ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Ինչպէս ծանօթ է, Սուրիոյ Էլ Պապ քաղաքին մօտ նախընթաց օր նահատակուեցան թուրք զինուորներ, որոնք «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն շրջագծով կը գտունէին այնտեղ։ Տեղական մամուլը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակին թիրախը դարձած էին անոնք։ Այս իրադարձութիւնով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ Էրտողանի եւ Փութինի երէկուան հեռախօսազրոյցը։
«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կանգ առին թէ՛ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ թէ տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ, Սուրիոյ գլխաւորութեամբ։ Անոնք համակարծիք գտնուեցան, որպէսզի թափ տան Հալէպի առկայ մարդասիրական ճգնաժամի լուծում մը գտնելու ուղղեալ ջանքերուն։ Էրտողան եւ Փութին Էլ Պապի մօտակայքին նահատակուած թուրք զինուորներու խնդրին շուրջ փոխանակեցին թէ՛ կարծիքներ եւ թէ իրենց տեղեկութիւնները։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան շեշտեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները կ՚ա-պացուցանեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շուրջ Թուրքիոյ վճռակամութիւնը։ Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը։
Հեռախօսազրոյցին ընթացքին երկու ղեկավարները վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ խրախուսելու համար Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Անոնք համոզուած են բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւնները առաւել եւս ամրապնդելու մասին։ Այս ամբողջին մէջ կարեւորուեցան մօտալուտ բարձր մակարդակի շփումները։ Արդարեւ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յառաջիկայ Դեկտեմբերի 6-ին այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա։ 2017 թուականի առաջին կէսին ալ նախատեսուած է Թուրքիա-Ռուսաստան Բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդին ժողովը։
Բաց աստի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովն ալ արդէն յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի այցելէ Թուրքիա։ Դեկտեմբերի 1-ին Ալանիայի մէջ ան պիտի մասնակցի Թուրքիա-Ռուսաստան Համատեղ ռազմավարական ծրագրաւորման խմբակի ժողովին։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի գլխաւորութեամբ այդ ժողովին մասնակցելիք թրքական պատուիրակութեան հետ Լաւրով բանակցութիւններ պիտի վարէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ։ Պիտի շօշափուին նաեւ տարածքաշրջանային խնդիրներ եւ միջազգային օրակարգի հրատապ նիւթեր։
Լաւրովի Ալանիա կատարելիք այցելութեան ընդառաջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքերով, երկու երկիրներուն միջեւ ծագած ռազմաօդանաւի տագնապին վրայէն անցած է տարի մը եւ այս ընթացքին թրքական կողմը քաղած է անհրաժեշտ դասերը, ըրած՝ անհրաժեշտ հետեւութիւնները։ «Թէեւ ռուսական կողմին մօտ փափաք գոյութիւն ունի երկկողմանի յարաբերութիւնները նախկին ձեւին վերադարձնելու համար, սակայն այս բանը ժամանակի կը կարօտի։ Արդարեւ քանիցս ըսած ենք, որ շատ դիւրին է խանգարել յարաբերութիւնները, սակայն դժուար՝ անոնց վերականգնումը», ըսաւ ռուս բանբերը։