ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՒՂԻՂ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Լոս Ան­ճե­լը­սի «Աս­պա­րէզ» օ­րա­թեր­թը հա­ղոր­դեց, որ աշ­խա­տանք­ներ կը կա­տա­րուին՝ Ե­րե­ւա­նի եւ Լոս Ան­ճե­լը­սի մի­ջեւ ու­ղիղ թռիչք­նե­րու հաս­տատ­ման հա­մար։ Այս­պէս, մօտ ա­պա­գա­յին, հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­ներ կ՚ակն­կա­լուին. «Ա­մե­րի­կա­յի Ձայ­ն­»ին հետ հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին այս­պէս յայտ­նած է հայ գոնկ­րէ­սա­կան Ճե­քի Սփիր: «Կը կար­ծեմ, թէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել եւս պի­տի ըն­դար­ձա­կուին եւ նոր բնա­գա­ւառ­ներ ներգ­րա­ւե­լու հսկա­յա­կան նե­րուժ պի­տի ու­նե­նա­ն», ա­ւել­ցու­ցած է ան:

Իբ­րեւ Գոնկ­րէ­սի Հայ­կա­կան հար­ցե­րու հա­մախմ­բու­մի հա­մա­նա­խա­գահ, Սփիր 2017-ին կը նա­խա­տե­սէ բազ­մա­թիւ ծրա­գիր­ներ ի­րա­կա­նաց­նել։ «Մօ­տիկ ա­պա­գա­յին, Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ կը նա­խա­տե­սենք գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու մեծ պա­տուի­րա­կու­թեան այց մը կազ­մա­կեր­պել դէ­պի Հա­յաս­տա­ն», ը­սած է ան:

Օ­րա­կար­գի վրայ կայ նաեւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ նոր քոյր քա­ղաք­նե­րու հռչա­կում ու Ե­րե­ւան-Լոս Ան­ճե­լըս ու­ղիղ թռիչք­նե­րու բա­ցում։ «Այս վեր­ջի­նը կը փա­փա­քիմ նաեւ անձ­նա­կան նկա­տա­ռում­նե­րէ մղուած, քա­նի որ հա­մո­զուած եմ, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին միայն մէկ ան­գամ չէ, որ Հա­յաս­տան պի­տի այ­ցե­լե­մ», ա­ւել­ցու­ցած է ան:

Ըստ Սփի­րի՝ հայ-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տին մէջ 2017-ին լու­ծուե­լիք կա­րե­ւո­րա­գոյն խնդի­րը՝ Հա­յաս­տա­նի վե­րա­բե­րող «Հա­զա­րա­մեա­կի մար­տահ­րա­ւէր­նե­ր» ծրա­գի­րին հա­մար օ­ժան­դա­կու­թեան վե­րա­կանգ­նում է։

«Այս հար­ցով, ես Հա­յաս­տա­նի օգ­նու­թեան կա­րի­քը ու­նիմ: Որ­քա՛ն խոր զար­գա­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը, այն­քա՛ն մեծ պի­տի ըլ­լայ այդ օգ­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը», շեշ­տած է Սփիր։

Յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն պի­տի դար­ձուի նաեւ տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման: «Ե­թէ նա­խա­պէս տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հիմ­նա­կա­նին մէջ ա­ռեւ­տու­րի եւ ներդ­րում­նե­րու վրայ կեդ­րո­նա­ցած էր, ա­պա ար­հես­տա­գի­տու­թեան այս նոր դա­րուն անհ­րա­ժեշտ է զար­գաց­նել գի­տա­ճար­տա­րա­գի­տա­կան կա­պե­րը։ Փա­փա­քե­լի է փո­խա­դարձ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ զար­գաց­նել Գա­լի­ֆոր­նիոյ Սի­լի­քոն Հո­վի­տի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ, որ­պէս­զի հայ մաս­նա­գէտ­ներ այ­ցե­լեն եւ տե­ղի ու­նե­նայ գի­տե­լիք­նե­րու իս­կա­կան փո­խա­նա­կու­մ», ա­ւել­ցու­ցած է ան:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016