ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Ա -

Իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ «ա՛նձ» մըն է իր ինք­նու­թեամբ եւ ա­մէն անձ ի՛նքն է իր ա­նու­նով։ Այս ի­մաս­տով, ա­նու­նը կը ներ­կա­յաց­նէ ան­ձը՝ իր ինք­նու­թեամբ, որ կը զա­նա­զա­նուի «ու­րիշ»նե­րէն եւ իր «նման»նե­րէն։ Ու­րեմն ա­նու­նը ան­ձին, ու­րիշ­նե­րէ ան­կախ ինք­նու­թեան մը ստու­գա­նի՛շն է։ Ա­նու­նը՝ մարդս կ՚ո­րո­շէ որ­պէս ա՛նձ, որ­պէս ի՛նք։

Ա­մէն ան­հատ իր ա­նու­նով կը ճանչ­ցուի եւ իր ա­նու­նով կը զա­նա­զա­նուի եւ իր ա­նու­նով կը ստա­նայ ինք­նու­թիւն։ Եւ ու­րեմն մարդ­կա­յին կեան­քին եւ մա­նա­ւանդ ըն­կե­րա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին մէջ ա­նու­նը ո­րո­շի՛չ, կա­րե­ւոր դեր մը կը խա­ղայ։ Ինք­նու­թիւ­նը ա­նու­նով կը կազ­մուի, ա­նու­նով ար­ժէք կը ստա­նայ եւ ըն­կե­րու­թեան մէջ ա­նո՛ւ­նով կ՚ար­տա­յայ­տուի։

Մարդ իր նմա­նը կը կան­չէ իր ա­նու­նով։

Աս­տուած ալ ա­մէն մէ­կը կը կան­չէ իր ա­նու­նով։ Ուս­տի «Նուի­րա­կան ար­ժէք» մըն է ա­նու­նը ա­մէն ան­ձի հա­մար, քա­նի որ ա­նու­նը կ՚ո­րո­շէ եւ կը բա­ցա­յայ­տէ ինք­նու­թիւ­նը։

Ա­նու­նը՝ սրբան­կարն է ան­ձին, եւ այս պատ­ճա­ռով, ա­մէն ա­նուն, որ կը ներ­կա­յաց­նէ անձ մը, յար­գանք կը պա­հան­ջէ՝ իբր նշան զայն կրող ան­հա­տին մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։

Ան­ձին կող­մէ ստա­ցուած ա­նու­նը՝ «ա­նուն» մըն է յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան։ Ուս­տի ա­նու­նը պարզ «պի­տակ» մը չէ՛, քա­նի որ Աս­տու­ծոյ ա­նու­նով դրոշ­մուած իւ­րա­քան­չիւր ան­ձին խորհր­դա­ւոր եւ միակ նկա­րա­գիրն է։

«Նկա­րա­գիր» մըն է ա­նու­նը՝ որ կը կազ­մէ, կը կազ­մա­ւո­րէ ան­ձը՝ որ­պէս ան­կախ ինք­նու­թիւն։

Ուս­տի ծնող­ներ պէտք է զգոյշ եւ ու­շա­դիր ըլ­լան մա­նուկ­նե­րու ա­նուա­նա­կո­չու­թեան ըն­թաց­քին, քա­նի որ ա­նունն է, որ պի­տի ձե­ւա­ւո­րէ մա­նու­կին ինք­նու­թիւ­նը եւ նկա­րա­գի­րը, մեծ մա­սանբ։ Ա­նուն մը կրել ինք­նու­թիւն մը ու­նե­նալ եւ տի­պար ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ։

Ա­նու­նը, նաեւ, մեծ մա­սամբ ըն­թաց­քը կ՚ո­րո­շէ կեան­քին։ Իր ա­նու­նով է որ իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ կը ներ­կա­յա­նայ ըն­կե­րու­թեան եւ ա­նու­նով է որ կը ճանչ­ցուի։ Ա­նու­նով կ՚ո­րո­շուի ինք­նու­թիւ­նը։ Ա­նու­նով կը ձե­ւա­ւո­րուի նկա­րա­գի­րը, քա­նի որ ա­նու­նը կը տպա­ւո­րէ ան­ձը, եւ ան­ձը իր ա­նու­նով ի՛նք կ՚ըլ­լայ։ Այս ի­մաս­տով, ա­նուա­նա­կո­չու­մը կա­րե­ւոր է եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը ստեղ­ծէ ան­ձի մը ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ։

