ԵԽԽՎ-Ի ԿՈՂՄԷ ՀԻՒՐ

Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի (ԵԽԽՎ) «Եւ­րո­պա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան­ներ» խում­բի ղե­կա­վար Եան Լի­տըլ-Կրէյն­ճէր ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Եւ­րո­խոր­հուր­դը կա­րե­ւոր տեղ կը զբա­ղեց­նէ եւ­րո­պա­կան կա­ռոյց­նե­րու շար­քին եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ Եւ­րո­պա­յի ճար­տա­րա­պե­տու­թեան մէջ։ Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու, ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ի­րա­ւուն­քի գե­րա­կա­յու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ Եւ­րո­խոր­հուր­դի կող­մէ ստեղ­ծուած չա­փա­նիշ­նե­րը հա­մընդ­հա­նուր ճա­նա­չում ու­նին նաեւ Եւ­րո­պա­յէն դուրս։ Այդ ար­ժէք­նե­րու տա­րած­ման ուղ­ղու­թեամբ Սերժ Սարգ­սեան կանգ ա­ռաւ նաեւ ԵԽԽՎ-ի դե­րա­կա­տա­րու­թեան վրայ։ Ար­դա­րեւ, ԵԽԽՎ կը ցո­լաց­նէ 800 մի­լիոն եւ­րո­պա­ցի­նե­րուն ձայ­նը։

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեան կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի երկ­խօ­սու­թիւ­նը թէ՛ ԵԽԽՎ-ի եւ թէ այն­տեղ ներ­կա­յա­ցուած քա­ղա­քա­կան խում­բե­րուն ու խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս՝ «Եւ­րո­պա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան­ներ»ու քա­ղա­քա­կան ըն­տա­նի­քին հետ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Սարգ­սեան յոյս յայտ­նեց, որ «Եւ­րո­պա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան­ներ» քա­ղա­քա­կան խում­բի ղե­կա­վա­րին Ե­րե­ւան այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր խթան մը կը հա­ղոր­դէ կող­մե­րու երկ­խօ­սու­թեան։ Ար­դա­րեւ, այդ երկ­խօ­սու­թիւ­նը կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ­նե­րէն մին է Հա­յաս­տա­նէ ներս ձեռ­նար­կուած բա­րե­փո­խում­նե­րուն՝ Եւ­րո­խոր­հուր­դի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­կեր­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ։

Եան Լի­տըլ-Կրէյն­ճէր զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան յի­շե­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ կը գտնուի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը եւ այս վեր­ջի­նը կ՚ան­դա­մակ­ցի Եւ­րո­պա­յի ժո­ղովր­դա­կան կու­սակ­ցու­թեան եւ «Եւ­րո­պա­կան պահ­պա­նո­ղա­կան­ներ»ուն։ Ան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի հետ շա­րու­նա­կա­կան եւ աշ­խոյժ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար։

Եան Լի­տըլ-Կրէյն­ճէր օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ նաեւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ Հեր­մի­նէ Նաղ­դա­լեա­նի կող­մէ, որ կը գլխա­ւո­րէ ԵԽԽՎ-ի մօտ Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը։ Նոյն­պէս Նաղ­դա­լեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ան այ­ցե­լեց նաեւ Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016