ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Պատմաբանասէր, հայագէտ ու սփիւռքագէտ Արծուի Բախչինեան վերջերս հրատարակեց գիրք մը, որ կը կոչուի «Հայերը համաշխարհային պարարուեստի մէջ»։ Սկսեալ 19-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը՝ այս գիրքին մէջ ներկայացուած են աշխարհի աւելի քան 40 երկիրներէ շուրջ 750 հայ պարող կամ պարուհիներ, պարադիրներ եւ պարուսոյցներ։ Գիրքը կը բովանդակէ անոնց արուեստի զանազան ոճերուն կատարած ազդեցութիւնները։
Արծուի Բախչինեան այս ծաւալուն ուսումնասիրութեան մէջ տեղ տուած է նաեւ թրքահայ արուեստագէտներու, որոնք ունին անանտեսելի վաստակ մը։
19-րդ դարու քէօչէկներէն հայազգի քէօչէկ Աֆէթը, 19-րդ դարէն զեննէ Գէորգը, 1870-ական թուականներու յայտնի պարուհիներէն Շամիրամը, նոյն շրջանին երգով ու պարով հանդէս եկած դերասանուհիներէն Մինիոն Վերժինը, Քիւչիւք Շամիրամը, Նուարդը, Քիւչիւք Փերուզը, Թերեզան, Քիւչիւք Թերեզան, Լուցիքան, Անգինը եւ տակաւին ուրիշներ կը տողանցեն այս գործին մէջ։
Թրքահայ արուեստագէտներու շարքին մասնաւոր բաժին մը յատկացուած է Թոթօ Քարաճային (Իրմա Ֆելեքեան) որ 1926-1929 թուականներուն բեղուն աշխատանք տարած է պարի բնագաւառէն ներս։
Գիրքի տեւողութեան Արծուի Բախչինեան տեղ տուած է նաեւ արդի թրքահայ պարող-պարուհիներուն. օրինակ՝ Դալար Ասլանեան-Մարկոսեան, Սենտի Զուրիքօղլու-Էրտողան, Լեւոն Թապէրեան, Նաթալին Պոզ-Եըլմազ, Թալին Պիւյիւքքիւրքճեան, Մարալ Ճերանօղլու, Միհրան Թովմասեան եւ այլք։ Անդրադարձ կատարուած է նաեւ անուններէն ոմանց կողմէ հիմնուած պարախումբերուն։
Արծուի Բախչինեան Հայաստանի մտաւորականութեան կարկառուն դէմքերէն մին է, կը դասուի իր սերունդի եզակի ներկայացուցիչներու շարքին։ Սփիւռքի վերաբերեալ ան ունի լայն ծանօթութիւն եւ ի վիճակի է արտադրելու, ստեղծելու նաեւ արեւմտահայերէնով։ Ան բազմակողմանիօրէն կը տիրապետէ գեղարուեստի բնագաւառին։