ՍՈՒՐ ԲԱՆԱՎԷՃ

ՆԱ­ԹՕ-ի Խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի 62-րդ նս­տաշր­ջա­նին շրջագ­ծով, շա­բա­թա­վեր­ջին Իս­թան­պու­լի մէջ սուր բա­նա­վէճ մը ապրուե­ցաւ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ։ Այս­պէս, Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու խիստ պա­տաս­խան մը տուաւ Հա­յաս­տա­նէն՝ ե­րես­փո­խան Կո­րիւն Նա­հա­պե­տեա­նի հարց­ման։ Այս բա­նա­վէ­ճը լայն ար­ձա­գանգ գտաւ նաեւ եր­կու եր­կիր­նե­րու զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Չա­վու­շօղ­լուի ուղ­ղեալ հարց­ման մէջ Կո­րիւն Նա­հա­պե­տեան պնդեց, որ Թուր­քիա կ՚ա­ջակ­ցի Ի­ՇԻՊ-ին («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րում)։ Ան մատ­նան­շեց նաեւ, որ Թուր­քիա միա­կող­մա­նիօ­րէն փակ կը պա­հէ Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նը։ Ըստ Նա­հա­պե­տեա­նի, թրքա­կան կող­մը հա­րե­ւան եր­կու եր­կիր­նե­րու տա­րած­քէն ներս զօրք կը պա­հէ՝ ա­ռանց ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րու հա­ւա­նու­թեան։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ թէ ինչ­պէ՞ս պի­տի կա­ռու­ցուին հա­րե­ւան­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։

Չա­վու­շօղ­լու խիստ պա­տաս­խան մը տուաւ Նա­հա­պե­տեա­նի հար­ցում­նե­րուն։ Ըստ ի­րեն, եր­կու եր­կիր­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րը կրնան ըլ­լալ տար­բեր, սա­կայն ան­պայ­ման պէտք է ըլ­լալ ճշմար­տա­խօս, մաս­նա­ւո­րա­պէս քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պա­րա­գա­յին։ «Դժբախ­տա­բար մեր հայ գոր­ծըն­կեր­նե­րը բնաւ ճշմար­տա­խօս չեն ըլ­լար», պնդեց Չա­վու­շօղ­լու եւ ակ­նար­կեց նաեւ իր փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն՝ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նը վա­րած տա­րի­նե­րուն։ Ա­ւե­լի վերջ Չա­վու­շօղ­լու ման­րա­մասն բա­ցատ­րեց, որ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ Թուր­քիա Ի­ՇԻՊ-ի դէմ մե­ծա­գոյն հա­րուա­ծը տուող եր­կիրն է եւ ա­նոր հիմ­նա­կան թի­րախ­նե­րէն մին։

Պա­տաս­խա­նի շա­րու­նա­կու­թեան Չա­վու­շօղ­լու անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին, յի­շե­ցուց, որ Հա­յաս­տան բռնագ­րա­ւած է Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին 20 տո­կո­սը, սա­կայն ինք­զինք կը ձե­ւաց­նէ որ­պէս խա­ղա­ղու­թեան ա­ղաւ­նի։ Հուսկ, նա­խա­րա­րը յայտ­նեց նաեւ, որ հայ­կա­կան կող­մը կը խու­սա­փի յանձ­նա­ժո­ղո­վի ստեղ­ծու­մէն՝ 1915-ի դէպ­քե­րու վե­րա­բե­րեալ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու հա­մար։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016