ԽՕՍՔԻՆ ՀՐԱՊՈՒՐԻՉ ԿՈՂՄԸ
Խօսքը, ընդհանրապէս, որքան ալ կարճ ըլլայ եւ պարզ, եթէ ճշմարիտը եւ ճշմարտութիւնը կ՚ըսէ, հրապուրիչ կողմ մը կ՚ունենայ, եւ կը տպաւորուի միտքերու մէջ։
Արդարեւ, խօսքը որքան պարզ ըլլայ եւ կարճ, այնքան կ՚ազդէ մարդուս վրայ եւ կը տպաւորէ զայն, անշուշտ եթէ ճշմարտութեան թարգմանը կրցած է ըլլալ։ Մարդկային միտքը կարող է զանազանել պարապ, անիմաստ եւ անօգուտ խօսքը եւ իմաստալիցը եւ օգտակարը։ Օգտակար խօսքը այն է՝ որ ուղեցոյց կ՚ըլլայ, ելքի ճամբայ մը ցոյց կու տայ մարդուս։
Ահաւասիկ այս իմաստով «խօսք»եր կ՚ուզենք ներկայացնել մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն, խօսքեր՝ որ ո՛չ միայն իրենց խօսուած ժամանակին համար, այլ ամբողջ ժամանակներու համար արժէք կը ներկայացնեն։
1) «Մէ՛կէն միւսները հասկցէք». Վիրգիլիոսի խօսքը՝ որ կարելի է գործածել մէկու մը այնպիսի բնորոշ գործին առթիւ, որ կը բաւէ ամբողջ մարդը հասկնալ։ «Ab uno disce omnes»։
2) «Զեղծումը չի խափաներ գործածութիւնը». Հին ժամանակներու իրաւագիտական ասութիւն։ Ընթացիկ գործածութեան մէջ՝ բանէ մը եղած զեղծումը չ՚արգիլեր, որ ըստ ինքեան լաւ բան մը չըլլայ այն. պարտադիր կերպով անկէ հրաժարելու հարկաւորութիւնը չի ստեղծեր։ «Ab usus non tolit usum»։
3) «Արարքը վերջացաւ». Օգոստոս կայսեր մահուան անկողնին մէջ ըսած վերջին խօսքը։ «Acta est fabula»։
4) «Ծռազատկին՝ յունական կաղանդին, բարի արքայ, պիտի ընդունիմ ձեր հրամանները». «Ad graecas, rex bone fiand mandata, calendas»։ Անգլիոյ Եղիսաբէթ թագուհին ա՛յս պատասխանը տուաւ Ֆիլիբ Բ.-ի՝ որ քառատող ոտանաւոր մը ուղղած էր անոր՝ իբր վերջնագիր։ Թագուհին Սպանիոյ թագաւորին չափ հպարտ՝ այլ անկէ աւելի ուսեալ՝ այս խօսքերով պատասխանեց իսկոյն. «Ծռազատկին, ո՛ բարեմիտ արքայ, պիտի կրնաս հրամայել ինծի»։
(Վերջնագիր»=Ազդարարութիւն՝ որուն անտեսումը պատերազմ կը յառաջացնէ)։
5) «Թող արդարութիւնը կատարուի՝ նոյնիսկ եթէ աշխարհ կործանուի». «Fiat justitia, pereat mundus»։
6) «Շտապէ՛ դանդաղօրէն». մի՛ աճապարեր։ «Festina lente»։ Պաղարիւն եւ անայլայլ ըլլալ։
7) «Օրէնքի տակ ազատութիւն». Այսինքն՝ սանձարձակ ազատութիւնը անթոյլատրելի՛ է. «Sub lege libertas»։
8) «Ժամանակները կը փոխուին եւ մենք անոնց մէջ (կը փոխուինք)». «Tempora mutantur, et nos in illis»։
9) «Եթէ կ՚ուզես խաղաղութիւն, պատրաստուէ՛ պատերազմի». «Si vis pacem, para bellum»։ Յարձակման չենթարկուելու համար պէ՛տք է պատրա՛ստ ըլլալ դիմադրելու։
