ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓ ԳՈՐԾԻ՞ ԿԱՄ ԽՕՍՔԻ ՂԵԿԱՎԱՐ Է
Աֆղանիստանի ԻՇԻՊ-ի ղեկավարներէն Ապու Օմար Ալ Խորասանի իր գոհունակութիւնը յայտնած է, որ Տանըլտ Թրամփ հասաւ Սպիտակ տուն: Արմատական առաջնորդը ըսած է, որ այդ ընտրութեամբ ամերիկացիք «իրենց գերեզմանները պիտի փորեն եւ կը սպասենք, որ մեծ թիւով ճիհատականներ վերստին միանան մեր շարքերուն»:
Այս խօսքերը առիթ կը հանդիսանան, որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «նոր ղեկավարութիւն»ը վերատեսութեան ենթարկէ իր արտաքին ընդհանուր քաղաքականութիւնը:
Բայց խնդիրը միայն այս կէտին վրայ չէ: Այսօր դրուած կարեւոր հարցադրումը հետեւեալն է, թէ արդեօք Թրամփ տէրը պիտի ըլլա՞յ նախընտրական շրջանի կատարած իր բուռն յայտարարութիւներուն եւ իսլամամէտներուն մօտենալ հասկացողութեան:
Աշխարհի բնակչութեան 23 առ հարիւրը իսլամներ են: Մէկ պիլիոնէ աւելի իսլամները սոսկ բնակչութիւն չեն, այլ անոնք ունին քաղաքական ազդակ դառնալու բոլոր յենարանները:
Արեւմուտք-Արեւելք բախումներու ընդհանուր ուղեծիրին վրայ ալ առաջին անգամը չէ որ Արեւմուտքի ու յատկապէս ԱՄՆ-ի որդեգրած սխալ մօտեցումները ընդհանուր քաոսային վիճակներ ստեղծած են այդ շրջաններուն մէջ, ուր իսլամը կարեւոր գործօն է:
Վերջին ամիսներուն շատ կը խօսուի Իրաք-Սուրիա սահմանային գօտիին մէջ սիւննի տէրութիւն մը ստեղծելու մասին: Այս առաջարկին հեղինակը ամերիկացի դիւանագէտ Ճոն Պոլթընն է, որուն այս տեսութիւնը սկսած է գետին շահիլ: Սիւննիական նոր տէրութիւն մը ստեղծելու գաղափարը կը նպատակադրէ յագուրդ տալ այն սալաֆիստ շարժումներուն, որոնց խորքերուն ու «խոհանոց»ներուն մէջ կազմուած են «Էլ Քաիտէ»ն, որ աւելի ուշ վերափոխուեցաւ եւ դարձաւ ԻՇԻՊ: Բայց, թէ ինչքանով կրնայ նման առաջարկ մը յաջողիլ՝ ցարդ յստակ չէ: Յստակ է նաեւ, որ Թրամփ, որուն վարչակարգի գլխաւոր «արծիւ»ներուն անունները ցարդ յըս-տակ չեն, երկար շունչ մը պիտի քաշէ նախքան նման ճակատագրական առաջարկներու նեցուկ կանգնիլը:
Գալով արաբական կողմին՝ յստակօրէն երեւելի է, որ շրջանի սիւննիները բաւական «շոքային» իրավիճակ մը ապրեցան, լսելէ ետք Թրամփի նախագահ ընտրուելու լուրը: Օրինակ՝ սէուտցի միլիառատէր Շէյխ Ուալիտ Պըն Թալալ, որ Թրամփի նախընտրական արշաւներու ատեն եղած հակաիսլամական խօսքերուն հակազդելով մտադիր էր վերջինիս դէմ դատ բանալ։ Բայց եւ այնպէս, Թրամփի նախագահ ընտրուելու «աւետիս»ը առնելէ ետք «թուիթ»ով մը շնորհաւորած էր զայն եւ համագործակցութեան կոչ ըրած:
Չմոռմանք, որ Թրամփ բաւական խիստ գնահատականներ ընելով խոստացած էր արգելք դնել իսլամներու Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելուն մասին, այդպէսով հրահրելով նախընտրական ընդհանուր դրութիւնը եւ յագուրդ տալով իսլամներու դէմ լար-ւած իր ընտրազանգուածներուն:
Այսօր սակայն այդ հանգրուանը մեր ետին է: Թրամփ պիտի շարունակէ՞ իր նախընտրական մօտեցումներուն տէրը դառնալով «սրբազան պատերազմ» յայտարարել իսլամներուն դէմ, կամ բաւարարուիլ «հակաիսլամ» իմաժով եւ իշխէ «խօսքը ուրիշ, գործը ուրիշ» սկզբունքով:
Ամերիկեան քաղաքագիտական ընդհանուր դրութեան ամենէն բնորոշ գիծը՝ փրակմաթիզմն է: Ու այդ մօտեցումին վրայ հիմնուելով Տանըլտ Թրամփ կրնայ «խաղաղեցնել» մտահոգ հայեացքներով իր քայլերուն ուշադրութեամբ հետեւող սէուտցիները:
Ամերիկեան «նոր կեցուածք»ին յստա-կեցումը, բնականաբար, ժամանակի կը կարօտի, սակայն յստակ է նաեւ, որ այդ «կայսրութեան» արտաքին քաղաքականութեան ընդհանուր կէտերը չեն կրնար մէկ անձի որոշումներուն կամ տեսակէտներուն մենաշնորհը դառնալ:
Բացի այդ, յստակ է նաեւ, որ անվստահութեան մեծ վիհ մը կայ մէկ կողմէ Ռիատի ղեկավարութեան եւ միւս կողմէ ամերիկեան գերատեսչութեան միջեւ:
Այդ մէկը անշուշտ պայմանաւորուած է Իրանի հետ կնքուած կորիզային համաձայնագրով, որ անկիւնադարձային «հարուած» մը հասցուց երկար տարիներ «սիրաբանութեան» հանգրուանը բոլորած Ռիատ-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն:
Այլ պատուհան մը բանալով պէտք է կարեւորել Մոսկուայի օր ըստ օրէ աճող դերը Միջին Արեւելքի մէջ: Այդ դերը քանի մը օրերու համար չէ, այլ արդիւնք է բաւական երկար խմորումներու: Մոսկուայի դերին մասին կարեւոր շեշտադրումներ կատարած է Ամերիկեան CIA-ի տնօրէն 75-ամեայ Ճէյմս Քլափըր: Քլափըր, որ օրեր առաջ հրաժարական կու տար գոնկրէսականներու ենթայանձնախումբի անդամներուն հետ հարց ու փորձ ունենալու ընթացքին՝ յայտնած է, թէ «ռուսերը նպատակ ունին Սուրիոյ մէջ իրենց ոտքերը աւելի ամրացնել եւ ազդեցութեան կարեւոր գօտիներ ստեղծել նաեւ Թարթուսէն դուրս»։ Ան մէկ խօսքով կը զգուշացնէր Միացեալ Նահանգներու տակաւին նոր վարչակազմը՝ նկատել տալով, որ «եթէ Թրամփ այսօր Մոսկուայի հետ չհամաձայնի, ապա կացութիւնը վաղը աւելի վատ պիտի դառնայ»:
Այս ծիրին մէջ պէտք է լաւ ընթերցել համաարաբական կեցուածքը Մոսկուայի եւ մասնաւորաբար Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կատարած քայլերուն վերաբերեալ:
Սիւննիները հակառակ իրենց հովանաւորութեան տակ եղող զինեալ խմբա-ւորումներու (յատկապէս Հալէպ եւ Հոմս) դերի նօսրացումին ու մասնակի «պարտութեան», առաջուան յարգանքը չունին ամերիկացիներու խօսքին հանդէպ: Ընթացող զարգացումները նոյնպէս ցոյց տուին, որ մինչ ԱՄՆ կը գոհանայ «սուր յայտարարութիւններ» ընելով, անդին ռուսական բանակը ամէն գնով կը շարունակէ հարուածել արմատական խմբաւորումներու կեդրոնատեղիները: Նոյնը պէտք է ըսել ԻՇԻՊ-ի մասին: Ու հակառակ ԱՄՆ-ի այդ խմբաւորման դէմ կազմած միջազգային դաշինքին, անցնող մէկ տարուան ընթացքին արդէն պարզ դարձաւ, որ այդ դաշինքը ունի քարոզչական բնոյթ քան՝ գործնական եւ լուրջ մօտեցում:
