ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Բ -
Ինչպէս ըսինք, անհատը «ա՛նձ» է եւ ինքնութիւն կը ստանայ իր անունով։ Մէկ խօսքով մէկու մը անունը «ի՛նք»ն է եւ անբաժան իր ինքնութենէն։
Ուրեմն կը շարունակենք ներկայացնել ընդհանրապէս գործածուած անուններու իմաստները, օգտուելով «Հայոց անձնանուններու բառարան»էն, «Անձնանուններու բառարան»էն եւ «Dictionnaire de la Bible»էն ՝ Հրաչեայ Աճառեանի, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի եւ André-Marie Gerard-ի գործերէն։
Արիստակէս= յունարէն «Ագաթանգեղում» բառին տառադարձութեամբ կազմուած է. Արիստակ, Արիստ, Արիս, Տաքէս ձեւերով։ Պահլաւի «ristak» բառը, կը նշանակէ՝ շինական, գիւղացի, ինչպէս հայերէն՝ մշակ, որ ստացած է «էս» վերջաւորութիւնը
Արծիւ= «արծիւ» հայերէն բառէն անուն
Արման= փափաք, կարօտ. (պարսկական «arman»)
Արմանոյշ= Արմէն եւ անոյշ բառերէն. Արմէնի դուստր իմաստով
Արմաւենի= համանուն հայերէն ծառի անունէն
Արմենակ= Խորենացիի հնարած անուն մըն է՝ «Նահապետ Հայկազեանց» իմաստով
Արմենուհի= «Արմէն» բառէն կազմուած անուն
Արմէն= Արմենակ անուան կրճատ ձեւն է եւ կը գործածուի «Արմենակ»էն անկախ կերպով
Արմինէ= «Արմէն» անունէն կազմուած անուն՝ «Վերգինէ», «Եւգինէ», «Ադրինէ» անուններու ձեւով, կամ ձայնական նմանութեամբ
Արշալոյս= հայերէն «արշալոյս» բառն է, որուն փաղաքշական ձեւերն են՝ Արշալ, Շալու, Արշիկ, Արշօ, Ալօ
Արշակ= արջ, արջուկ. («Arsaka», «Arsus», «Ursula» - փոքրիկ արջ)
Արշակուհի= «Արշակ» անուան իգական ձեւը
Արշամ= արջի ոյժ ունեցող, արդարազօր, արու, քաջ, յովատակ՝ արու ձի, ձիու քուռակ
Արշանոյշ= արքայադուստր, որուն կրճատ եւ փաղաքշական ձեւն է՝ «Նուշիկ»
Արշաւիր= տղամարդ, այր մարդ. փաղաքշական ձեւն է՝ «Արշէն»
Արուս= կազմուած է իրանական «arus» բառէն, որ կը նշանակէ՝ հարս
Արուսեակ= «Արուսեակ» մոլորակի անունէն հայերէն բառ
Արսէն= այր մարդ, տղամարդ (յունարէն բառ)
Արտակ= «Artak» պահլաւի անունէն. կը գործածուի «Արտաւազդ» անուան որպէս փաղաքշական ձեւը
Արտաշէս= արդարութեամբ իշխող՝ այն որ արդարութեամբ կ՚իշխէ. «au règne conforme à la loi». նաեւ՝ «Արտաշիր»
Արտաւազդ= որուն արդարութիւնը հաստատուն է եւ տեւական
Արտեմ= համապատասխան՝ «Յարութիւն» անուան (ռուսերէնէ փոխառութիւն)
Արտեմիս= կը ներկայացնէ՝ լուսինը եւ լոյսը՝ ջուրերու եւ պարկեշտութեան չաստուածուհին. անունը կը ծագի «առողջ» բառէն (յունարէն ծագումով բառ). գործածուած է նաեւ՝ «Անահիտ»ի փոխարէն «Արտեմի» ձեւով