Ա­նուա­նա­կո­չու­թեան գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւն մըն է՝ մա­նու­կը ա­նուա­նա­կո­չել իր նախ­նի­նե­րուն ա­նու­նով, մա­նա­ւանդ մեծ­հայ­րիկ­նե­րու կամ մեծ­մայ­րիկ­նե­րու ա­նու­նով։ Յի­շա­տակ­նե­րու յար­գանք եւ ըն­տա­նի­քի տե­ւա­կա­նու­թիւ­նը խորհր­դան­շող բա­րի սո­վո­րու­թիւն մըն է ա­սի­կա։

Հռչա­կա­ւոր, տի­պար ան­ձե­րու ա­նու­նով ա­նուա­նա­կո­չել, այս ալ մա­նու­կին ա­պա­գա­յին հա­մար նպաս­տա­ւոր սո­վո­րու­թիւն մըն է, քա­նի որ ինչ­պէս ը­սուե­ցաւ, ա­նու­նը կրո­ղին վրայ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծէ եւ ա­նոր նկա­րագ­րի կազ­մա­ւոր­ման նկատ­մամբ դեր կը խա­ղայ։

Ան­շուշտ, ա­նու­նը իր մէջ ան­պայ­ման ի­մաստ մը ու­նի, եւ ա­նուա­նա­կո­չու­թեան ա­տեն պէտք է նաեւ ա­նուան ի­մաստն ալ նկա­տի ու­նե­նալ։

Եւ այս գա­ղա­փա­րէն մեկ­նե­լով, հա­մեստ եւ չա­փա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն մը ը­նել ջա­նա­ցինք ա­նուն­նե­րու ի­մաստ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Օգ­տուե­ցանք՝ «Հա­յոց անձ­նա­նուն­նե­րու բա­ռա­րան» Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նէն, Ար­տա­շէս Տէր Խա­չա­տու­րեա­նի «Անձ­նա­նուն­նե­րու բա­ռա­րան»էն եւ André-Marie Gerard-ի «Dictionnaire de la Bible»էն։

Վեր­ջա­պէս պէտք է նկա­տել, որ ա­նուն­ներ կը բաժ­նուին ըստ ան­ձե­րու սե­ռին՝ եր­կու խում­բի՝ ի­գա­կան ա­նուն­ներ եւ ա­րա­կան ա­նուն­ներ։ Հե­տա­գայ ա­նուն­նե­րու ցան­կին չզա­տե­ցինք զա­նոնք եւ խառն կեր­պով ներ­կա­յա­ցու­ցինք նկա­տե­լով, որ ար­դէն յայտ­նի են ա­նոնց տար­բե­րու­թիւ­նը սո­վո­րա­բար։

Ա­նուն­նե­րը ընտ­րե­ցինք ընդ­հան­րա­պէս գոր­ծա­ծուած եւ շա­տե­րու յայտ­նի բա­ռե­րէ, ո­րոնք ի­մաստ ու­նին։

Աբ­գար= կաղ (ա­սո­րե­րէն ա­նուն)

Ա­բէլ= սուգ (եբ­րա­յե­րէն ա­նուն)

Ա­բիկ= Ա­բի­սո­ղոմ ա­նուան փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Ա­բի­սո­ղոմ= խա­ղա­ղու­թեան հայր (եբ­րա­յե­րէն ա­նուն)

Աբ­րա­համ= ազ­գե­րու հայր, բազ­մու­թեան հայր (եբ­րա­յե­րէն ա­նուն)

Ա­գա­պի= սէր (յու­նա­րէն ա­նուն)

Ագ­նէս= մա­քուր, պար­կեշտ (յու­նա­րէն ա­նուն)

Ագ­րիպ­պաս= Ոտ­քե­րը ա­ռաջ ծնած, դէ­պի ա­ռաջ (յու­նա­րէն ա­նուն)

Ա­դամ= մարդ, մարդ էա­կը (եբ­րա­յե­րէն ա­նուն)

Ա­զատ= ա­զատ (հա­յե­րէն եւ պարս­կա­կան փո­խա­ռու­թիւն)

Ա­զա­տու­հի= ա­զատ բա­ռէն ի­գա­կան ա­նուն

Ա­զա­րիա= Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թիւ­նը (եբ­րա­յե­րէն ա­նուն)

Ազ­գա­նոյշ= ազգ եւ ա­նոյշ (հա­յե­րէն ա­նուն)

Ազ­գա­սէր= ազգ եւ սէր (հա­յե­րէն ա­նուն)

Ազ­գեր= ազգ, ցեղ, գեր­դաս­տան բա­ռի յոգ­նա­կի ձե­ւը (հա­յե­րէն ա­նուն)

