ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
Երէկ, Երեւանի մէջ, «Արմէնփրէս» գործակալութեան կեդրոնէն ներս համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան եւ «Նորավանք» գիտական հիմնարկի հայագիտական կեդրոնի աւագ մասնագէտ Վահրամ Հովեան։ Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մատնանշուեցաւ, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայկական համայնքներու կորուստները շատ մեծ են ու դժուար վերականգնելի։
«20-րդ դարու կէսէն սկսեալ աշխարհի ամենաթէժ տարածքաշրջանը կը հանդիսանայ Մերձաւոր Արեւելքը։ Այնտեղ տեղի ունեցան շարք մը իրադարձութիւններ, մասնաւորապէս, արաբա-իսրայէլական պատերազմը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, Սուրիոյ, Եգիպտոսի ներքին քաղաքական ցնցումները, Թուրքիոյ զինուորական յեղաշրջումները, արաբական գարունը։ Ահա զանազան երկիրներէ ներս ներքին, արտաքին ցնցումները բացասական ազդեցութիւն կը գործեն հայ համայնքներուն վրայ։ Կ՚աւերեն անոնց կալուածները, գոյքը, մշակութային ժառանգութիւնը, եկեղեցիներն ու դպրոցները», ըսաւ Վահրամ Հովեան, որու համոզմամբ ամենավտանգաւորը այն է՝ որ այդ բոլորը պատճառ կը դառնան հայ համայնքներու մօտ լայնածաւալ արտագաղթի։ Ան յիշեցուց, որ յեղափոխութենէն վերջ մեծ կորուստ կրած է Իրանի հայ համայնքը, որու երկու երրորդը դուրս եկած է երկրէն։ Հովեան յիշեցուց, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ընդհանրապէս քրիստոնէութեան դէմ շարժումներն ալ կ՚անդրադառնան հայութեան վրայ։ Արդարեւ, Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու բնակիչ քրիստոնեաներու շրջանակին մէջ հայերը զգալի տոկոս կը կազմեն։ Հետեւաբար, անոնք զերծ չեն կրնար մնալ ոտնձգութիւններէն։ Ան որպէս օրինակ մէջբերեց Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ աւերումը։
Իր կարգին, Սերժ Սրապիոնեանն ալ յայտեց, որ Սփիւռքի համայնքներէն ներս հայապահպանութեան տեսակէտէ օրակարգային խնդիր դարձած են խառն ամուսնութիւնները։ Իր դիտարկումներով, Սուրիան այսօր թէեւ հայութեան տեսակէտէ թէժ կէտ մըն է, սակայն ներկայիս առկայ է նաեւ անտեսանելի մարտահրաւէր մը, որ կը պահանջէ լուրջ միջամտութիւն։ Սա խառն ամուսնութիւններու պարագան է։ Այսօր համայնքներէն ներս զգալի տոկոս կը կազմեն խառն ամուսնութիւնները, նոյնիսկ այն պարագային, երբ կան կրօնական տարբերութիւններ։ «Այդպիսի ամուսնութիւնները պէտք է ըլլան մեր ուշադրութեան կեդրոնին, անոնց զաւակներու հայեցի դաստիարակութեան իմաստով», ըսաւ Սրապիոնեան եւ աւելցուց, թէ հայապահպանութեան խնդիր գոյութիւն ունի նաեւ նախկին խորհրդային երկիրներուն մէջ։ «Ռուսաստանի ամենափոքր համայնքին մէջ կ՚ապրի 5 հազար հայ, իսկ մեծագոյնին մէջ՝ 200 հազար։ Անոնք կը համարուին ամենավտանգուածները, որովհետեւ ձուլման գործընթացը նախատեսուածէն շատ աւելի արագ կ՚ընթանայ։ Սա կախում ունի շարք մը գործօններէ, մասնաւորապէս, լեզուի մատչելիութիւնը, երկար տարիներ նոյն պետութեան մէջ ապրած ըլլալը եւ այլն», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեան, որ միեւնոյն ժամանակ կարեւորեց նաեւ լեզուի պահպանութիւնը։ Ըստ իրեն, արեւմտահայերէնը վտանգուած է եւ քննարկման առարկայ է զայն Հայաստանի դպրոցներէն ներս ուսուցանելու հարցը։