BLOOMBERG ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԷ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ
Bloomberg գործակալութիւնը հրապարակեց յօդուած մը, որու մէջ ընդգծուած է, որ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կեդրոնացած է արագ փոփոխութիւններ արձանագրելու վրայ։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը թարգմանաբար արձագանգ հանդիսացաւ այդ յօդուածին, ըստ որու բովանդակութեան Կարէն Կարապետեան Հայաստանի մէջ լուրջ փոփոխութիւններու կարիքը կը տեսնէ եւ անոր կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը կ՚առաջարկէ ամենաարագ փոփոխութիւնները։ Այդ բոլորին նպատակն է յառաջ մղել Հայաստանի տնտեսութիւնը։ «Մենք պիտի ստեղծենք հաւասար մրցակցային պայմաններ գործարարներուն համար։ Գործարարներու համար խոչընդոտներ պէտք չէ ըլլան», մէջբերուած են Կարէն Կարապետեանի խօսքերը Bloomberg-ի կողմէ։
Անդրադառնալով Կարէն Կարապետեանի տեսլականին՝ միջազգային հեղինակաւոր գործակալութիւնը մատնանշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան նոր վարչապետը կ՚անուանէ «փոփոխութիւններու խորհրդանիշ»։ Իր նշանակման յաջորդած օրերուն Կարէն Կարապետեան շեշտած էր, որ երկրի տնտեսութիւնը կը գտնուի ծանր վիճակի մը մէջ եւ անհրաժեշտ կը համարուին կառուցուածքային փոփոխութիւնները։
Bloomberg մասնաւորապէս ուշադրութիւն կեդրոնացուցած է Կարէն Կարապետեանի այն խոստումներուն վրայ, որոնք կը վերաբերին կաշառակերութեան դէմ պայքարի, դիւանակալական քաշքշուքներու վերջ տրուելուն եւ ձեռնարկութիւններու եւ գործարարութիւններու զարգացման ի նպաստ աջակցութեան։ «Ոեւէ մէկը անձեռնմխելի կամ արտօնեալ չէ», մէջբերուած են Կարէն Կարապետեանի խօսքերը եւ Bloomberg-ի կողմէ աւելցուած է հետեւեալը. «Հայաստանի նոր վարչապետը կը պատրաստուի յաջորդ վեց ամիսներուն ընթացքին մշակել հեռանկարային զարգացման ծրագիր մը, որպէսզի 2018 թուականէն սկսեալ երկիրը կայուն աճ արձանագրէ իւրաքանչիւր տարին»։
Նոյն գործակալութեան հաղորդումներով, թէեւ վարչապետը կեդրոնացած է արագ փոփոխութիւններ արձանագրելու վրայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը պատրաստուի երկրի զարգացման ուղիներու որոնման նպատակով ձեւաւորել օտար մասնագէտներէ բաղկացեալ խորհրդատուական խումբ մը։