ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լիք յայ­տա­րա­րեց, որ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին Թուր­քիա միշտ ե­ղած է Եւ­րո­պա­յի ուժ մը։

Էօ­մէր Չե­լիք վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Պրիւք­սել, ուր Ան­գա­րա­յի կող­մէ փո­խան­ցեց յստակ պատ­գամ­ներ։ Ծա­նօթ է, որ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նը բո­լո­րո­վին վեր­ջերս ըն­դուած է ո­րո­շում մը՝ Թուր­քիոյ հետ ան­դա­մակ­ցու­թեան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր ձե­ւով դադ­րեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Թէեւ ի­րա­ւա­կան ա­ռու­մով պար­տա­դիր ուժ մը չու­նի այդ ո­րո­շու­մը, սա­կայն ե­կած է ամ­րապն­դել Թուր­քիա-ԵՄ ա­ռանց­քին վրայ առ­կայ ցրտու­թիւ­նը, որ ստեղ-ծըւած է մի­ջո­ցէ մը ի վեր։ Այդ ո­րո­շու­մէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Ան­գա­րա­յէն բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար մը Պրիւք­սե­լի մէջ խօ­սե­ցաւ Թուր­քիա-ԵՄ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։ Այս հան­գա­ման­քը բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն վե­րագ­րեց Էօ­մէր Չե­լի­քի ե­լոյ­թին՝ մա­նա­ւանդ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի մօ­տա­լուտ գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­դա­ռաջ։

Նա­խա­րար Չե­լիք Պրիւք­սե­լի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Թուր­քիա-ԵՄ քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան հան­դի­պում­ներ»ուն երկ­րոր­դին, ո­րու շրջագ­ծով խօսք ուղ­ղեց թրքա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին զանգուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։ Ան ը­սաւ, որ Պրիւք­սե­լէն վերջ եւս չորս եւ­րո­պա­կան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու մէջ պի­տի ու­նե­նայ հան­դի­պում­ներ, ո­րոնք հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռեն լրագ­րող­նե­րու, գոր­ծա­րար­նե­րու, ա­կա­դե­մա­կան­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հան­դիպ­ման։

Մեկ­նա­բա­նե­լով Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի վեր­ջին ո­րո­շու­մը՝ Էօ­մէր Չե­լիք յայտ­նեց, որ այդ մէ­կը զուրկ է տես­լա­կա­նէ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա եւ ԵՄ պէտք է խօ­սին ի­րա­րու հետ, այլ ոչ թէ ի­րա­րու մա­սին։

«Թուր­քիա պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ե­ղած է եւ­րո­պա­կան պե­տու­թիւն մը ու հա­րիւր տա­րիէ ի վեր ալ բազ­մա­թիւ բա­րե­փո­խում­նե­րով Թուր­քիա կը դա­սուի եւ­րո­պա­կան ա­մուր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն մը», ը­սաւ Չե­լիք։

Իր ե­լոյ­թին մէջ նա­խա­րա­րը ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նեց Եւ­րո­պա­յէ ներս թափ ստա­ցած օ­տա­րա­տեա­ցու­թեան եւ իս­լա­մա­տեա­ցու­թեան շուրջ, խօ­սե­ցաւ նաեւ Թուր­քիոյ մէջ ա­պաս­տած գտած գաղ­թա­կան­նե­րուն մա­սին։ Ըստ ի­րեն, սե­փա­կան անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման եւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Թուր­քիա ար­տա­կարգ դրու­թիւն հռչա­կած է՝ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար իր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը։ «Մեր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան տե­սա­կէ­տէ կ՚անց­նինք դժուար շրջա­նէ մը ու մենք պի­տի պաշտ­պա­նենք մեր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ընդգ­ծեց ի­րա­ւա­կան պե­տու­թեան նկատ­մամբ ըն­ծա­յուած կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Պրիւք­սե­լի մէջ Չե­լիք շեշ­տեց նաեւ, որ ներ­կա­յիս գաղ­թա­կա­նաց տագ­նա­պի, ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի նման նիւ­թե­րու շուրջ Թուր­քիոյ եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ա­ւե­լի խտա­նան, ա­ւե­լի ա­մուր կա­մուրջ­ներ պէտք է կա­ռու­ցուին ու պէտք է զար­գա­ցուին ա­ւե­լի լուր, խոր­քա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։

ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԵՆՔ ՓԱԿԱԾ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԲԱԶՈՒՄ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ ՈՒՆԻ ԻՐ ԱՌՋԵՒ»

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա տա­կա­ւին չէ փա­կած Եւ­րո­միու­թեան թղթած­րա­րը։ «Թուր­քիոյ առ­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին բա­զում այ­լընտ­րանք­ներ, ո­րոնց­մէ մին ար­ժե­ւո­րե­լով պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր ճա­նա­պար­հը», ը­սաւ ան։

Իս­թան­պու­լի մէջ ե­րէկ կազ­մա­կեր­պուած Վոս­փո­րի Է. գա­գա­թա­ժո­ղո­վին առ­թիւ ու­նե­ցած ե­լոյ­թին մէջ Էր­տո­ղան խօ­սե­ցաւ Թուր­քիա-Եւ­րո­միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ըստ ի­րեն, Թուր­քիա եր­բեք տե­ղի պի­տի չտայ գա­ղա­փա­րա­խօ­սա­կան պար­տադ­րանք­նե­րու։ Ար­դա­րեւ, եր­կի­րը այս պա­հուն իր իսկ մի­ջոց­նե­րով, իր դրա­մագ­լու­խով ա­պաս­տան տուած է ե­րեք մի­լիոն գաղ­թա­կա­նի եւ այս ա­ռու­մով ա­մէն ինչ բա­ցա­յայտ է։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը մեկ­նաբ­փա­նեց նաեւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի վեր­ջին ո­րո­շու­մը՝ յայտ­նե­լով, որ սա ար­դէն տա­րի­նե­րէ ի վեր առ­կայ ի­րո­ղու­թեան մը վե­րա­հաս­տա­տումն է նոյ­նինքն ի­րենց կող­մէ։ «Ան­շուշտ մե­զի ցաւ պատ­ճա­ռած է՝ Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ Թուր­քիոյ այս ձե­ւով նա­խա­տուի­լը», ը­սաւ Էր­տո­ղան ու շեշ­տեց, որ այս պա­հուն թրքա­կան կող­մը տա­կա­ւին Եւ­րո­միու­թեան թղթած­րա­րը չէ փա­կած։ «Մեր առ­ջեւ պար­զուած հա­մայ­նա­պատ­կե­րը ա­ռայժմ թոյլ չի տար, որ այս նիւ­թին շուրջ լա­ւա­տես սպա­սում­նե­րու մէջ ըլ­լանք։ Բայց եւ այն­պէս, թող ոե­ւէ մէ­կը չմոռ­նայ, որ Թուր­քիա բա­զում այ­լընտ­րանք­ներ ու­նի իր առ­ջեւ եւ ա­նոնց­մէ մին ար­ժե­ւո­րե­լով կը շա­րու­նա­կենք մեր ճա­նա­պար­հը։ Ճիշդ չեմ հա­մա­րեր այս­տեղ ար­տա­յայ­տե­լը, բայց մենք ան­շուշտ այդ այ­լընտ­րանք­նե­րուն հետ կը տե­ւա­կա­նաց­նենք մեր շփու­մը», ը­սաւ ան։

Էր­տո­ղան կիպ­րա­կան հիմ­նախնդ­րին շուրջ ալ խօ­սե­ցաւ եւ ա­ւել­ցուց, թէ մին­չեւ տա­րե­վերջ պէտք է հաս­նիլ ո­րոշ կէ­տի մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2016