ՍԻԼՎԱ ՏԱՄԱՏԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ
Գալֆաեան Տան հիմնադրութեան 150-ամեակին ձօնուած շաբաթավերջի յոբելենական հանդիսութիւններուն ընթացքին Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ ելոյթ մը ունեցաւ հաստատութեան սաներէն երէցկին Սիլվա Տամատեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքը։
Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայր եւ յարգարժան սեղանակիցներ,
«Մեծ ես դու, Տէր, եւ առնես սքանչելիս եւ Դու միայն ես Աստուած» (Սաղմոսք 85/86:10)։ Սաղմոսաց գրքի այս համարով ճամբայ ելած Սրբուհի Մայրապետ Գալֆաեանի օրհնեալ առաքելութիւնը ուրախ ենք, որ հասած է 150-ամեակի հանգրուանին։ Աստուծոյ ապաւինելով, հաւատքով, յոյսով եւ սիրով ծլած գթութեան եւ կրթութեան, հաւատքի եւ սիրոյ եւ յոյսի այս յարկը Գալֆաեանի ուխտեալ միաբաններուն ջանքերով եւ մեր ժողովուրդի բարերարութեամբ, այսօր կը ներկայանայ երկնքի թռչունները իր հովանիին տակ հաւաքող մանանեխի բոյսին օրինակովը, որ յառաջ կու գայ բոլոր սերմերուն փոքրագոյնին ծիլ արձակումովը (Մարկոս 3:32)։ Ճիշդ 150 տարի մեր ժողովուրդի ապագայ մայրերը եկան հաւաքուեցան ու բնակեցան այս հաստատութեան հովանիին տակ։
Մեր ժողովուրդի գիտակից եւ հաւատացեալ տարրին համար քրիստոնէական պարտականութիւն է կիսել դժբախտին ցաւը։ Պոլսահայ ժողովուրդը այս առումով որբախնամ գործունէութիւը նկատած է համայնքային կարեւոր առաքելութիւն մը։ Պոլսեցին գովելի կեցուածքով «որբանոց»ները կոչած է «տուն», միավանկ բառ մը, որուն մէջ կը խտանայ ընտանեկան յարկի ջերմութիւնը։ Գալֆաեան Տունը եւս եկած է միանալ նուիրական յարկերու փաղանգին։ Հետեւաբար անոնք, որոնք վայելած են այս տան ասպնջականութիւնը, միշտ վկայած են եւ կը շարունակեն եւ վստահաբար ապագային ալ պիտի շարունակեն վկայել, թէ այս նուիրական յարկին ներքեւ կը տիրէր մարդասիրական եւ օժանդակութեան վսեմ գաղափարականով օժտուած, զոհուած, ամէն նեղութեանց դիմադրող նուիրեալ անձերու ներկայութիւը։
Պարագաներու բերմամբ, մօրս՝ Մաքրուհիի եւ քրոջս՝ Ասանէթի հետ ոտք դրի Գալֆաեան Տան սուրբ յարկէն ներս։ Բոլորս վայելեցինք միաբանութեան անդամներուն ասպնջականութիւնը՝ գլխաւորութեամբ հոգելոյս Մայր Մարիամ Քէօսէեանի։ Խասգիւղի բարձունքին Գալֆաեան Տունը մեզի համար վերածուեցաւ հարազատ բոյնի մը։
Միաբանութիւնը՝ ընտանիք, վարժարանը՝ գիտութեան տաճար, մատուռը՝ աղօթքի տուն։ Այս երեքը երբ կողք կողքի էին, կարելի՞ բան էր, որ մենք զմեզ օտար զգայինք։ Կարելի՞ բան էր, որ չկապուէինք այս յարկին։ Երբ ժամանակը հասաւ, յակամայս բաժնուեցանք այս սուրբ յարկէն եւ փոխադրուեցանք մեր տունը։ Բայց այդ օրէն սկսեալ մենք չկորսնցուցինք մեր կապին զօրութիւնը եւ մենք զմեզ միշտ նկատեցինք ու տեսանք իբրեւ անդամները Գալֆաեան մեծ ընտանիքին։
Այս պահուն կը յիշեմ հաստատութեան հիմնարկութեան դարադարձի հանդիսութիւնը. ամենասիրելի ու անզուգական երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարք Հայրը, որ մատուցած էր Ս. Պատարագը եւ նախագահած՝ աշխարհիկ հանդիսութեան, իր շուրջը ունենալով Գալֆաեան Ուխտի մայրն ու քոյրերը։ Փառք Աստուծոյ, որ կ՚արժանանամ այսօր վայելել իմ սիրելի տանս 150-ամեակի հանդիսութիւնը։ Վստահ եմ այսօր կը հրճուին ի Քրիստոս ննջած մայրերն ու քոյրերը, որոնք եղան «Անձինք նուիրեալք սիրոյն Քրիստոսի»։ Անոնք ձգեցին ընտանիք եւ ազգականներ, նուիրուեցան կուսակրօն կեանքի։ Զաւակներ չունեցան։ Սակայն Աստուած իրենց պարգեւեց բազմանդամ ընտանիք մը, բազում զաւակներ, որոնք իրենց կեանքին ամբողջ տեւողութեան՝ ո՛ր երկնքի տակ ալ գտնուին, միշտ փառք կու տան Աստուծոյ, որ Գալֆաեան Տան մէջ դաստիարակուելու արժանացած են։
Մեզի համար ուրախութիւն է վայելել այսօր Գալֆաեան Ուխտի միակ միաբանին ներկայութիւնը յանձին՝ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեանի, որ մերօրեայ ժամանակներուն ժառանգորդն է Գալֆաեանի հարուստ աւանդութեան։ Աստուած իրեն պարգեւէ կարողութիւն եւ յաջողութիւն իր տարած աշխատութեանց մէջ։
Ի բոլոր սրտէ կը մաղթեմ որ այս նուիրական Տունը մնայ անսասան եւ շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը, ի փառս Աստուծոյ եւ ի շինութիւն մերազն օրիորդաց։
Սէր եւ յարգանք ձեր բոլորին։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024