Արտէն= փաղաքշական ձեւն է՝ Արտաւազդ, Արտաշէս անուններուն
Արփենիկ= «արփի», «արեգակ» հայերէն բառեր. կրճատ ձեւն է՝ «Արփիկ»
Արփինէ= արփի, արեգակ հայերէն բառեր
Արքայ= «արքայ», «թագաւոր» հայերէն բառերէն կազմուած անուն. յունարէն «Վասիլս», «Բարսեղ», արաբերէն «Մելիք», պարսկերէն «Խոսրով», հայերէն «Թագաւոր» նոյնիմաստ անուններ են
Աւագ= երէց, անդրանիկ, մեծ (հայերէն բառ) կը համապատասխանէ՝ «Max», «Maximus»
Աւան= «Յովհաննէս» անուան գաւառական ձեւը
Աւատար= հաւատարիմ ընկեր, բարեկամ, պաշտպան, գաւառական «հաւատար» բառը
Աւգեր= Աւագեր= աւագ բառէն՝ «աւագ էր» իմաստով անուն
Աւդալ= սուրբերու աստիճաններէն մին. կը նշանակէ նաեւ՝ ճգնաւոր, տերվիշ
Աւետաբեր= «աւետիս բերող» (հայերէն բառ)
Աւետաւոր= «աւետիս՝ բարի լուրով եկող», բարի լուր ունեցող եւ բերող
Աւետիք= «բարի լուր» (հայերէն բառ)։ Գործածական է նաեւ՝ «Աւետիս» ձեւով, որ անոր հայցականն է, իսկ սեռականը՝ Աւետեաց, Աւետ
Աւրամ= «Աբրահամ» անունէն, կը հնչուի՝ «Ավրամ» կամ «Աւրամ». (յունարէն ծագում ունեցող անուն)
Աֆլաթուն= «Պղատոն» իմաստասէրի տառադարձութեան ձեւն է այս անունը
Բաբկէն= «Բաբ» կամ «Բաբիկ» անուններու՝ իրանեան «էն» փաղաքշական մասնիկով կազմուած անուն. ճիշդ ձեւը՝ «Բաբկէն» է եւ երբեմն կը գրուի «Բաբգէն» որպէս «բ»ի յաջորդող «գ». «Բաբ» կը գործածուի «հայր» բառի տեղ
Բագարատ= «Միհր» չաստուածի տուածը կամ ստեղծածը. կարելի է համեմատել «Աստուածատուր» անունով
Բազուկ= թեւ՝ հայերէն բառէն. համազօր կարելի է նկատել՝ «Թաթուլ» եւ «Ձեռէս» անուններուն
Բաթիկ= հայերէն «բադ» բառէն՝ նաեւ «Բադիկ» ձեւով
Բալասան= «Բալաս», «Բալասբէգ» որ կը նշանակէ՝ անուշահոտ ծաղիկ եւ անկէ պատրաստուած ընտիր, ազնիւ իւղ՝ որ միւռոնի մէջ ալ կը գործածուի
Բախտ= հայերէն «բախտ» բառէն անուն
Բախտամ= իմ Աստուծոյ հետ
Բաղդասար= Պաղտասար= արքային կեանքը պահէ՛ (Baltasaşşar)
Բամբիշ= հայերէն «թագուհի» բառէն
Բառնաբաս= մխիթարութեան որդի. (ֆրանսերէն՝ «Barnabas»)
Բասիլ= Բասիլիոս= թագաւոր, տառադարձած է «Բարսեղ» եւ յունարէն «Վասիլ» անուններով
Բասում= գաւազան
Բարաղամ= ժողովուրդի որդի (ֆրանսերէն. «Barlaam» ձեւով)
Բարաքիա= Աստուծոյ օրհնութիւնը
Բարեմանուկ= բարի զաւակ, բարի մանուկ
Բարթողիմէոս= զարմ, այսինքն՝ ազգատոհմ, Աստուծոյ ժողովուրդ (ֆրանսերէն «Barthelemy» ձեւով)
