածքաշրջանային խնդիրներ։