ԱՒԵՏԻՍ ՈՒ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ
Օրը կը սկսի աւետիսով մը: Հեռաձայնը կը զնգայ, Տիկին Սաթիկ կը փութայ վերցնելու ընկալուչը: Կը սպասէր ան կարծես լուրի մը: Սիրտը կը բաբախէր անոր, գիշերը չէր ալ կրցած քնանալ, աչքերը թարթել. ինչե՜ր կ՚անցնին միտքէն Տիկին Սաթիկին մինչեւ ընկալուչին քով հասնիլը: Է՛, հապա, մեծ մայր պիտի ըլլայ: Իր անդրանիկը՝ Արեւը ամուսնացուցած էր տարի մը առաջ ու շուտով ալ յղացած, այս օրը որոշած էր բժիշկը անոր զաւկին ծնունդին համար: Տիկին Սաթիկ գիշերը լուսցուց աղօթելով ու բարին յուսալով:
Ժամացոյցին նայելով Սաթիկ կը վերցնէ ընկալուչը, ու.
-Այո՛, այո՛, ազատեցա՞ւ: Է, փառք Աստուծոյ, բարի զաւակ ըլլայ ու շուտով ոտքի ելլէ Արեւս. աչքդ լոյս, տղաս, հա՛յր եղար: Աստուծոյ շնորհքով մեծնայ մեր ձագուկը,- բարեմաղթութիւններով ու շնորհաւորանքներով կը խօսի զոքանչը փեսային հետ,- հա՛, հա՛ չեմ ուշանար, հիմա կու գամ, անհամբեր եմ արդէն ձեզ տեսնելու. բան մը կ՚ուզէ՞ք հետս բերեմ:
Ու ժպիտը դէմքին, արագ-արագ շարժումներով կը պատրաստուի Սաթիկ: Թոռը տեսնելու, գրկելու մարմաջը այնքան կ՚աճի իր մէջ, որ չի գիտեր ի՞նչ ընէ, ի՞նչպէս պատրաստուի: Երջանիկ է ան, այն աստիճան, որ չի զգար անքնութիւնը, յոգնութիւնն ու գիշերուան մտատանջութիւնը մոռցած է արդէն: Ան գիշերուընէ պատրաստած պայուսակը կը զննէ ու կը գոցէ, հեռաձայնով միւս աղջկան՝ Սուսանին ալ կը հաղորդէ աւետիսը ու կը թելադրէ, որ հիւանդանոց գացած ատեն իրեն հետ տանի նաեւ այս պայուսակը:
Դպրոցէն նոր արձակուած Սուսանին սիրտը կը թփռտայ, հոգին կը թռչկոտի, մօրաքոյր է արդէն: Հրճուանքէն ինքզինք կը գտնէ հիւանդանոցի դրան մօտ, ու մօտակայ ծաղկավաճառէն գեղեցիկ ու գունազարդ փունջ մը առած ներս կը մտնէ:
Կը բարձրանայ քրոջը հանգստացած սենեակը ու ներկաները շնորհաւորելէ ետք երկու քոյր որքա՜ն ուրախ կը գրկեն զիրար. Սուսանին ուրախութիւնը կ՚արտացոլար իր ամբողջ էութենէն:
Տասնեօթ տարեկան տաքարիւն աղջնակ մըն էր ան, սակայն այսօրուան հրճուանքը իր բերած փունջին նման գեղեցկացուցած էր զինք: Ահա մայրն ալ կու գայ ու նեղլիկ աշխարհէն դուրս եկած նորածինը կը շրջապատուի մտերիմներով ու հարազատներով:
Պահ մը անց Սուսան իր մօր թելադրանքով դուրս կ՚ելլէ, որպէսզի տունէն մօր պատրաստած պայուսակը բերէ: Ահա քեռայրը կը յառաջանայ ու կ՚առաջարկէ միասին երթալ, քանի Արեւն ալ իր տունէն կարգ մը բաներ կը պատուիրէ ամուսնոյն: Երկուքով կը մեկնին: Ինքնաշարժին մէջ շատ հաճելի ու զուարթ զրոյց մը կ՚ընթանայ անոնց միջեւ: Սուսանին քեռայրը պահ մը կը զննէ պատանիին տեսքը, կեանքով լի արտաքինը ու հրճուալից նայուածքները: Մօտէն կը տեսնէ այն ամէնը, ինչ նկատած է առ այսօր: Կը փափաքի զգալ զինք, աւելի մօտենալ, բայց ո՛չ, ո՛չ, անկարելի է այսպիսի ցանկութիւն մ՚ունենալ, կը մտածէ ինքնիրեն: Սակայն ներքուստ կ՚ալեկոծի ու աւելի ու աւելի կը տենչայ Սուսանին՝ անոր բերնէն արտասանուած իւրաքանչիւր հնչիւնէն ու զուարթ քահ-քահէն ետք: Ան միշտ ալ նկատած է Սուսանին գեղեցկութիւնը, միշտ ալ ունեցած է այս ցանկութիւնը, ահա առիթը ինքնստինքեան ներկայացաւ ու թերեւս ալ կարելի ըլլայ Սուսանը ձեռք ձգել:
Կը հասնին նախ Սուսանենց տունը, Սուսան կը բարձրանայ ու պայուսակը առած կ՚իջնէ, կը շարունակեն ուղին դէպի Արեւենց բնակարանը: Քեռայրը կ՚առաջարկէ միասին վեր բարձրանալ պատճառաբանելով, որ Արեւին ուզածները Սուսան աւելի լաւ կրնայ գիտնալ:
Աստիճաններուն վրայ քեռայրը դիւային նայուածքներով կը դիտէ Սուսանը, որ իր դէմէն կը բարձրանայ, որուն հետ նաեւ իր մէջ աստիճան-աստիճան կը բարձրանայ ցանկութիւն մը: Կը բանայ տան դուռը: Կը մտնեն ներս: Արեւին ապսպրածները ննջասենեակն են: Սուսան կը մտնէ ննջասենեակ, կը սկսի գզրոցներէն մէկիկ-մէկիկ ապրանքը հանել ու տեղաւորել մահճակալին վրայ: Ներս կը մտնէ քեռայրը: Կը մօտենայ ու օգնութեան ձեռք երկարողի մը դերին մէջ աւելի մօտէն կը դիտէ աղջկան շարժուձեւերը: Սուսանին երկար մազերուն բոյրը կը զգլխեն զինք: Շատ մօտ է ան իր փափաքին, այդպիսի դիրք մը առած կը կանգնի, որ երբ Սուսան շրջի՝ դէմքը իր դէմքին հանդիպի: Կուրցած է ան, ո՛չ կը մտածէ նոր ծնած մանուկին մասին, ո՛չ իր կատարելիք արարքին հետեւանքը կը սաստէ զինք, ո՛չ ալ Սուսանին վիրաւորուիլը հոգ կ՚ընէ...:
Սուսան կը դառնայ, նայուածքը կը բախի քեռայրին կրակ ցայտող աչքերուն: Կը զգայ անբնական բան մը, սակայն չ՚ուզեր հաւատալ իր իսկ զգացումներուն: Քեռայրը ձեռքը կը դնէ Սուսանին ուսին: Աղջկան կասկածները արդէն փարատած են: Ու ընդվզում մը կը յառաջանայ անոր ներսիդին, կը վառվռի ներքուստ, մեծ եղբօրը տեղ դրած ու յարգածը այս անպարկեշտ ա՞նձն է միթէ: Արդեօք իր ազատ շարժուձեւերուն պատճառո՞վ գոյացած է այս ցանկութիւնը քեռայրին մէջ: Երա՞զ մ՚է ապրածը, բայց ոչ, դէմն է քեռայրը, որուն «քեռայր» անուանել իսկ չ՚ուզեր ալ:
Ակնթարթներ կան, որոնք մարդուն հասունացում մը, աճում մը կը ներշնչեն: Երբեմն անոնք աննկատ կ՚անցնին ու ենթական ոչ մէկ ձեւով կ՚առընչուի անոնց հետ: Սակայն Սուսանին համար այս ակնթարթը, այս հարուածը խոր հիասթափութիւն մը կը յառաջացնէ, կատաղի դիմադրութեան ցանկութիւն մը, ինքնապաշտպանութեան մարտահրաւէր մը, որ երիտասարդութեան սեմին կանգնած այս աղջկան քաջութիւն կը ներշնչէ, հարուած մ՚է այո՛, սակայն միայն զօրեղ դիմադրողականութեամբ է, որ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել զայն, կը խորհի Սուսան հասուն երիտասարդուհիի մը պէս:
Քեռայրը Սուսանը զօրեղ ձեռքովը կը մղէ դէպի մահճակալը: Սուսան կ՚իյնայ անկողինին վրայ: Կ՚ընդվզի ամբողջ մարմնով, կը դիմադրէ քեռայրին հուժկու մարմինը, որուն շրթները կը հպին Սուսանին դէմքին: Իւրաքանչիւր հպում սակայն զօրութիւն մ՚ըլլայ կարծես, ան կարծես այս պահուն կը վերածուի գայլի յօշոտող երախներէն փրկուիլ ջանացող եղնիկի մը, կը շարունակէ Սուսան դէմ դնել քեռայրին շփումներուն..., ու ահա խորապէս վշտացած, կատաղի հարուածով մը կը կասեցնէ ան դէմինը, որ անակնկալի եկած ու ցաւած կը սթափի կարծես: Սուսան կը սպրդի անոր անբարոյ ձեռքերէն ու մէկ շունչով կը հասնի փողոց:
Այդ օրուընէ Սուսան այդ տունը ոտք չի կոխեր:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