Բարի= «բարի» հայերէն բառը
Բարիլոյս= բարի եւ լոյս բառերէն կազմուած հայերէն անուն
Բարունակ= ճիւղ, ոստ հայերէն բառը
Բարսեղ= թագաւոր (յունարէնէ առնուած)
Բենիամին= աջ ձեռքի զաւակ, այսինքն յաջողակ, բախտաւոր (եբրայերէն «Binyamin»)
Բենիկ= Բենիամին անուան կրճատ ձեւը
Բերկրուհի= հրճուանք, ուրախութիւն, բերկրիլ (հայերէն բառէ կազմուած)
Բէգի= իշխան
Բիւզանդ= Բիւզանդիոն (Կ. Պոլիս) քաղաքի հիմնադիր
Բիւրեղ= «բիւրեղ»՝ թանկագին քար (հայերէն բառէն անուն)
Բունիաթ= գտած, այսինքն՝ փափաքին հասած
Բունիկ= փոքրիկ բոյն
Բուտ= եկեղեցական տեսուչ
Բուրաստան= ծաղկանոց
Բրաբիոն= յաղթութեան մրցանակ, պսակ, նաեւ՝ անուշահոտ ծաղիկ մը
Բրքիշոյ= Յիսուսի օրհնութիւնը կամ օրհնեալ է Յիսուս (ասորերէն)
Գաբրիէլ= Աստուծոյ մարդ. այր Աստուծոյ, տղամարդ, (եբրայերէն «Geber» բառէն՝ «Gabriel» անունը)
Գագիկ= ասորական «Gagu» անունը՝ «Գագ»ի փաղաքշական ձեւն է
Գազան= հայերէն «գազան» բառէն անուն. նման անուններ են՝ Գայլուկ, Եզնիկ, Կորիւն, Մրջենիկ, Ճնճղուկ, եւայլն
Գալուստ= Հոգեգալուստ բառին կրճատուած ձեւն է, բարի գալուս, «Bonaventura». նման անուններ են՝ Զատիկ, Յարութիւն, Համբարձում, Երեւում, Ընծայ, եւայլն
Գամաղիէլ= աստուածագործ (եբրայերէն՝ «Gamliel» անունն է)
Գամեր= լուսին
Գայիանէ= Գայան, Գայանոյշ ձեւերը ունի (յունալատինական անուն՝ լատին «Gaianus»ի իգական ձեւը)
Գայլ= «գայլ» հայերէն բառէն անուն
Գանձի= «գանձ» հայերէն բառէն անուն (յունարէն՝ «Թեսաւրոս»)
Գառնիկ= գառնուկ, գառն հայերէն բառէն
Գասպար= մոգերու անունէն. (ֆրանսերէն «Gaspar» անունը)
Գարեգին= «Գարիկ»ին փաղաքշական ձեւն է, որուն ծագումը անյայտ է
Գարուն= «գարուն» հայերէն բառէն
Գեդէոն= ջախջախել, խորտակել (եբրայերէն)
Գեղամ= գեղ՝ գեղեցկութիւն
Գեղանոյշ= «գեղ» եւ «անոյշ» հայերէն բառերէն
Գեղեցիկ= «գեղեցիկ» հայերնէ բառէն
Գեղուհի= «գեղեցկուհի» հայերէն բառէն
Գէորգ= երկրագործ, հող մշակող, մշակուած արտ. կազմուած՝ «երկիր, հող» եւ «գործ» բառերէն (յունարէն անուն), (ֆրանսերէն՝ «George», «Georges»)
Գինդ= ականջի օղ՝ «գինդ» հայերէն բառէն
Գինեվարդ= գինիի գոյնով վարդ (հայերէն)
Գիներբուկ= վայրի ծաղիկ մը՝ «գիներբուկ». հաճելի եւ անուշահոտ, կապտակարմիր տեսակ մը ծաղիկ
Գիսակ= գիսակ, «վարս» հայերէն բառէն (լատիներէն՝ «Cincinnatus» գանգրահեր)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 17, 2016, Իսթանպուլ