ՏԵՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱԳԻԾ

Աշ­խար­հահռ­չակ տնտե­սա­գէտ Փրոֆ. Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու Իս­թան­պու­լի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Ման­րա­ծա­խու­թեան օ­րեր 2016» խո­րագ­րեալ ձեռ­նար­կին։ Ան մաս կը կազ­մէ աշ­խար­հի այն քսան տնտե­սա­գէտ­նե­րու շար­քին, ո­րոնց պա­րա­գա­յին ա­ռա­ւե­լա­գոյնս յղում­ներ կը կա­տա­րուին։ MIT-ի դա­սա­խօս Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու ներ­կա­յիս կը դա­սուի Foreign Policy պար­բե­րա­թեր­թի «Հա­րիւր կլո­պալ մտա­ծող­նե­րու» ցու­ցա­կին վրայ։ Ե­րէ­կուան իր ե­լոյ­թը, ինչ­պէս միշտ, լայն ար­ձա­գանգ գտաւ թրքա­կան զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու բա­ցատ­րեց, որ աշ­խարհ նուրբ կէ­տի մը վրայ կը գտնուի տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով։ Առ­կայ վի­ճա­կը ըմբռ­նե­լու եւ ա­նոր լոյ­սին տակ ա­պա­գա­յին ուղ­ղեալ ծրագ­րե­րը ճիշդ մշա­կե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ու­նե­նալ տե­սա­բա­նա­կան շրջա­գիծ մը։ Ան հա­մո­զուած է, ո­մանց գոր­ծը շատ դժուար է, ո­մանց գործն ալ շատ դիւ­րին։ Ար­դա­րեւ, հա­մա­պար­փակ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը շատ ա­ւե­լի մեծ նպաստ մը կը բե­րեն զար­գաց­ման։ Աշ­խար­հի առ­կայ անջր­պետ­նե­րը նուա­զեց­նե­լու հա­մար պէտք է որ­դեգ­րել հա­մա­պար­փակ մօ­տե­ցում­ներ։

Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու մատ­նան­շեց, որ Թուր­քիոյ տնտե­սու­թեան պա­րա­գա­յին կա­ցու­թիւ­նը լաւ չէ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Եւ­րո­միու­թեան բաղ­դատ­մամբ։ Վեր­ջին տասն տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Թուր­քիոյ մէջ ցած ո­րա­կով տնտե­սա­կան աճ մը ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ։ Ա­ռանց ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման՝ եր­կիր մը չի կրնար իր հարս­տու­թիւ­նը ա­ւելց­նել։ Թուր­քիոյ տնտե­սա­կան ա­ճը ամ­բող­ջու­թեամբ յե­նո­ւած է սպառ­ման վրայ։ Սպառ­ման հրահ­րուե­լուն բե­րու­մով կ՚ա­պա­հովուի տնտե­սա­կան աճ մը։ Բայց եւ այն­պէս ներդ­րում­նե­րու կամ ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան ա­ռու­մով յա­ւե­լում մը չկայ։ Ելմ­տա­կան բացն ալ այս ե­րե­ւոյ­թի հե­տե­ւանքն է։ Ցած ո­րա­կով տնտե­սա­կան ա­ճը կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ եր­կար ժա­մա­նակ տե­ւա­կա­նաց­նել։ Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու մատ­նան­շած է, որ գոր­ծազր­կու­թիւ­նը գե­րա­զան­ցած է 10 տո­կո­սի սահ­մա­նը, գնա­ճը կը շա­րու­նա­կուի, ելմ­տա­կան բա­ցը չի նուա­զիր։ Ա­ճէ­մօղ­լու շեշ­տեց նաեւ, որ այս բո­լո­րը ծնունդ կու տան ա­պա­կա­յու­նաց­ման։ Իր կան­խա­տե­սում­նե­րով, աշ­խար­հի վրայ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած գու­մար­նե­րը պի­տի նուա­զին։ Պի­տի նուա­զին նաեւ այն գու­մար­նե­րը, ո­րոնք կ՚ուղ­ղուին դէ­պի Թուր­քիա, Ափ­րի­կէ եւ Ա­սիա։ Հե­տե­ւա­բար, դժուար ժա­մա­նակ­ներ պի­տի դի­մագ­րա­ւեն այն եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք ու­նին ելմ­տա­կան բաց։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Տա­րօն Ա­ճէ­մօղ­լու յայտ­նած է նաեւ, որ Թուր­քիա ու­նի բնա­կան պա­շար մը, որն է իր ե­րի­տա­սարդ գոր­ծա­րար աշ­խար­հը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016