Ինչ որ ռուսական բանակը կատարեց Սուրիայէ ներս մէկ տարուան ընթացքին, բացորոշ է, որ դաշնակիցները չըրին երկուքուկէս տարուան մէջ:
Չըրին, հաւանաբար այն պատճառով, որ կարեւոր էր տարբեր հանգամանքներով ԻՇԻՊ-ի ներկայութեան շարունակուիլը։ Կարեւոր էր կռիւ մղելու համար Պեշար Էսատի, իրանեան խմբաւորումներուն եւ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ին դէմ: Չըրին, որովհետեւ ենթադրեցին, որ արմատական զինեալներն ու յատկապէս ԻՇԻՊ-ը պիտի կարողանան դառնայ «խաղի հիմնական տէր» ու այդպէսով «ղեկավարել» Սուրիոյ մէջ ծաւալած պայքարը:
Բայց այդպէս չեղաւ:
ԻՇԻՊ դարձաւ հրէշ եւ անոր թեւերը երկարեցան մինչեւ Փարիզ ու Պրիւքսել, անոնց կատարած ահաբեկչական գրոհները ստեղծեցին հակաիսլամական այնպիսի մթնոլորտ, որ ցայսօր ալ «պահուած ուժանակ»ի թելադրականութիւն ունի: Այսինքն եւրոպական ափերուն վրայ ԻՇԻՊ-ի կատարած յարձակումները դարձան հիմք իսլամ-քրիստոնեայ ներքին եւ լուռ ատելութեան մը, որ որեւէ պահու Եւրոպան «բաց հակամարտութեան» թատերաբեմը դառնալու հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ:
Այս բոլորէն անդին անցնելով՝ Թրամփ իր աչքին առջեւ կրնայ ունենալ Ռուսաստանի իսլամամէտներուն դէմ տարած յաղթանակը, մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ։ Այդ մէկը կրնայ ապահովաբար դառնալ ամերիկացի նախագահին Մոսկուայի ու մասնաւորաբար Նախագահ Փութինին հետ ամբողջական համագործակցութեան մը երթալու գլխաւոր հիմնաքարը:
Հակառակ վարկածով մը՝ Սպիտակ տան իսլամներուն ու արմատականներուն դէմ առանձինն կռուելու որոշումը կրնայ ոչ միայն նոր պատերազմներու դուռ բանալ, այլ ուղղակի վտանգի մատնել առանց անոր ալ յոգնածութեան նշաններ ցոյց տուող Ամերիկան:
Այս ջրբաժանին առջեւ կանգնած է ԱՄՆ-ի նոր նախագահը ու երեւելի է նաեւ, որ երկրի ընդհանուր իրավիճակը այսօր նման է 2001-ի վիճակին: Այդ օրերուն էր, որ Ճորճ Պուշ իսլամութեան դէմ յստակ եւ բացայայտ ատելութեան կոչերով հանդէս եկաւ ու հասաւ նախագահական աթոռ, նոյն տարուան Յունուարին, իսկ Սեպտեմբերի 9-11 թուականներուն տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի արդի պատմութեան ամենէն զարհուրելի համարուող ահաբեկչութիւնը:
Իսկ այսօր հարցադրումը այն է, որ արդեօք Թրամփ նոր պատերազմներու պիտի երթա՞յ, այդպէսով վտանգելով ամենէն «ապահովուած» համարուող ԱՄՆ-ի որոշման կեդրոնները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան