ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս երէկ հիւրընկալուեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու շրջանակներէն խումբ մը աշխատակիցներ։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս առթիւ պարգեւատրեց քանի մը յայտնի լրագրողներ, որոնք կ՚աշխատակցին Հանրային հեռուստատեսութեան եւ Հանրային ռատիոյին։ Ողջունելով հիւրերը Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց Հանրային հեռուստատեսութեան 60-ամեայ եւ Հանրային ռատիոյի 90-ամեայ յոբելեանները՝ մաղթելով ստեղծագործական նորանոր ձեռքբերումներ։ «Այսօր փոքրիկ հանդիսութիւն մը կազմակերպած ենք՝ արժեւորելու համար մեր սիրելի հեռուստատեսութեան 60-րդ եթերաշրջանը։ Տարին յոբելենական է եւ օգտուելով առիթէն կը շնորհաւորեմ Հանրային հեռուստատեսութեան յոբելեանը։ Ես այդ մէկը կը բաժնեմ երկու մասի՝ 35+25։ Որպէս Խորհրդային Հայաստանի միակ հեռուստաընկերութիւնը՝ ան 35 տարի բոլորած է կայացման ճանապարհ մը, իսկ 25 տարիէ ի վեր անկախ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութիւնը փորձած է բազմաթիւ անկախ հեռուստաալիքներու միջեւ մնալ առաջինը։ Կը մաղթեմ, որ Հանրայինը կարենայ իրականացնել հասարակութեան բոլոր ակնկալութիւնները», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան եւ բարձր գնահատեց Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման ու լուսաբանման տեսանկիւնէն արձանագրուած արդիւնքները։
Աւելի վերջ Սփիւռքի նախարարութեան ոսկէ մետայլով պարգեւատրուեցան Արփեն Մովսէսեան եւ Արթուր Բախտամեան։ Ռուզան Առաքելեանին շնորհուեցաւ «Մայրենիի դեսպան» մետայլը։ Նախարարութեան կողմէ պատուոյ գրեր յանձնուեցան Մարինէ Սահակեանին, Մարինէ Պլպուլեանին եւ Յասմիկ Մարգարեանին։
Պարգեւատրեալները հանդէս եկան շնորհակալութեան խօսքերով։ «Քանի որ ամբողջ լսարանը Սփիւռքի մէջ է, ես այս պարգեւը կը համարեմ մասնագիտական մրցանակ ու կը գիտակցիմ, որ պէտք է ընենք աւելին», ըսաւ Արթուր Բախտամեան։