ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏՆԵՐԸ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցին շարք մը այ­ցե­լու­թիւն­ներ ու պտոյտ­ներ։ Ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րուն հսկո­ղու­թեամբ, այս ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը տղոց հա­մար դար­ձան թէ՛ օգ­տա­կար եւ թէ հա­ճե­լի։

Պա­քըր­գիւ­ղի «Եու­նուս Էմ­րէ» սրա­հին մէջ խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ միաս­նա­բար հե­տե­ւե­ցան «Kö­şe Bucak İstanbul» թա­տե­րա­կան ներ­կա­յաց­ման։ Բաց աս­տի, ա­շա­կերտ­նե­րը այ­ցե­լե­ցին Եր­թե­ւե­կու­թեան ճե­մա­պար­տէ­զը եւ TÜYAP-ի Պէյ­լիք­տիւ­զի­ւի հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած Իս­թան­պու­լի գրքի տօ­նա­վա­ճա­ռը։ «Քոչ» հա­մալ­սա­րա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գոր­ծող ա­ռող­ջա­պա­հա­կան գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն մըն ալ այ­ցե­լե­ցին տղաքը, ուր ի­րենց փո­խան­ցուե­ցան զա­նա­զան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ եւ ա­նոնք այդ բո­լո­րը լսե­ցին մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ։ Սրտի, երակներու վերա­բերեալ գործողու­թիւն­նե­րուն մանրամասնու­թիւն­ները մագնիսա­ցու­ցին ու­շադրութիւնը ա­շա­կերտ­ներուն, որոնք մաս­նագէտներուն ուղղե­­­ցին նաեւ զանազան հար­ցում­ներ։

 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016