ԻՒՂԱՆԿԱՐԻ ՄԸ ԲԱՐԴ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՎ ԶՈՒԳՈՐԴՈՒԱԾ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին վերջին այցելութեան օրերուն Հայաստանէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուեցան կարգ մը պնդումներ, ըստ որոնց ան կը վաճառէ Պատրիարքարանի իւղաներկերէն մին։ Այս կապակցութեամբ փորձեցինք շօշափել իր տեսակէտը եւ ինքն ալ փափաքեցաւ, որ խնդիրը պարզուի ամենայն մանրամասնութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս հարցը ժառանգած էր ընդհանուր փոխանորդ դառնալով՝ յարմար դատեց, որ նոյն նիւթին մասին տեղեկութիւններ փոխանցեն նաեւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որոնք անցեալի մէջ Պատրիարքարանի Դիւանէն ներս վարած են պատասխանատու պաշտօններ, նաեւ տեղեակ են հարցի մանրամասնութիւններուն։ Հարկ է նշել, որ խնդրոյ առարկայ իւղաներկն է 2000-ական թուականներու սկիզբին Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանի անձնական հրահանգով Պատրիարքարանէն դուրս բերուած գործ մը, որու հեղինակն է նկարիչ Արամ Խաչատուրեան։
Արամ Խաչատուրեանի կողմէ ստեղծագործուած եպիսկոպոսի մը իւղաներկ դիմանկարը երկար տարիներէ ի վեր կը գտնուէր մեր Աթոռի հաւաքածոյին մէջ։ Այդ գործը կը պահուէր առանց շրջանակի։ Հեղինակը՝ Արամ Խաչատուրեան եղած էր գատըգիւղցի մը եւ Երուսաղէմի մէջ Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան աշակերտած էր իրեն։ Իւղանկարին ձախ վարի անկիւնը յստակ էր հեղինակին ստորագրութիւնը եւ ստեղծագործութեան թուականը՝ 1903։ Մաքուր եւ խնամուած վիճակի մէջ էր ան։ 2000-ական թուականներուն, երբ Գումգաբուի մէջ Պատրիարքարանը եւ Գնալը կղզիի մէջ Պատրիարքարանի ամարանոցը կը վերանորոգուէին, այդ գործը յայտնուած էր Գնալը կղզիի մէջ։ Արդարեւ, կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովուատունը Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին կողմէ վերածուած էր ընդունարանի մը եւ այդ ժամանակաւոր ընդունարանի կահաւորման ու յարդարման համար օգտագործուած էր այդ դիմանկարը։
Այդ իւղաներկին մէջ նկարուած եպիսկոպոսին ինքնութիւնը խորքին մէջ յայտնի չէր։ Այդ գործը տեղ գտած է նաեւ Կարօ Քիւրքմանի կողմէ հրատարակուած, 2004-ին լոյս տեսած՝ հայ նկարիչներու եւ նկարչութեան վերաբերեալ ծանօթ գործին մէջ։ Պարզ է, որ Կարօ Քիւրքման երկար աշխատանքէ մը վերջ պատրաստած էր այդ գիրքը։ Քիւրքմանի գիրքին մէջ Պատրիարքարանի հաւաքածոյի այդ իւղանկարը մէջբերուած էր։ Որպէս բացատրութիւն՝ կցուած էր հանգուցեալ Գէորգ Բամպուքճեանի կողմէ իրեն փոխանցուած բացատրութիւնը, թէ այդ մէկը Սարգիս Եպսկ. Տէր-Սարգիսեանն էր։ Նկատի ունենալով, որ Գէորգ Բամպուքճեան 1997-ին մահացած է, Կարօ Քիւրքման ապահովաբար այդ թուականէն առաջ իրմէ ստացած էր այդ տեղեկութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան կը բացառեն հանգուցեալ Բամպուքճեանի այդ վարկածը, որովհետեւ 1903-ին, երբ Արամ Խաչատուրեան սոյն դիմանկարը նկարած է՝ ենթական տակաւին եպիսկոպոս չէր ձեռնադրուած։
Ըստ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կողմէ փոխանցուած մանրամասնութիւններուն, Գումգաբուի վերանորոգութիւններուն վերջաւորութեան, երբ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան գործնականապէս ու վերջնականօրէն վերադարձած էր Պատրիարքարան, օր մը հրահանգեց՝ որպէսզի Արամ Խաչատուրեանի այդ իւղանկարը բերուի Գնալըէն Գումգաբու։ Մութաֆեան Պատրիարք յայտնած էր, որ այդ դիմանկարի վեղարը ունէր տպաւորիչ ու պատկառելի տեսք մը։ Ինք կը պատրաստուէր պատ-ւիրել երանաշնորհ Կոլոտ Պատրիարքի իւղաներկ դիմանկարի մը գծուիլը։ Փափաքած էր, որ Կոլոտի դիմանկարի պարագային վեղարը նմանէր Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործածին։ Ըստ իրենց, Մութաֆեան Պատրիարքի հրահանգով այդ իւղանկարը դուրս բերուած էր Պատրիարքարանէն։ Իրենք զայն յանձնած էին Մութաֆեան Պատրիարքի վարորդին՝ Յովհաննէս Պայրամին, որ Պաքըրգիւղի մէջ տեղ մը տարած էր այդ գործը։ Բնականաբար, Յովհաննէս Պայրամ այսօր չի յիշեր այդ հասցէն։ Մեր զրուցակիցները դիտել տուին, որ այդ ժամանակ Մութաֆեան Պատրիարք տուած էր այն բացատրութիւնը, թէ Հայաստանէն եկած նկարիչ մը քաղաքիս մէջ, Պաքըրգիւղի մէջ, պիտի կրկնօրինակէր այդ իւղանկարի մանաւանդ վեղարը։ Սոյն պատուէրին միջնորդած էր մեր ազգայիններէն Մաժակ Օհանեան Չաքըր, որ այդ շրջանին անձնական գործի բերումով պարբերաբար կը ճամբորդէր դէպի Երեւան։ Այս կէտին վրայ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աւելցուց, որ ինք կապ հաստատած է Մաժակ Օհանեան Չաքըրին հետ, սակայն դժբախտաբար այսօր ան եւս չի յիշեր այդ շրջանի մանրամասնութիւնները։
Այս իրադարձութիւններէն որոշ ժամանակ անց Պատրիարքարան այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիծնի հանգուցեալ միաբաններէն Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեան։ Ան Գումգաբուի մէջ յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ վաճառքի հանուած է եպիսկոպոսի մը իւղաներկ դիմանկարը՝ Պոլիսէն ու կը պնդուի, որ հեղինակն է աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի։ Իր փոխանցած տեղեկութիւններով, պնդուած էր նաեւ, թէ այդ դիմանկարին մէջ կ՚երեւի Յովհաննէս Այվազովսքիի եղբայրը՝ հոգելոյս Տ. Գաբրիէլ Եպսկ. Այվազովսքի։ Տեղեակ ըլլալով այս պարագային՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան անմիջապէս Կարօ Քիւրքմանի գիրքէն խնդրոյ առարկայ նկարը ցոյց կու տայ Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանին, որ կը հաստատէ, թէ Հայաստանի մէջ վաճառքի դրուածը այդ իսկ մէկն է, սակայն արձանագրութիւնը սրբուած կամ նենգափոխուած։ Նկատի ունենալով, որ նկարը 1903 թուականին ստեղծագործուած է, իսկ Յովհաննէս Այվազովսքի մահացած՝ 1900 թուականին, արդէն ինքնաբերաբար հեղինակի վերաբերեալ ապատեղեկատուութիւնը կը դառնայ պարզ։ Ընթացքին յայտնի կը դառնայ նաեւ, որ Պատրիարքարանէն առանց շրջանակի դուրս բերուած այդ իւղանկարը Հայաստանի մէջ յայտնուած է շրջանակով մը։ Գործը շրջանակի մէջ առնելու պատճառը կրնայ ըլլալ՝ վաճառքի ժամանակ սրբուած կամ նենգափոխուած ստորագրութեան բաժինը հնարաւորինս ծածկելու մտադրութիւնով։ Այս ապատեղեկատուութիւնը միեւնոյն ժամանակ գայթակղեցուցիչ հաւանականութեան մը կասկածը կը յարուցէ այդ զրոյցի մասնակիցներուն մօտ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեան կը պահանջէ, որ Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեան տայ պաշտօնական լիազօրագիր մը՝ որպէսզի ինք Հայաստանի մէջ զբաղի այս հարցով եւ այդ իւղանկարը վերադարձուի բուն տիրոջ՝ Պոլսոյ Պատրիարքարանին։ Բայց եւ այնպէս, Մութաֆեան Պատրիարք այդպէս ալ այդ լիազօրագիրը չէ տուած Տ. Ներսէս Արք. Պոզապալեանին։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան այսօր յանգած են այն համոզման, որ սա Մութաֆեան Պատրիարքի հիւանդութեան սկզբնական շրջանն էր, տակաւին այդ հիւանդութիւնը նոյնիսկ ախտաճանաչուած չէր, հաւանաբար այդ պայմաններուն ներքեւ պատրիարքը չէր կրցած դատել վիճակը։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս բոլորին վերահասու դարձած է ընդհանուր փոխանորդ ըլլալէ վերջ։ Երկու կամ երեք տարի առաջ, Ատանայի մէջ բնակող իր ազգականներէն մին իրեն փոխանցած է Հայաստանէն հասած ելեկտրոնիկ նամակ մը։ Սա եղած է Հայաստանէն ուղարկուած իւղաներկի մը վաճառքի առաջարկին շուրջ նամակ մը։ Նորին Սրբազնութեան ազգականը, որ իր մէկ ծանօթէն ստացած է այդ նամակը, զայն փոխանցած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին՝ հաշուի առնելով, որ նկարին վրայ կ՚երեւի եկեղեցական մը։ Երբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը տեսնէ այդ գործի լուսանկարը, Պատրիարքարանէ ներս կատարուած խորհրդակցութիւնով մը անմիջապէս յայտնի կը դառնայ, որ սա Գումգաբուի հաւաքածոյէն կորսուած գործն է։ Նկատի ունենալով, որ առաջարկ-նամակին մէջ իւղանկարի «նոր» տիրոջ տուեալները կը գտնուէին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այդ բոլորը կը պահէ եւ իր յաջորդ Հայաստան այցելութեան օրերուն կապ կը հաստատէ այդ անձնաւորութեան հետ։ Նկարին «նոր» տէրը ժամադրութեան կը փութայ՝ առանց հետը բերած ըլլալու այդ գործը։ Ան կ՚ունենայ այդ «խելացութիւնը», որովհետեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արդէն ընթացքին ոստիկանութեան ալ կը դիմէ՝ պահանջելով, որ մեր Աթոռէն գողցուած գործը տեղւոյն վրայ առգրաւուի ու վերադարձուի Պատրիարքարանին։ Սակայն երբ նկարին «նոր» տէրը կը փութայ առանց գործը հետը տանելու, այդ ծրագիրը կը ձախողի։ Նորին Սրբազնութիւնը իրեն կը բացատրէ, որ այդ իւղանկարը կը պատկանի Պոլսոյ Պատրիարքութեան։ Նկարին նոր տէրը ընդվզում կ՚արտայայտէ ու կ՚աւելցնէ, որ իր մօտ այդօրինակ մէկէ աւելի գործեր կը գտնուին, բոլորին ալ հեղինակը Յովհաննէս Այվազովսքին է եւ այդ իւղանկարը կապ չունի Պոլսոյ Պատրիարքարանին հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը փափաք կը յայտնէ՝ համոզուելու համար տեսնել միւս նմանատիպ նկարները։ Բայց եւ այնպէս, նկարին «նոր» տէրը երբեք չէ կրցած ցոյց տալ այդ գործերը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ եթէ այդ նկարը մէ՛կ հատ է, ապա անպայման կը պատկանի մեր Պատրիարքարանին։ Իսկ մէկէ աւելի ըլլալու հաւանականութիւնը շատ տկար է, որովհետեւ գործին «նոր» տէրը մերժած է զանոնք ցոյց տալ, ինչ որ անկեղծութեան փորձաքար մըն էր։ Մնաց որ, արդէն պարզ է, թէ Յովհաննէս Այվազովսքի շատ սահմանափակ թիւով դիմանկարներ ստեղծագործած է եւ անոնցմէ մին է նաեւ ինքնադիմանկարը։
Այս պայմաններուն ներքեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան դիմած է նաեւ Հայաստանի ոստիկանութեան։ Ընթացքին յայտնի դարձած են նաեւ ուրիշ մանրամասնութիւններ։ Իրեն հասած են լուրեր, ըստ որոնց այդ գործը ուղարկուած է Ռուսաստան, ուր վաճառքի հանուած է կէս միլիոն եւրոյով՝ որպէս Այվազովսքիի ստեղծագործութիւն։ Նորին Սրբազնութիւնը տեսած է նաեւ Հայաստանի մէջ նկարի «նոր» տիրոջ նախաձեռնութեամբ ռուսերէնով պատրաստուած մասնագիտական տեղեկագիր-եզրակացութիւն մը, որ կը հաստատէ, թէ այդ գործը Յովհաննէս Այվազովսքիի ստեղծագործութիւնն է։ Հայաստանի ոստիկանութիւնը, որու ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնատարներուն հետ կապի մէջ անցած է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, խոստացած է Ռուսաստանի մէջ ընել միջամտութիւններ ու ճշդել, թէ որո՞ւ ստեղծագործութիւնն է այդ գործը։ Այդ սպասումը տակաւին կը շարունակուի, հետեւաբար վերջնական արդիւնք մը ունենալու գործընթացն ալ ակամայ կ՚երկարի։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս պայմաններուն ներքեւ դառնութիւն կը յայտնէ սոյն անհիմն պնդումներուն եւ զրպարտութիւններուն դէմ։ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանն ալ ցաւ կը յայտնեն սոյն ցեխարձակումներուն նկատմամբ։ Անոնք համոզուած են, թէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին վերագրուած այդ պնդումները իսկապէս անհեթեթ են, որովհետեւ բոլորին ծանօթ է, թէ Նորին Սրբազնութիւնը որքան հետեւողական ու նախանձախնդիր աշխատանք ծաւալած է երկար տարիներէ ի վեր՝ Պատրիարքարանի հաւաքածոն ճոխացնելու ու կատարելագործելու համար։ Այդ ամբողջ գործունէութեան շօշափելի փաստը կը համարուի Պատրիարքարանի այսօրուան թանգարանը։