ԱՆԻՐԱՏԵՍ ՅՈՅՍԵՐ

Ռու­սա­սատ­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը չի պատ­րաս­տուիր վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել Աբ­խա­զիոյ եւ Հա­րա­ւա­յին Օ­սե­թիոյ ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման վե­րա­բե­րեալ ո­րո­շում­նե­րը։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան ը­սաւ, որ այդ ան­կա­խու­թիւն­նե­րու ճանչ­ման մա­սին ո­րոշ­ման յետս­կո­չուի­լը այս պա­հուն ի­րա­տե­սա­կան չէ ու եր­բեք ի­րա­տե­սա­կան պի­տի չըլ­լայ։

Ռուս բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­գէ­տի խօս­քե­րով, այս պա­հուն ի­րա­տե­սա­կան չեն նաեւ այն յոյ­սե­րը, թէ Մոս­կուա ա­զատ մուտ­քի դրու­թիւն պի­տի հաս­տա­տէ Վրաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար։ «Այս հար­ցին մէջ վրաս­տան պատ­րաք­ներ պէտք չէ ու­նե­նայ», ը­սաւ փոխ-նա­խա­րա­րը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016