Երեւանի Մէջ ԱմանորԵԱՆ Տօնակատարութիւնները

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ կա­յա­ցած աշ­խա­տան­քա­յին հեր­թա­կան խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ՝ քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեան յանձ­նա­րա­րած է քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ­ներ Ա­րամ Սու­քիա­սեա­նի եւ Դա­ւիթ Օ­հա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ ստեղ­ծել աշ­խա­տան­քա­յին խումբ մը, որ սեղմ ժամ­կէ­տի մէջ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպման եւ ի­րա­կա­նաց­ման հա­մա­պար­փակ ծրա­գիր: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի տե­ղե­կատ­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կայ­նու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թե­նէն:

Քա­ղա­քա­պե­տին կող­մէ յստակ պա­հանջ դրուած է՝ ծրա­գի­րի մշակ­ման ըն­թաց­քին՝ նկա­տի ու­նե­նալ ձեռ­նարկ­նե­րը հա­մեստ ձե­ւով ի­րա­կա­նաց­նե­լու սկզբուն­քը: «Ինչ­պէս գի­տէք, դեռ Մա­յի­սին վե­րա­նա­յե­ցանք այս տա­րուան պիւտ­ճէով մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու հա­մար նախա­տե­սուած նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րը: Այդ ժա­մա­նակ ալ շեշ­տած էի, որ այդ վե­րա­նա­յու­մը պի­տի անդ­րադառ­նայ յատ­կա­պէս մշա­կու­թա­յին խո­շոր ձեռ­նարկնե­րու հա­մար նա­խա­տե­սուած գու­մար­նե­րուն վրայ: Այդ շար­քին էին նաեւ Ա­մա­նո­րի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը, ըստ այդմ, անհ­րա­ժեշտ է մշա­կել ձեռ­նարկ­նե­րու հա­մեստ ձե­ւա­չա­փով ի­րա­կա­նաց­ման ծրա­գիր: Նաեւ նկա­տի ու­նե­ցէք, որ պէտք է ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նենք յատ­կա­պէս հա­սա­րա­կա­կան ուղ­ղուա­ծու­թեան ծրա­գիր­նե­րը», ընդգ­ծած է Տա­րօն Մար­գա­րեան եւ յանձ­նա­րա­րած՝ ծրա­գի­րը ամ­բող­ջաց­նե­լէ ետք զայն ներ­կա­յաց­նել հան­րու­թեան:

Վար­չա­կան շրջան­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րուն, Ե­րե­ւան քա­ղա­քի գլխա­ւոր ձե­ւա­ւոր­ղին, ար­տա­քին ձե­ւա­ւորման եւ գո­վազ­դի վար­չու­թեան ու «Եր­քաղ­լոյս»ին նոյն­պէս յանձ­նա­րա­րուած է սկսիլ մայ­րա­քա­ղա­քի տօնա­կան ձե­ւա­ւոր­ման նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ու սահ­մա­նուած ժամ­կէ­տի մէջ ա­պա­հովել Ե­րե­ւա­նի տօ­նա­կան տես­քը:

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016