ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԽԱՐԻՍԽ

Գա­րա­կէօ­զեան Տան ըն­տա­նի­քը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցաւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրո­ցի պատ­մա­կան հա­մա­լի­րի եւ նո­րա­կա­ռոյց KEY Plaza-ի մի­ջեւ կա­ռուցուած գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը հա­մախմ­բեց թէ՛ Գար­կէօ­զեա­նի ըն­տա­նի­քը եւ թէ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը։ Հարկ է նշել, որ այդ հա­տուա­ծէն ներս, Գա­րա­կէօ­զեան սա­նուց միու­թեան նախ­կին շէն­քի գտնուած տա­րած­քին վրայ պի­տի կա­ռու­ցուի ըն­դար­ձակ ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րոն մը եւ շա­բա­թա­վեր­ջին բա­ցու­մը կա­տարուած այս աշ­խա­տա­նո­ցը կը հան­դի­սա­նայ ա­նոր մէկ բա­ժի­նը։ Երբ որ ծրա­գի­րը ի կա­տար ա­ծուի, իս­կա­պէս մեր հա­մայն­քին ու մեր ե­րի­տա­սար­դու­թեան տեսա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր քայլ մը առ­նուած պի­տի ըլ­լայ։

«Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­­մէզ­կիլ» գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցը օժտուած է ֆի­զի­քա­կան բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ ար­դի սար­քա­ւո­րում­նե­րով։ Սա բա­ռին բուն ի­մաս­տով ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան խա­րիսխ մըն է, ո­րով­հե­տեւ այդ եր­դի­քին տակ հնա­րա­ւոր է ծա­ւա­լել բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն։ Մինչ Գա­րա­կէօ­զեան ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին ապ­րե­ցան ար­դար խան­դա­վա­ռու­թիւն մը, հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­ներն ալ ող­ջու­նե­ցին այս վիթ­խա­րի ձեռք­բե­րու­մը։ Բո­լո­րի բարձր տրա­մադ­րու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած էր նոր հե­ռանկար­նե­րու ակն­կա­լու­թեամբ։

Գե­ղա­րուես­տա­կան այս աշ­խա­տա­նո­ցը Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան տե­ղին կար­գադ­րու­թեամբ ա­նուա­նուե­ցաւ Նա­տիա եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լի ա­նու­նով։ Սա ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցու­մի մը դրսե­ւո­րումն է ան­տա­րա­կոյս։ Ար­դա­րեւ, Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ ար­դէն 15 տա­րիէ ի վեր կը գլխա­ւո­րէ Գա­րա­կէօ­զեան Տան խնա­մա­կա­լու­թիւ­նը եւ իր տես­լա­կա­նով այս հաս­տա­տու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը են­թար­կած է փո­փո­խու­թեան։ Իսկ իր բա­րե­յի­շա­տակ կո­ղա­կի­ցը՝ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կիլ, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին իս­կա­պէս ան­ժա­մա­նակ ձե­ւով հրա­ժեշտ ա­ռաւ, միշտ խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէր Գա­րա­կէօ­զեա­նի ձեռ­նարկ­նե­րուն։ Հե­տե­ւա­բար, մեր հա­մայն­քի ար­դի պատ­մու­թեան մէջ ա­ռանձ­նա­ցած է ա­նոնց կող­մէ ներդ­րուած վաս­տա­կը եւ այս գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցին ա­նոնց ա­նու­նով կո­չուի­լը այդ վաս­տա­կի ար­ժե­ւոր­ման տե­սա­կէ­տէ ու­նի խոր ի­մաստ։

Գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման հան­դի­սու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, ո­րու կող­քին էին Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան, Հայ Կա­թո­ղի­կէից Ար­քե­պիս­կո­պո­սա­րա­նէն Հայր Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեան եւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն բազ­մա­թիւ ծա­նօթ դէմ­քեր։ Այս հան­դի­սու­թիւ­նը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին նշուած Գա­րա­կէօ­զեա­նի 100-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­նե­րը դառ­նան ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ա­ռար­կայ։ Նոյն­պէս, KEY Plaza-ի շի­նա­րար Մեհ­մէտ Ու­յա­նօղ­լուն ալ մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ ող­ջու­նուե­ցաւ՝ այս կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րու­մին շնոր­հիւ։ Շի­նա­րա­րու­թեան ծրագ­րին հա­մար ու­նե­ցած լուրջ ներդր­ման տե­սա­կէ­տէ մե­ծա­րուե­ցաւ նաեւ մեր ազ­գա­յին­նե­րէն Նշան Գա­րա։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ ու­սուց­չու­հի Մա­րի Ար­զու­մա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ցու­ցադրուե­ցաւ Գարա­կէօ­զեա­նի պատ­մու­թեան ու ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­սա­նիւթ մը։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­րու­սեակ Մո­նէ, Խնա­մա­կա­լու­թեան ժրա­ջան ան­դամ­նե­րէն Սե­ւան Չա­վու­շեան եւ Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ ար­տա­սա­նեց օրհ­նու­թեան խօսք մը, ո­րու ըն­թաց­քին ընդգ­ծեց, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ բա­րի համ­բաւ ձեռք բե­րած է իր ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նով։ Ուս­տի, ան յոյս յայտ­նեց, թէ այս նո­րա­կա­ռոյց գեղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նոցն ալ գե­տին պի­տի պատ­րաս­տէ մեր նոր սե­րուն­դի տա­ղանդ­նե­րու յայտ­նա­բեր­ման հա­մար։

Յայ­տագ­րի գոր­ծադ­րու­թե­նէն վերջ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս հա­տուե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան կար­միր ժա­պա­ւէ­նը եւ ներ­կա­նե­րը շրջայց մը կա­տա­րե­ցին գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցէն ներս, ուր միեւ­նոյն ժա­մա­նակ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Բո­լո­րը ջերմ զգա­ցում­նե­րով շնոր­հա­ւո­րե­ցին այս ծրագ­րին կեան­քի կոչուի­լը, Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կի­լին նկատ­մամբ յայտ­նե­ցին գնա­հա­տանք եւ ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րով վեր­յի­շե­ցին հան­գու­ցեալ Նա­տիա Կիւլ­մէզ­կի­լը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016