ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան վար­չա­պետ Նե­չիր­վան Պար­զա­նի ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Իս­թան­պու­լի մէջ, ուր պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիին կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կով։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի հետ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան Նե­չիր­վան Պար­զա­նիին հետ տե­սակ­ցե­ցաւ Եըլ­տը­զի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս, «Մա­պէյն» ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ։ Մէ­կու­կէս ժամ տե­ւեց այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ՄԻԹ-ի խորհր­դա­կան Հա­քան Ֆի­տան։

Վար­չա­պետ Եըլ­տը­րըմ Պար­զա­նիի հետ տե­սակ­ցե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ։ Վար­չա­պե­տա­րա­նի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցած այս զրոյ­ցէն վերջ Նե­չիր­վան Պար­զա­նի ըն­դու­նուե­ցաւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի կող­մէ։ Այս շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լով ան ու­ղե­ւո­րուե­ցաւ Իս­թան­պուլ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ իր հան­դի­պու­մը Էր­տո­ղա­նի հետ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Պար­զա­նիի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յա­ցաւ, որ­պէս­զի յա­ռա­ջի­կայ տա­րե­մու­տէն սկսեալ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թիւ­նը դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն մը հաս­տա­տէ Ան­գա­րա­յի մէջ։

Ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։ Կող­մե­րը քննար­կե­ցին, թէ ինչ փու­լի հա­սած է այդ մէ­կը։ Դաշ­տի վրա­յի վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն շուրջ Պար­զա­նի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Եըլ­տը­րը­մին։ Կող­մե­րը քննար­կե­ցին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ զօ­րակ­ցու­թիւ­նը՝ անխ­տիր բո­լոր ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ, ո­րոնք կը սպառ­նան Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի եւ ամ­բողջ Ի­րա­քի ան­դոր­րու­թեան։ Թուր­քիոյ եւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան մի­ջեւ հաս-տա­տուած լայ­նա­խա­րիսխ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել զար­գաց­ման հա­մար կող­մե­րը հա­մա­ձայն գտնուե­ցան տե­ւա­կա­նաց­նե­լու ի­րենց ջան­քե­րը։

Բաց աս­տի, Պար­զա­նիի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի ե­կան տա­րած­քաշր­ջա­նի միւս ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու զի­նուո­րա­կան գետ­նի նո­րու­թիւ­նը։

ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ»

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ Ատր­պէյ­ճա­նի հողն է։

Էր­տո­ղան ե­րէկ մաս­նակ­ցե­ցաւ Իս­լա­մա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պու­թեան տնտե­սա­կան եւ ա­ռեւ­տու­րի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մշտա­կան կո­մի­տէի 32-րդ նա­խա­րա­րա­կան նիս­տին։ Բաց­ման ժո­ղո­վէն վերջ ան ըն­դու­նեց մաս­նա­կից պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը ու նկա­րա­հա­նուե­ցաւ ա­նոնց հետ։ Այս փու­լին ան պա­տաս­խա­նեց ա­զէ­րի լրագ­րո­ղի մը հարց­ման՝ որ կը վե­րա­բե­րէր Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ հայ­կա­կան բռնագ­րաւ­ման շա­րու­նակ­ման։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Էր­տո­ղան ը­սաւ. «Հա­յաս­տան փու­թով պէտք է դուրս գայ իր բռնագ­րա­ւած տե­ղե­րէն։ Այս նիւ­թին շուրջ ՄԱԿ-ի անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ առ­նուած ո­րո­շում­ներ կան։ Հա­յաս­տան այդ տե­ղե­րը պէտք է լքէ իր բուն տի­րոջ։ Այդ տե­ղե­րուն բուն տէ­րե­րը ա­զէ­րի­ներն են։ Ա­զէ­րի­ներն ալ պէտք է եր­թան հաս­տա­տուին այդ տե­ղե­րը։ Բռնագ­րա­ւու­մով ան­կա­րե­լի է հաս­նիլ ո­րե­ւէ տեղ»։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2016