ՃԻՇԴ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ ՁԵՒԵՐԸ

Այս բո­լո­րը ճի՞շդ են։ Ա­յո՛, ճիշդ են հայ­կա­կան ներ­քին կեան­քի ի­րա­կա­նու­թեան տե­սան­կիւ­նէն։ Ա­յս բո­լո­րով կա­րե­լի՞ է բա­ցուիլ դէ­պի մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծիք։ Դժուար... Այս կար­գա­խօս­նե­րը ար­ձա­գանգ չեն կրնար ստեղ­ծել կլո­պալ ա­ռու­մով։ Ու­րեմն, պէտք է հասկ­նալ, որ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով աշ­խա­տանք­ներ կան այս­տեղ։ Այդ ա­ռանցք­նե­րը կրնան ո­րոշ պա­րա­գա­նե­րով զի­րար խա­չա­ձե­ւել, սա­կայն ի­րենց բնոյ­թը տար­բեր է հիմ­նո­վին։ Տար­բե­րու­թիւն­նե­րը ան­հա­մե­մա­տե­լիօ­րէն ա­ւե­լի շատ են՝ նմա­նու­թիւն­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ։ Իր դրուած­քով՝ Հա­մա­հայ­կա­կան լրագ­րող­նե­րու հա­ւա­քը ազ­գա­յին հար­թակ մը կը բնո­րո­շէ ու միայն այդ գե­տի­նը բա­ւա­րար չէ՝ հա­մախմ­բե­լու հա­մար այն հայ լրագ­րող­նե­րը, ո­րոնք կը գոր­ծեն հա­մաշ­խար­հա­յին մե­տիա­յի մէջ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, հա­մադ­րու­թիւն­նե­րու եր­թալ անհ­րա­ժեշտ է։

Պարզ է, որ կլո­պալ մե­տիա ը­սուածն ալ ու­նի իր ներ­քին բա­ժա­նում­նե­րը. ա­մե­րի­կեան, եւ­րո­պա­կան, ռու­սա­կան, ա­րա­բա­կան, ե­ւ այլն։ Այ­սինքն աշ­խար­հի հիմ­նա­կան ու­ժա­յին ա­ռանցք­նե­րը ու­նին նաեւ ի­րենց մե­տիա­նե­րը։ Հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը, ըստ էու­թեան, կը մեկ­նա­բա­նուին վե­րը թուար­կուած օ­րի­նակ­նե­րու ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Ա­նոնց վրայ գու­ցէ կա­րե­լի է ա­ւելց­նել Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մե­տիա­նե­րը, քա­նի որ այդ ցա­մա­քա­մա­սէն ներս ստուար թի­ւով հա­յեր կ­­՚ապ­րին եւ այդ տա­րած­քաշր­ջա­նը տնտե­սա­կան վե­րելք մը ու­նի հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով։ Թէ՛ պատ­մա­կան հան­գա­մանք­նե­րու եւ թէ մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու դրուած­քին մէջ առ­կայ ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն բե­րու­մով՝ ա­մե­րի­կեան, եւ­րո­պա­կան, ռու­սա­կան եւ ա­րա­բա­կան մե­տիա­նե­րը հա­շուի առ­նե­լով պէտք է դան­դա­ղիլ այս նիւ­թին վրայ։ Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ այդ բո­լո­րին մէջ կան հա­յա­զգի մամ­լոյ գոր­ծիչ­ներ։ Նախ, կար­ծես թէ, գոր­ծի պէտք է սկսիլ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից հայ լրագ­րող­ներն ու հայ մամ­լոյ սպա­սա­ւոր­նե­րը հնա­րա­ւո­րինս շփման մէջ ան­ցը­նե­լով։ Մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի հա­յազ­գի մաս­նա­գէտ­նե­րը ներ­կա­յին նուա­զա­գոյն կա­նո­նա­ւոր կապ մը չու­նին՝ ի­րենց ապ­րած երկ­րի հայ­կա­կան հա­մայն­քի մա­մու­լին (ե­թէ կայ, ան­շուշտ) հետ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին այդ կա­պե­րը պէտք է զար­գա­ցուին, որ­պէս­զի մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից հա­յազ­գի լրագ­րո­ղը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս վե­րա­հա­սու դառ­նայ հայ­կա­կան օ­րա­կար­գի հիմ­նախն­դիր­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, ո՛չ միայն լրագ­րու­թեան, այլ ո­րե­ւէ աս­պա­րէ­զի մէջ մի­ջազ­գա­յին մա­կար­դա­կի մը հա­սած հա­յազ­գի գոր­ծիչ­նե­րը, ընդ­հան­րա­պէս, ան­հա­ղորդ կ­­՚ըլ­լան հայ ի­րա­կա­նու­թեան։ Սա հասկ­նա­լի ե­րե­ւոյթ է եւ ա­ռանց մարդ այ­պա­նե­լու պէտք է համ­բե­րա­տար աշ­խա­տանք տա­նիլ հե­տե­ւանք­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու համար։ Յե­տոյ, այդ կէ­տէն սկսեալ կը ծնի երկ­րորդ գործ մը, որ շատ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է խոր­քին մէջ։ Մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից հա­յազ­գի լրագ­րող­նե­րուն մի­ջո­ցաւ պէտք է բա­ցուիլ դէ­պի ա­նոնց այ­լազգ պաշ­տօ­նա­կից­նե­րը, գոր­ծա­կից­նե­րը։ Ամ­բողջ հար­ցը ա­նոնց հա­մար հա­մո­զիչ ըլ­լալն է։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ հա­յու­թիւ­նը չու­նի նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ ներդ­նե­լով ազ­դե­ցու­թիւն բա­նեց­նել հա­մաշ­խար­հա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն վրայ, ա­պա մնա­ցեալ տար­բե­րակն է՝ փոր­ձել ա­ռա­ւե­լա­գոյնս հա­մո­զիչ տուեալ­նե­րով եւ ար­հես­տա­վարժ հիմ­քով աշ­խա­տիլ ա­նոնց հետ, մա­տա­կա­րա­րել հա­մա­պա­տաս­խան տուեալ­ներ եւ ըստ այդմ ակն­կա­լել ար­ձա­գանգ։ Սփիւռ­քեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը տուեալ երկ­րի մե­տիա­յին հա­մար ալ աղ­բիւր մը չեն հան­դի­սա­նար յա­ճախ՝ ի­րենց այդ «պաշ­տօ­նա­կան» տես­քին բե­րու­մով։ Այ­սինքն, հար­ցը սահ­մա­նա­փակ չէ միայն լե­զուի ե­րե­սա­կով։ Ոչ-հա­յե­րէն հայ­կա­կան լրաս­փիւռ­ներն ալ նոյն վի­ճա­կին մէջ են ակն­յայ­տօ­րէն։ Այս ա­ռու­մով բա­ցա­ռու­թիւն մը կը հա­մա­րուի թրքա­հայ մա­մու­լը, որ սփիւռ­քի մնա­ցեալ լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ կրնայ դա­սուիլ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի ան­կախ։ Այդ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը պէտք չէ ա­նու­շադ­րու­թեան մատ­նուի, իր կար­գին։ Յա­մե­նայն­դէպս, գոր­ծին ծա­ւա­լը մեծ է ան­բաղ­դա­տե­լիօ­րէն։

Ամ­փո­փե­լով՝ քա­նի մը վար­կած կա­րե­լի է հա­շուի առ­նել՝ որ­պէս հում գա­ղա­փար։ Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան յա­ջորդ հա­մա­ժո­ղո­վին կա­րե­լի է նիս­տե­րէն մին մաս­նա­ւո­րա­պէս յատ­կաց­նել այս նիւ­թին։ Կա­րե­լի է այդ նիս­տին հա­մար հրա­ւի­րել մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի աշ­խա­տա­կից քա­նի մը հայ լրագ­րող՝ ան­շուշտ տար­բեր գօ­տի­նե­րէ, ստեղ­ծել այս­պէ­սով երկ­խօ­սու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն։ Եւ կամ կա­րե­լի է նոյն գօ­տիէն մէ­կէ ա­ւե­լի անձ ներգ­րա­ւել ու կեդ­րո­նա­նալ այդ ա­ռանց­քին վրայ։ Թէ­կուզ, կա­րե­լի է մտա­ծել նաեւ հա­կա­ռա­կին մա­սին։ Լրագ­րող­նե­րու հա­մա­հայ­կա­կան հա­մա­ժո­ղով­նե­րու մաս­նա­կից­նե­րը, հա­մա­կարգ­ման մարմ­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, կրնան ի­րենք այ­ցե­լել այդ գօ­տի­նե­րը եւ տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նալ ի­րենց պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։ Սա շատ հե­տաքրք­րա­կան կրնայ ըլ­լալ։ Ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան ե­րաշ­խիք­նե­րէն մին ալ կրնայ ըլ­լալ այն, որ փա­փա­քող­ներ բա­ցա­ռա­պէս ի­րենք իսկ հո­գան ի­րենց ծախ­սե­րը, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ կան­խել զբօ­սաշր­ջու­թեան վե­րա­ծուի­լը։ Այդ շփում­նե­րով ստեղ­ծուե­լիք պա­շա­րը ան­պայ­ման աս­տի­ճա­նա­բար կը ցո­լա­նայ նաեւ Հա­մա­հայ­կա­կան լրագ­րող­նե­րու հա­ւաք­նե­րուն վրայ ու կրնայ գե­տին պատ­րաս­տել նոր հո­րի­զոն­նե­րու ու­րուագծ­ման։