10) «Մարդը սխալակա՛ն է»։ «Ան ալ երբեմն կը սխալի». «Errare humanum est»։
11) «Գտա՛յ». «Eurêka»։ Արգիմէտի բացագանչութիւնը, երբ բաղնիքի մէջ յանկարծ գտաւ մարմիններու ծանրութեան օրէնքը։ Այս խօսքը կը գործածուի ընդհանրապէս երբ մէկը յանկարծ գիւտ մը կ՚ընէ կամ լուծում մը կը գտնէ հարցի մը շուրջ՝ դժուար վիճակէ մը դուրս գալու համար։
12) «Բեմադրութիւն». «Mise en scène»։ Կը գործածուի փոխաբերաբար առաջուընէ պատրաստուած եւ գործադրուած որեւէ գործի համար։
13) «Անհաւատներու բաժնում». «In partibus infidelium»։ Հռոմէական Եկեղեցւոյ մէջ գործածուած ասութիւն՝ այն եպիսկոպոսներու համար, որոնք կը նշանակուէին առաջնորդ՝ Հռոմի չենթարկուած երկիրներու մէջ, եւ ուրեմն կը կրէին միայն «պատուի անուն» առանց պաշտօնավարելու այդ երկրին մէջ։
14) «Բոլորը՝ որքան որ կան». «Tutti quanti»։ Կը գործածուի երբ կը թուարկուին մարդիկ, որեւէ ծառայութեան համար, իբրեւ շարունակութիւն այդ թուարկութեան կ՚ըսուի. «բոլորը՝ առանց բացառութեան» կամ «առանց խտրութեան»։
15) «Վա՛յ պարտուածներուն». «Vae vintis»։ Պրէննոսի խօսքը, երբ իր սուրն ալ ձգեց կշիռքի նժարին մէջ՝ որով պարտուած հռոմայեցիները ոսկի կը կշռէին անոր վճարելու համար։ Խօսքը կը գործածուի՝ նշանակելու համար, թէ պարտուածը յաղթողին տրամադրութեանը տակ է։
16) «Ոչինչէն ո՛չինչ». «Ex nihili nihil»։ Ո՛չ մէկ բան ոչինչէն ստեղծուած է, այլ ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի, որեւէ ձեւով կամ որեւէ կերպի տակ գոյութիւն ունեցած է յաւիտենական ժամանակներէն։ (Հին յոյն փիլիոսփաներու ասոյթ)։
17) «Փա՜ռք յաղթուածներուն». «Gloria victis»։ Այս ասութիւնը հակադրութիւնն է՝ «Vae victis»ի. վա՜յ յաղթուածներուն, որոնք քաջաբար կը պատերազմին եւ սակայն ի վերջոյ կ՚իյնան։
18) «Ակն ընդ ական եւ ատամն ընդ ատաման» (ՄԱՏԹ. Ե 38), կը հակադրէ քրիստոնէական օրէնքը այս մովսիսական օրէնքին (ԵԼԻՑ ԻԱ 24)։
«Մի՛ կալ հակառակ չարին»։ Արդարեւ ժողովրդական իմաստութիւնն ալ կ՚ըսէ. «արիւնը արիւնով չի մաքրուիր», եւ կամ սխալը սխալով կարելի չէ՛ սրբագրել կամ ուղղել։
19) «Ամենայնի յաղթեաց ժիր ջան». «Labor omnia vincit improbus»։ Ջանքը կը յաղթէ ամէն բանի, ամէն դժուարութեան։ Վիրգիլիոսի «Մշակականք»ի խօսքերէն։
20) «Լաւ է կոյր աչքով քան կոյր մտքով»։ Լաւ է աչքով կոյր ըլլալ, քան մտքով կոյր։ Եղիշէի խօսքն է, որ վերածուած է առածի։
21) «Ծանի՛ր զքեզ», այսինքն՝ չափդ գիտցի՛ր։
