«ԱՐԻ ԳՐՔԱԽԱՌՆՈՒԻՆՔ»

Ե­րե­ւա­նի «Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թը այս օ­րե­րուն կը պատ­րաստուի ի­րա­կա­նաց­նել մաս­նա­ւոր ձեռ­նակ­ներ։ Մայ­րա­քա­ղա­քի կեդ­րո­նի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի պո­ղո­տա­յին վրայ կը գտնուի այս գրա­խա­նու­թը, որ կը կո­չուի նաեւ «Գրքե­րու աշ­խարհ»։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, շա­բա­թա­վեր­ջին այն­տեղ նա­խա­տե­սուած են «Գրքի գի­շեր 2016» եւ «Ա­րի գրքա­խառ­նուինք» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկ­նե­րը։ Ե­րէկ այս ծրագ­րի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ա­տե­նա­խօս­նե­րու շար­քին էր Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ներ­սէս Տէր-Վար­դա­նեան։ Այս առ­թիւ փոխ-նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, որ գիր­քը կեան­քը ճանչ­նա­լու կա­րե­ւո­րա­գոյն մի­ջոց­նե­րէն մին է։ «Նմա­նօ­րի­նակ ծրագ­րե­րու շնոր­հիւ գիր­քը մեծ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կը ստա­նայ մեր կեն­ցա­ղին մէջ։ Նշեմ, որ յա­ռա­ջի­կա­յին մեծ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ պի­տի դարձ­նենք նաեւ հայ գրող­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման ծրագ­րե­րը, պի­տի խթա­նենք ա­նոնց գիր­քե­րու այլ լե­զու­նե­րու թարգ­մա­նուի­լը», ը­սաւ ան։

«Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թի տնօ­րէն Խա­չիկ Վար­դա­նեան, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ «Գիրք տա­րա­ծող­նե­րու ազ­գա­յին ըն­կե­րակ­ցու­թեան» նա­խա­գահն է, յայտ­նեց, թէ գիր­քը լա­ւա­գոյն նուէրն է։ «Միշտ կ՚ա­ռաջ­նոր­դուինք այն սկզբուն­քով, որ գիր­քը ե­ղած է, է եւ պի­տի մնայ գի­տե­լի­քի ձեռք­բեր­ման գլխա­ւոր մի­ջո­ցը։ Գրքի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի կը մեծ­նայ, բարձ­րա­ցած է հրա­տա­րակուած գիր­քե­րուն ո­րա­կը։ Կան գիր­քեր, ո­րոնք հա­յե­րէ­նի թարգ­մանուած են բնագ­րե­րէն, եւ ա­նոնց ռու­սե­րէն տար­բե­րա­կը տա­կա­ւին չկայ», ը­սաւ Խա­չիկ Վան­դա­նեան եւ ա­ւել­ցուց, որ «Գրքի գի­շեր» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ձօ­նուած է «Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թի 84-րդ տա­րե­դար­ձին եւ «Ա­րե­ւիկ» հրա­տա­րակ­չու­թեան ե­րես­նա­մեայ յո­բե­լեա­նին։

Իր կար­գին, «Ա­րե­ւիկ» հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէն Սա­պետ Յով­հան­նի­սեան շեշ­տեց, որ վա­ղուց կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին «Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թին հետ։ «Սա հեր­թա­կան քայլն է։ Փա­փա­քե­լի է, որ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ար­ժա­նա­նայ պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ու դառ­նայ տա­րե­կան, ո­րով­հե­տեւ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց կու տայ, թէ գրքի վե­րա­բե­րեալ միւս ձեռ­նարկ­նե­րը ար­դա­րա­ցած են։ Այս նա­խա­գի­ծը հեր­թա­կան ան­գամ կ՚ընդգ­ծէ տպա­գիր գրքի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը», ը­սաւ ան։

«Դուն բա­րե­գործ ես» պի­տա­կով գիր­քե­րը գնե­լով՝ ըն­թե­ցա­սէր­նե­րը ա­ջակ­ցու­թիւն ցոյց պի­տի տան այն ե­րա­խա­նե­րուն, ո­րոնք կը տա­ռա­պին քաղց­կե­ղէ։

«Ա­րի գրքա­խառ­նուինք» խո­րագ­րեալ «Գրքի գի­շեր 2016» ձեռ­նար­կը ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Այս ձեռ­նար­կին շրջագ­ծով մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի փո­խա­նա­կեն գիր­քեր, յա­ճա­խորդ­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ի­րենց հա­մար նա­խընտ­րե­լի հե­ղի­նակ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ա­պա­հո­վել 30 տո­կոս զեղ­չով, նաեւ նա­խա­տե­սուած են բազ­մա­թիւ հե­տաքրք­րա­կան խա­ղեր։

Հարկ է նշել, որ «Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թը Ե­րե­ւա­նի մէջ այն հիմ­նա­կան հաս­ցէ­նե­րէն մին է, ուր հա­սա­նե­լի են սփիւռ­քի մէջ հրա­տա­րա­կուած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով գոր­ծեր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2016