ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏ ԵՐԵՔ ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Սուրիոյ մէջ երեք թուրք զինուոր նահատակուեցաւ։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով այդ երկրի տարածքէն ներս գտնուող զօրքերը Էլ Պապի շրջանին մէջ ենթարկուեցան օդային յարձակման։ «Եփրատի վահան» գործողութիւններու 93-րդ օրուան զուգադիպեցաւ այս ցաւալի դէպքը։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Սուրիոյ ղեկավարութեան ենթակայ զօրքերուն թիրախը դարձած են նահատակեալ զինուորները։ Բաց աստի, տասն զինուոր ալ վիրաւորուած է։ Ըստ հրապարակուած մանրամասնութիւններուն, այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Էլ Պապի արեւմտեան շրջանին մէջ տեղակայուած թրքական ռազմախարիսխը ենթարկուեցաւ յարձակման։ Վիրաւորեալ զինուորները ուղղաթիռներով եւ շտապօգնութեան ինքնաշարժներով փոխադրուեցան Քիլիս եւ Կազիանթէպ, ուր առնուեցան դարմանման տակ։ Անոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է։
Դէպքէն անմիջապէս վերջ շրջանէն ներս գտնուող Մասնաւոր զօրքերու հրամանատար զօրավար Զէքայի Սաքալլը հիւանդանոց փութալով տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղեց վիրաւորեալներու կացութեան շուրջ։ Այս դէպքին ժամկէտն ալ մեկնաբաններու կողմէ կը մեկնաբանուի հետաքրքրական։ Արդարեւ, Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար եւ Ցամաքային զօրքերու հրամանատար զօրավար Սալիհ Զեքի Չոլաք քննարկումներ կատարած էին Թուրքիա-Սուրիա սահմանի երկայնքով։ Այսինքն, բարձրաստիճան հրամանատարները արդէն կը գտնուէին սահմանին վրայ։
Այս առաւօտեան իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ հեռաձայնով անմիջապէս տեղեկութիւններ քաղեց զօրավար Հուլուսի Աքարէն եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքէն։
«Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով Թուրքիոյ տուած զոհերուն թիւը այսպէսով հասաւ տասնվեցի։