22) «Հարկ զօրէնս լուծանէ». հարկը օրէնքը կը լուծէ։ Երբեմն կեանքի պահանջքը կը ստիպէ օրէնքը զանց առնել։ Զոր օրինակ, պատմութիւնը կը վկայէ՝ թէ Հայ նախարարներ Պարսիկներու թագաւորին մօտ, ընթրիքի ժամանակ ստիպուեցան ուտել զոհուածի միսէն պատրաստուած կերակուրը՝ որ օրէնքով արգիլուած էր. հարկը օրէնքը լուծե՛ց։
23) «Յերկուս չարեաց փոքրագոյնն է ընտրելը». երկու չարիքներէն ընտրելի է փոքրագոյնը։
«Կամ կեանքդ կամ քսակդ». քսակը տալ եւ կեանքը ազատել՝ երկու չարիքէն փոքրագոյնը ընտրել է։
24) «Շաբաթ վասն մարդոյ եղեւ, եւ ո՛չ մարդ վասն շաբաթու». շաբաթը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը շաբաթին համար (ՄԱՐԿ. Բ 28)։ Կը նշանակէ՝ թէ օրէնքը մարդուն համար է, ուստիեւ պէտք է համապատասխանէ անոր պահանջքներուն։ Այս սկզբունքին բոլորովին հակառակ է հռոմէական առածը՝ որ կ՚ըսէ. «Պէտք է օրէնքը կատարուի, նոյնիսկ եթէ աշխարհը կործանի». «Fiat justitia, pareat mundus»։
25) «Սոդոմ Գոմոր»։ (ԾՆՆԴ. ԺԹ). Աստուած Պաղեստինի Սոդամ եւ Գոմոր քաղաքները այրեց ոչնչացուց բնակիչները անօրինութեան եւ անբարոյականութեան պատճառով։
Խօսքը կը գործածուի ընդհանրապէս տեղի մը, հիմնարկի մը կամ հաւաքականութեան համար՝ ուր կը տիրէ անիրաւութիւն եւ անբարոյականութիւն։
26) «Վախճան պսակէ զգործն». աւարտումն է որ կը պսակէ աշխատանքը, գործը. «Finis coronat opus»։ Կը գործածուի այն իմաստով, թէ՝ աշխատանքի մը կամ գործի մը մասին լաւ կամ վատ որոշում տալու համար պէտք է նայիլ անոր հետեւանքին։ Դատելու համար պէտք է սպասել արդիւնքին։ Նոյն միտքը արտայայտուած է նաեւ՝ «Ամէն բանի վե՛րջն է գովելի կամ քննադատելի»։
27) «Մի՛ ի վեր քան զկօշիկս». կօշիկէդ աւելի վեր մի՛ բարձրանար։
Ապելէս նկարիչը իր մէկ նկարը ցոյց կու տայ կօշկակարի մը՝ որ չի հաւնիր նկարուած կօշիկները։ Նկարիչը կը սրբագրէ նկարած կօշիկները։ Ապա կօշկակարը կը սկսի քննադատել նկարին միւս կողմերը եւ մասերը։ Այն ատեն նկարիչը կ՚ըսէ վերոյիշեալ խօսքը։ Այս խօսքը կը գործածուի այն մարդոց համար՝ որոնք իբր մասնագէտ կը քննեն հարցեր, տեսակէտ կը յայտնեն, որ իրենց կարողութենէն վե՛ր են։
28) «Միով բանիւ». մէկ խօսքով, կարճ ըսելով…։
Ահաւասի՛կ «միով բանիւ»՝ շատ բան ըսող խօսքեր։
-Սկզբնաղբիւր.- «Ասացուածքներ օտար լեզուներով» Ս. Մալխասեանց, 1945, «Բառգիրք լատին եւ ուրիշ օտարաբարբառ ասութիւններու» Մեսրոպ Նուպարեան, 1911, «Օտարագիր բառեր եւ դարձուածքներ», 1958։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 12, 2016, Իսթանպուլ