Ազ­նա­ւոր= հսկայ, վիթ­խա­րի մարդ, դիւ­ցազն՝ «ազն» ար­մա­տէն. ազ­նուա­կան, իշ­խա­նա­ւոր։ Կը գոր­ծա­ծուի նաեւ «Ազ­նա­ւուր» ձե­ւով։ (Պարս­կա­կան «aznavur»)

Ազ­նիւ= ըն­տիր, պա­տուա­կան (հա­յե­րէն ա­նուն)

Ա­թա­նաս= ան­մահ (յու­նա­րէն ա­նուն)

Ալ­բերտ= Ալ­պեր (Albert). ազ­նուա­կան

Ա­լեքս= Ա­ղեք­սանդր, Ա­լեք­սան. մարդ­կու­թեան պաշտ­պան (յու­նա­րէն ա­նուն)

Ար­փիար= Ալ­փիար. ա­րե­գակ

Ա­կիւ­լի­նէ= ար­ծիւ, ար­ծի­ւա­յին (յու­նա­րէն ա­նուն). կը գոր­ծա­ծուի նաեւ՝ Ա­կիւ­լի­նա, Ա­կե­ղի­նէ եւ Ա­կի­լի­նի ձե­ւե­րը

Ակ­ներ= թան­կա­գին քա­րեր, ա­կունք (հա­յե­րէն ա­նուն. ակն-եր)

Ակ­քէոս= Ան­գէոս. խնջոյք (հա­յե­րէն ա­նուն)

Ա­հա­րոն= լեռ­նաբ­նակ, (եբ­րա­յե­րէն՝ Aharon)

Ա­ղա­զար= Ե­ղիա­զար. (Աս­տուած եւ օգ­նու­թիւն եբ­րա­յե­րէն բա­ռե­րով). Աս­տուած իմ, օգ­նու­թիւն իմ

Ա­ղան= ազ­նուա­կան, իշ­խան, ե­կե­ղե­ցա­կան հո­վիւ (հա­յե­րէն բառ)

Ա­ղա­ճան= Ա­ղա­ջան. ա­ղա հո­գեակս (պարս­կա­կան ա­նուն)

Ա­ղա­սի= իր հայ­րը, իր «ա­ղա»ն­

Ա­ղաւ­նի= «Colomba», հա­մա­նուն թռչու­նի ա­նու­նը, Սուրբ Հո­գիի խորհր­դա­նի­շը

Աղ­բե­րիկ= «եղ­բայր» բա­ռի ժո­ղովր­դա­կան ձե­ւը. նաեւ՝ աղ­բեր, եղ­բայ­րիկ, աղ­բայ­րիկ

Ա­ղուոր= գե­ղե­ցիկ, սի­րուն (հա­յե­րէն բա­ռէն)

Այ­գուն= լու­սին եւ ա­րե­գակ, ցե­րեկ

Այգ­վարդ= ա­ռա­ւօ­տուայ վարդ (հա­յե­րէն բա­ռեր. «այգ» եւ «վարդ»)

Այ­վազ= խո­հա­րար

Ա­նա­հիտ= ան­բիծ, ա­նա­րատ, ի­գա­կան աս­տուա­ծու­թիւն

Ա­նա­նիա= աս­տուա­ծաշ­նորհ (եբ­րա­յե­րէն բառ)

Ա­նա­նուխ= ա­նա­նուխ հա­յե­րէն բա­ռէն, Նա­նա. («mentha»)

Ա­նաս­տաս= յա­րու­թիւն (յու­նա­րէն բառ)

Ա­նաս­տա­սիա= Ա­նաս­տա­սի ի­գա­կան ձե­ւը

Ան­գի­նէ= ան­գին, թան­կա­գին (հա­յե­րէն ա­նուն)

Ան­դուլ= ան­դա­դար (հա­յե­րէն ա­նուն)

Անդ­րա­նիկ= ե­րէց, ա­ւագ, մեծ (հա­յե­րէն բա­ռէն)

Անդ­րէաս= առ­նա­կան (յու­նա­րէն ա­նուն)

Ան­թա­ռամ= չթա­ռա­մող, ան­թար­շամ, չխամ­րող, (հա­յե­րէն բառ) եւ հա­մա­նուն ծա­ղի­կի ա­նուն

Ան­ժէլ= հրեշ­տա­կա­յին (ֆրան­սե­րէն բառ)

Ան­նա= շնորհ, գթու­թիւն (եբ­րա­յե­րէն ա­նուն)

Ա­նոյշ= քաղցր, նաեւ՝ «Ա­նուշ­կա»յի ձե­ւով

Ա­նու­շա­ւան= ան­մահ հո­գի (պարս­կա­կան բառ)

