ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ՊԱՏԳԱՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ տեսակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցած ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 62-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Էրտողան եւ Սթոլթենպերկ նախ հանդիպում մը ունեցան վեհաժողովին շրջագծով, իսկ աւելի վերջ Եըլտըզի պալատի «Մապէյն» ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ անոնց առանձնազրոյցը։ Ընդհանուր քարտուղարը օրուան տեւողութեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի հետ։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Սթոլթենպերկ յայտնեց, որ Թուրքիա իրաւունք ունի դատելու բոլոր անոնք, որոնք 15 Յուլիսի զինեալ յեղաշրջման փորձի ետին կանգնած են։ Այդ բանը պէտք է ըլլայ իրաւունքի գերակայութեան սկզբունքին շրջագծով։ Ընդհանուր քարտուղարին համոզմամբ, 15 Յուլիսի պետական հարուածի փորձը շատ լուրջ ու ծանր յարձակում մըն էր՝ Թուրքիոյ ժողովրդավարական կառոյցներուն դէմ։
Իր կարգին, Էրտողանն ալ ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի 62-րդ նստաշրջանի բացման նիստին ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ շեշտը դրաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ։ Իր խօսքերով, օտարատեացութիւնը ու նոյնիսկ հետեւանքներուն բերումով իսլամատեացութիւնը արդէն կը գերազանցէ կարգ մը երկիրներուն սահմանը։ «Թուրքիոյ ի նպաստ ձեր ապահովելիք աջակցութիւնը պիտի ամրապնդէ մեր պայքարը այն ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք կը սպառնան մեր հասարակաց անվտանգութեան», ըսաւ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները միասնաբար թիրախ ընտրած են մարդկութեան հասարակաց արժէքները։ Այս ամբողջին մէջ ան մատնանշեց ՖԵԹԷՕ-ն, ՓՔՔ-ն, ԻՇԻՊ-ը եւ ընդգծեց, թէ այդ բոլորին դէմ կը պայքարի Թուրքիա եւ կ՚ակնկալէ բոլորին աջակցութիւնը։
«Համաշխարհային մակարդակով եւ ՆԱԹՕ-ի տեսակէտէ հետաքրքրութեան առարկայ անվտանգութեան բոլոր ճգնաժամերը կ՚ապրուին մեր երկրի անմիջական հարեւանութեամբ։ Այն երկիրները, որոնք ահաբեկչութեան դէմ երկակի դիրքորոշում մը որդեգրած են՝ ի վերջոյ փոխարժէքը պիտի վճարեն», ըսաւ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ Թուրքիա կարծես, թէ պատ մը կը հանդիսանայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ աշխարհի մնացեալին միջեւ, Եւրոպայի գլխաւորութեամբ։ «Եթէ մենք ձախողինք այս պայքարին մէջ, այսինքն եթէ այդ պատը փուլ գայ, ապա ահաբեկիչները ամբողջ աշխարհը պիտի հրկիզեն եւ արեան հեղեղ մը պիտի ստեղծեն։ Մենք կ՚ըսենք, որ եկէք, այդ պատը ոչ թէ տկարացնենք, այլ ամրապնդենք։ Թուրքիոյ ի նպաստ ցուցաբերուելիք աջակցութիւնը տուեալ երկրին տեսակէտէ պիտի նպաստէ սեփական ապագայի երաշխաւորմամբ», ըսաւ Նախագահ Էրտողան եւ յիշեցուց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու ձեռքը կը գտնուին այլ զէնքերը, որոնք արտադրուած են Թուրքիոյ տեսակէտէ դաշնակից համարուող երկիրներուն կողմէ։ Հանրապետութեան նախագահը այս կէտին վրայ հերթական անգամ յայտնեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն միջեւ զանազանութիւն պէտք չէ դրուի, անոնցմէ մին միւսին բաղդատմամբ գերադաս պէտք չէ համարուի։
Իր ելոյթին մէջ Էրտողան մատնանշեց, որ համաշխարհայնացեալ աշխարհին մէջ սպառնալիքներն ալ կը դառնան կլոպալ, հետեւաբար այս իրավիճակին մէջ կառոյցներն ալ պէտք է վերատեսութեան ենթարկեն ինքզինքնին իսկ։ Այս դժուարին գործընթացը ՆԱԹՕ-ի կողմէ պէտք է յաղթահարուի՝ արդարութեամբ, իրաւունքի եւ մարդկային արժէքներու ամրապնդմամբ։ Այլապէս, պիտի ծագին այնպիսի անհաւասարակշռութիւններ, որոնք աղիտալի նշանակութիւն պիտի ունենան համայն աշխարհին տեսակէտէ։
Էրտողան յիշեցուց, որ 15 Յուլիսին Թուրքիա եւ համայն աշխարհ ականատես եղան ահաբեկչութեան նոր մէկ երեսակին։ Թրքական ժողովրդավարութիւնը այդ կէս գիշերին ինքզինք արդարացուց յաչս համայն աշխարհին։ Թուրքիա կը ձգտի ՆԱԹՕ-ն իր կողքին տեսնել ՖԵԹԷՕ-ի, ԻՇԻՊ-ի, ՓՔՔ-ի եւ ԵՓԿ-ի պայքարին մէջ։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Սթոլթենպերկին հետ զրուցեց 1 ժամ 45 վայրկեան։ Առանձնազրոյցը տեղի ունեցաւ դռնփակ։
Իր կարգին, Ֆիքրի Ըշըք Սթոլթենպերկի հետ արծարծեց ՆԱԹՕ-ի մօտ պաշտօնավարող՝ ՖԵԹԷՕ-ի անդամ սպաներուն վերաբերեալ հարցեր։ Նախարարը պահանջեց, որ արեւմտեան երկիրները բացարձակապէս ընթացք պէտք չէ տան անոնց ապաստանի խնդրանքներուն։ Ընդհանուր քարտուղարը այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ կը հասկնայ Թուրքիոյ զգայնութիւնները։