ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՈԳԵԿՈՉԵՑ ՈՒՆՃԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ

Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, շա­բա­թա­վեր­ջին, Ս. Պա­տա­րա­գի մա­տուց­մամբ կա­տա­րուած հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօ­նով յի­շա­տա­կուե­ցան ազ­գա­յին հան­րա­ծա­նօթ բա­րե­րար­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց հան­դի­սա­պե­տեց ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, իսկ Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց  ե­կե­ղե­ցոյ ե­րէց Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Սուրբ Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին՝ Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան, Մու­րատ Կսրկ. Կոս­տա­նեան, Ու­րա­րա­կիր Դպիր­ներ Զա­րեհ Ա­զա­րեան եւ Ա­րեգ Թաշ­ճեան։ Ս. Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­ցին Ս. Թա­գա­ւոր Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի երկ­սեռ ան­դամ­նե­րը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ  Սե­ւան Շէն­ճա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Ար­տէն Գա­րի­պեա­նի։

Ա­րա­րո­ղու­թեանց ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Ուն­ճեան ըն­տա­նի­քի շա­ռա­ւի­ղէն Խա­չիկ-Սա­թի Ման­կա­սա­րեան ա­մո­լը, Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սար­վէն Սէրթ­շիմ­շէք, ինչ­պէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թե­նէն եւ Գալ­ֆա­եան Տան խնա­մա­կա­լու­թե­նէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ա­շա­կերտ­ներ։

Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քէն ա­ռաջ Հայր Սուր­բը քա­րո­զեց «Նոյնն է պա­րա­գան բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք միայն ի­րենց ան­ձե­րուն հա­մար հարս­տու­թիւն կը դի­զեն, փո­խա­նակ Աս­տու­ծոյ աչ­քին հարս­տա­նա­լու» (Ղուկ.12.21) բնա­բա­նով։ Նախ­քան իր խօս­քե­րը, գո­հու­թիւն եւ փառք տուաւ Աս­տու­ծոյ դէ­պի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին կա­տա­րուած պտղա­բեր այ­ցե­լու­թեան հա­մար։ Այս առ­թիւ, ան յայտ­նեց, թէ «Գա­տը­գիւ­ղի յու­շա­մա­տեա­նը» հա­սած էր Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը եւ յանձ­նուած՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին։ Հայր Սուր­բը փո­խան­ցեց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը թա­ղի հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։ Ա­պա, «Ան­միտ հա­րուս­տ­»ին ա­ռա­կը յի­շեց­նե­լով, փո­խան­ցեց օ­րուան հո­գե­ւոր ու բա­րո­յա­կան պատ­գա­մը, ը­սե­լով.

«Ծա­կաչ­քու­թիւ­նը մե­ծա­գոյն թշնա­մին է մար­դուն եւ հե­ռու կը պա­հէ ան­ձե­րը Աս­տու­ծոյ ա­ռաջ­նոր­դու­թե­նէն։ Ան­ձեր գի­տեն, թէ կեան­քի վախ­ճա­նը ան­կախ է ի­րենց կամ­քէն, բայց եր­բեմն կը վա­րուին այն­պէս, թէ կեան­քը վախ­ճան մը չու­նի եր­բեք։ Նման ա­րար­քը վնա­սա­կար կը դառ­նայ, երբ մար­մի­նը կը կեդ­րո­նաց­նենք ու ծա­կաչ­քու­թեամբ միշտ ա՛լ ա­ւե­լիին կը ցան­կանք։ Բո­լոր կռիւ­նե­րու եւ նե­ղու­թիւն­նե­րու աղ­բիւրն է ան։ Մինչ, Տէր Յի­սուս Քրիս­տոս կը վստա­հեց­նէ, թէ Աս­տուած կը հո­գայ զմեզ եւ կը հա­տու­ցա­նէ մեր կա­րիք­նե­րը։ Մեր կա­րիք­նե­րը պէտք է լաւ կշռենք ու մե­զի տրուած շնորհ­նե­րէն ու­րիշ­նե­րուն եւս բա­ժին յատ­կաց­նենք։ Իսկ գո­յու­թիւն ու­նի պա­րա­գայ մը, ո­րուն մէջ ծա­կաչք եւ փա­փա­քող ըլ­լա­լը կը դառ­նայ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ։ Երբ Աս­տու­ծոյ փառ­քին հա­մար, ծա­ռա­յու­թեան դաշ­տին մէջ միշտ ա՛լ ա­ւե­լիին ցան­կանք, այդ կ՚օրհ-նըւի նաեւ նոյ­նինքն Աս­տուծ­մէ։ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թիւ­նը ա­պա­հո­վելն ու սպա­սար­կող­նե­րու բարձր քա­նա­կը տես­նե­լու յոյսն է այս մէ­կը։ Ըստ կա­րել­ւոյն, միշտ ա՛լ ա­ւե­լին կը պա­հան­ջէ  ե­կե­ղե­ցին։ Ե­թէ կա­րե­լի է, ցան­կա­լով ու նոյն շրջա­գի­ծով աշ­խա­տե­լու ծա­կաչ­քու­թեամբ, որ ուղ­ղա­կիօ­րէն կը ծա­ռա­յէ Աս­տու­ծոյ փառ­քին։

«Այս­պէս ե­ղան նաեւ Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րը։ Ա­նոնք, փո­խա­նակ ա­ւե­լի մեծ շտե­մա­րան­ներ կա­ռու­ցա­նե­լու բա­ժին յատ­կա­ցու­ցին Աս­տու­ծոյ եւ ժո­ղո­վուր­դին։ Ո՛չ միայն Գա­տը­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ եւ վար­ժա­րա­նին բա­րե­րար­նե­րը ե­ղան, այլ՝ հա­մայն հա­յու­թեան։  Օ­րուան Ս. Գրա­յին ըն­թեր­ցա­նու­թեան ուղ­ղու­թեամբ լաւ օ­րի­նակ­ներ դար­ձան ի­րենց մեր­ձե­ցու­մո­վ»։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանս­տեան պաշ­տօն Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րու հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան ի յի­շա­տակ հան­գու­ցեալ ազ­գա­յին­ներ՝ Ա­բիկ եւ Մա­թուս Ուն­ճեան հա­րա­զատ­նե­րու։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2016