Նոր հո­րի­զոն­նե­րու, նոր հե­ռան­կար­նե­րու մա­սին խօ­սի­լը զուտ լա­ւա­տե­սու­թիւն կամ բա­րի ցան­կու­թիւն մը չէ հայ մամ­լոյ պա­րա­գա­յին։ Ար­դա­րեւ, հայ մա­մու­լը աշ­խար­հա­տա­րած ցանց մըն է։ Այդ ցան­ցը կրնայ ու­նե­նալ թե­րու­թիւն­ներ, խո­ցե­լի կէ­տեր, եւ այլն։ Բայց, կա­րե­ւո­րը այն է, որ կա՛յ այդ ցան­ցը եւ կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մը շատ ա­ւե­լի դիւ­րին է, քան բո­լո­րո­վին նո­րին ստեղ­ծու­մը։ Կեն­սու­նա­կու­թիւն պէտք է տալ այդ ցան­ցին։ Հա­մաշ­խար­հա­յին գո­վազ­դի շու­կա­յին մաս­նա­կից պէտք է դարձ­նել հայ­կա­կան մե­տիան՝ որ­պէս ցանց, իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ։ Պէտք է մաս­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ հա­մա­կար­գուին աշ­խա­տանք­նե­րը։ Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն, ե­ռանդ, զօ­րակ­ցու­թիւն, յա­մառ աշ­խա­տանք եւ մա­սամբ նո­րին... Հարթ ճա­նա­պար­հի մը մա­սին չէ խօս­քը, բայց կայ լուրջ նե­րուժ մը։

Այս ա­ռու­մով իս­կա­պէս խորհր­դան­շա­կան էր մեր 8-րդ հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ կա­տա­րուած շեշ­տադ­րու­մը. «Ի վեր­ջոյ, աշ­խար­հի վրայ քա­նի՞ երկ­րի նա­խա­գահ ու­նի նոյ­նա­ժա­մա­նակ 31 եր­կիր­նե­րէ լրագ­րող­նե­րու հետ շփուե­լու»։

Այս պարզ, նոյ­նիսկ խորհր­դան­շա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը ու­նին խոր­քա­յին ի­մաստ։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, իր մօ­տե­ցում­նե­րը առ հա­սա­րակ ու­շագ­րաւ էին՝ ի­րենց լայն հո­րի­զո­նով։ Սարգ­սեան, ա­ռա­ջին հեր­թին, մա­մու­լը կը հա­մա­րէ մի­ջոց մը՝ ցո­լաց­նե­լու հա­մար ճշմար­տու­թիւ­նը։ Ա­նօ­րի­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նա­պար­հով օ­րի­նա­կա­նու­թիւն հաս­տա­տե­լու ձգտում­նե­րու հա­կա­սու­թեան հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ ան մեկ­նա­բա­նեց այս նիւ­թը եւ այդ ան­կա­րե­լիու­թիւ­նը ընդգ­ծե­լով՝ յայտ­նեց, որ չա­փա­զանց կա­րե­ւոր կը հա­մա­րուի լրագ­րա­կան բա­րո­յա­գի­տու­թեան նկատ­մամբ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը։ Այս նոյն հիմ­քով ան կը պատ­կե­րաց­նէ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հա­յազ­գի լրագ­րող­նե­րու հա­մախմբու­մը։ Իր խօս­քով, ա­րագ փո­խուող ներ­կայ աշ­խար­հին մէջ պէտք է գտնել ճիշդ աշ­խա­տե­լու ձե­ւե­րը։

Սերժ Սարգ­սեան մամ­լոյ վե­րա­բե­րեալ պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ բա­ցար­ձա­կա­պէս զերծ է պահ­պա­նո­ղա­կան պե­տա­կան ղե­կա­վա­րի մը կա­ղա­պար­նե­րէն։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք, օ­րի­նակ­նե­րու մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ ան կ­­՚անդ­րա­դառ­նար BBC-ի պա­րա­գա­յին։ Այ­սինքն բա­ւա­կան յա­ւակ­նոտ են ըմբռ­նում­նե­րը։ Ա­ւե­լի՛ն, մա­մու­լը իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն մէջ կը դա­սուի ա­զա­տու­թեան եւ ա­զա­տա­կա­նաց­ման ծի­րէն ներս։ Ար­դա­րեւ, ան այս նիւ­թը կը դի­տար­կէ՝ փակ հա­սա­րա­կու­թե­նէ դէ­պի բաց հա­սա­րա­կու­թիւն անց­նե­լու գոր­ծըն­թա­ցի ամ­բող­ջին մէջ։

Վեր­ջա­պէս, տես­նենք մեր մա­մու­լը ի՞նչ մա­կար­դա­կի վար­պե­տու­թիւն մը պի­տի կա­րե­նայ ցու­ցա­բե­րել՝ գտնե­լու հա­մար ճիշդ աշ­խա­տե­լու ձե­ւե­րը։ Տրա­մադ­րուինք, ու­րեմն, յա­րա­տեւ աշ­խա­տան­քի։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 շար. 4 եւ վերջ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 19, 2016