Ան­տոն= ա­ռաջ­նորդ, գլխա­ւոր (յու­նա­րէն ա­նուն)

Աշ­խէն= գորշ, կապ­տա­գոյն կամ կա­նա­չա­ւուն, թուխ, մութ գոյ­նով (պարս­կա­կան բառ)

Ա­շոտ= հրէա­կան «Ա­սուդ» ա­նունն է

Ա­չեր= ա­չեր՝ աչք (հա­յե­րէն բառ)

Ապ­րի­լոյս= լոյ­սով ապ­րիլ (հա­յե­րէն բառ)

Ա­սա­նէթ= «Asanat» (եբ­րա­յե­րէն բառ). կը նշա­նա­կէ՝ վտանգ կամ դժբախ­տու­թիւն

Ա­ռա­քել= ու­ղար­կել (հա­յե­րէն բառ)

Ա­ռիւծ= ա­ռիւծ հա­յե­րէն բառ. յու­նա­րէն՝ Ղե­ւոնդ, լա­տի­նե­րէն Լե­ւոն. հա­յե­րէն նաեւ՝ Կո­րիւն

Առ­նակ= այր բա­ռի սեռ. առն ձե­ւը (հա­յե­րէն բառ)

Աս­պետ= ձիա­ւոր իշ­խան (հա­յե­րէն բառ՝ պարս­կա­կան փո­խա­ռու­թեամբ)

Աստ­ղիկ= աստղ բա­ռէն (հա­յե­րէն բառ)

Ա­սա­տուր= Աս­տուա­ծա­տուր, Աս­տու­ծոյ տուա­ծը

Աս­տուա­ծա­սէր= Աս­տուած սի­րող (հա­յե­րէն ա­նուն)

Աս­տուա­ծա­տուր= Աս­տու­ծոյ տուա­ծը կամ Աս­տուած է տուած. Ա­սա­տուր

Ա­տոմ= Ա­տովմ= վա­նե­ցի­նե­րու գոր­ծա­ծած հա­յե­րէն ա­նուն մը

Ա­րա= հին հա­յոց դի­ցա­բա­նա­կան ա­նուն­նե­րէն է. յու­նա­րէն «Aris» կամ «Aras». «Iros»ի հայ­րը՝ «Armenos»

Ա­րամ= խել­դի­նե­րու ա­նուա­նի Ա­րա­մէ թա­գա­ւո­րի ա­նու­նէն։ Ի­րա­նա­կան «Aram» ա­նու­նի նշա­նա­կու­թիւնն է՝ հան­գիստ, որ կապ չու­նի Ա­րամ ա­նուան հետ. Ա­րա­մեան կը գոր­ծա­ծուի՝ որ­պէս հայ կամ հայ­կա­կան ի­մաս­տով

Ա­րա­մազդ= լուսն­թագ. (պարս­կե­րէն՝ «Urmuzd») գե­րա­գոյն ի­մաս­տու­թիւն եւ տէր ի­մաս­տով

Ա­րա­րատ= փո­խա­ռեալ է՝ «Urartu» ձե­ւէն

Ա­րաք­սի= Ա­րաքս կամ Ա­րաք­սիա՝ Ե­րասխ գե­տի ա­նու­նը. «Arax»

Ար­բուն= բնա­կան զօ­րու­թեամբ. ա­րի եւ բուն հա­յե­րէն բա­ռե­րէն ա­նուն

Ար­դուարդ= ար­դա­րու­թիւ­նը ա­ճեց­նող

Ա­րե­գի= հա­յոց ամ­սա­նուն­նե­րէն մէկն է

Ա­րեւ= ա­րեւ, ա­րե­գակ (հա­յե­րէն բառ)

Ա­րեւ­գոյն= ա­րե­ւի գոյ­նով, լու­սա­ւոր

Ա­րեւ­թա­գու­հի= ա­րե­ւի թա­գու­հի

Ա­րե­ւիկ= Ա­րեւ ա­նու­նի փա­ղաք­շա­կան ձե­ւը

Ա­րեւ­լոյս= ա­րե­ւի լոյ­սը

Ա­րեւ­շատ= ա­րե­ւի ճո­խու­թիւն

Ա­րեւ­քո= քու ա­րեւդ

Ար­զու­ման= փա­փա­քող, ցան­կա­ցող, կա­րօտ (պարս­կա­կան ա­նուն)

Ար­թա­քի= «Յա­րու­թիւն» ա­նուան փա­ղաք­շա­կա­նը

Ար­թուն= Գրի­գոր ա­նուան թարգ­մա­նու­թիւնն է։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 17, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2016