ԳԻՏԱԿԱՆ ԼՈՒՐՋ ՆՈՒԱՃՈՒՄ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր ար­ժէ­քա­ւոր գիտ­նա­կան­նե­րէն Յով­հան­նէս Գա­մէր Քէօ­սէեան վեր­ջերս ար­ձա­նագ­րած է փայ­լուն նուա­ճում մը։ Ըստ Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Փրոֆ. Ար­սէն Ար­շը­քի մե­զի փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Պո­ղա­զի­չի հա­մալ­սա­րա­նի տոք­թո­րա­կա­նի բաժ­նի ու­սա­նող Յով­հան­նէս Գա­մէր Քէօ­սէեան պա­տուա­բեր մրցա­նա­կի մը ար­ժա­նա­ցած է CERN-ի կող­մէ։ Այս վեր­ջի­նը Եւ­րո­միու­թեան մի­ջու­կա­յին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու կեդ­րոնն է՝ հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բա­ւով շատ հե­ղի­նա­կա­ւոր գի­տա­կան կա­ռոյց մը։ Յով­հան­նէս Գա­մէր Քէօ­սէեան այն­տեղ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է՝ բարձր յա­ճա­խա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ կարգ մը փոր­ձե­րու։

CERN իր մար­զէն ներս աշ­խար­հի ա­մե­նա­մեծ աշ­խա­տա­նոցն է, ու­նի հա­րիւ­րա­ւոր շէն­քեր եւ 3 հա­զար հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ անձ­նա­կազմ մը։ Ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ մօ­տա­ւո­րա­պէս 10 հա­զար բնա­գի­տու­թեան մաս­նա­գէտ­ներ կը մաս­նակ­ցին այս հաս­տա­տու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն։

Այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն կը շնոր­հա­ւո­րենք Յով­հան­նէս Գա­մէր Քէօ­սէեա­նը եւ ի­րեն նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ կը մաղ­թենք գի­տա­կան կեան­քէն ներս։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016