ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ
Նիւ Եորքի մէջ շուրջ հազար անձեր Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծննդավայր Քուինզ թաղամասէն մինչեւ Թրամփի երկնաքերը քայլարշաւ մը կատարեցին՝ առ ի պաշտպանութիւն բազմազանութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու: Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատական անդամ Վան Պրայմըրի հրաւէրով: Ցուցարարները Քուինզը Մանհաթընին կապող կամուրջէն անցնելով հասան Թրամփի կեդրոնատեղիին առջեւ: Անոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին՝ «Քուինզը ատելութեան դէմ դիմադրութիւն պիտի կատարէ», «Ո՛չ ֆաշականութեան» եւ «Կասեցուցէ՛ք ցեղապաշտութիւնը»:
Շատեր բարձրացուցած էին միասեռականներու կողմէ՝ իբրեւ իրենց խորհրդանիշը որդեգրուած ծիածանի գոյներով դրօշներ:
Միւս կողմէ, Փարիզի մէջ ալ մեծամասնութեամբ ամերիկացիներէ բաղկացած 300-400 անձեր բողոքի ցոյց մը կատարեցին Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեան դէմ՝ նորընտիր նախագահը ամբաստանելով «ցեղապաշտութեան» եւ «սեռային խտրականութեան» յանցանքով: Ցուցարարները, որոնց նաեւ միացան ֆրանսացիներ, մինչեւ Էյֆէլի աշտարակ քայլարշաւ մը կատարեցին՝ բարձրացնելով պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին՝ «Թրամփէն հրաժարեցէ՛ք» կամ «Փարիզը ընդդէմ Թրամփի»: Ցուցարարներէն մէկը իր բարձրացուցած պաստառին վրայ գրած էր. «Թրամփի շուրջ պատ հիւսեցէ՛ք, ես ծախսերը պիտի հոգամ»: Ան այդպէսով կ՚ակնարկէր այն պատին, որ Թրամփ խոստացած է նախագահ ընտրուելու պարագային կառուցել Մեքսիքայի հետ ԱՄՆ-ի սահմանին վրայ: